Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ֆրանչիսկոս Պապը Նամակ Յղած Է Սուրիոյ Նախագահին

Յուլիս 23, 2019
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Ֆրանչիսկոս պապը Սուրիոյ նախագահ Պաշշար Ասատին յղած է նամակ մը, որուն մէջ խոր մտահոգութիւն յայտնած է երկրին մէջ տիրող մարդասիրական իրավիճակին նկատմամբ: Այս մասին կը հաղորդէ «ՌԻԱ Նովոսթի»-ն` յղում կատարելով Վատիկանի մամլոյ քարտուղար Մաթէօ Պրունիի հրապարակած հաղորդագրութեան:

«Անոր (Ասատին) ուղղուած նամակին մէջ Նորին Սրբութիւն Ֆրանչիսկոս պապը խոր մտահոգութիւն կը յայտնէ Սուրիոյ մէջ տիրող մարդասիրական իրավիճակին առնչութեամբ` յատուկ նշելով Իտլիպի մէջ քաղաքային բնակչութեան ծայրահեղ պայմանները», յայտարարած է Պրունի:

Խօսելով պապի` Ասատին յղած նամակին մասին, Վատիկանի արտաքին գործոց նախարար, կարտինալ Փիեթրօ Փարոլի ընդգծած է, որ սրբազան քահանայապետը տագնապով եւ ցաւով կը հետեւի Սուրիոյ մէջ շարունակուող զինուորական գործողութիւններուն, որոնք ողբերգական հետեւանքներ կ՛ունենան քաղաքային ամբողջ  բնակչութեան եւ մասնաւորաբար երեխաներու համար:

Հաղորդագրութեան մէջ նշուած է, որ Ֆրանչիսկոս պապը իր նամակին մէջ դարձեալ կոչ կ՛ուղղէ պաշտպանելու քաղաքային անձերու կեանքը եւ պահպանելու դպրոցներու, հիւանդանոցներու եւ բժշկական հաստատութիւններու աշխատանքը:

«Այն, ինչ որ տեղի կ՛ունենայ, իսկապէս անմարդկային է, եւ ատոր հետ կարելի չէ համաձայնիլ: Սուրբ հայրը նախագահէն կը խնդրէ ընել կարելի ամէն բան, որպէսզի կանգնեցնէ մարդասիրական այդ աղէտը եւ պաշտպանէ անզէն բնակչութիւնը», կը նշէ Փարոլին:

Նախորդը

Աքշեներ Խօսած Է Թուրքիոյ Մէջ Գործող Կառավարման Համակարգին Եւ Հիմնադրուելիք Նոր Կուսակցութեան Մասին

Յաջորդը

Զելենսքի Փութինի Հետ Փոխըմբռնումի Հասնելու Յոյս Յայտնած Է

RelatedPosts

Թրամփ-Ճինփինկ Համաձայնութիւն
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ-Ճինփինկ Համաձայնութիւն

Հոկտեմբեր 31, 2025
Ըստ «Փոլիթիքօ»-ի.  Եւրոպական Միութիւնը Կ՛ուզէ Պատժել Օրպանը` Պոյքոթի Ենթարկելով Հունգարիոյ Արտաքին Քաղաքական Վեհաժողովը
Գլխաւոր լուրեր

Ըստ «Ռիա Նովոսթի»-ի. Օրպան 7 Նոյեմբերին Հանդիպում Պիտի Ունենայ Թրամփի Հետ` Ռուս-Ամերիկեան Վեհաժողովի Պատրաստութեան Համար

Հոկտեմբեր 31, 2025
Քրեմլին. «ՀԱՊԿ»-ի Անդամակցութեան  Շարունակութիւնը Հայաստանի Շահերէն Կը Բխի»
Միջազգային

Քրեմլին. «Միացեալ Նահանգներու Հետ Երկխօսութիւնը Անելի Չէ Մատնուած»

Հոկտեմբեր 31, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?