Միացեալ Նահանգներու ներգաղթի եւ մաքսային ծառայութիւնը վերսկսած է հազարաւոր ապօրինի ներգաղթեալներու ձերբակալման ուղղութեամբ նախապէս յայտարարուած քայլերը: Ներգաղթեալներուն կոչ ուղղուած էր լքել երկիրը: Այս մասին կը հաղորդէ «Ֆոքս Նիուզ»-ը:
Շաբաթավերջին անօրինական ներգաղթեալներու ձերբակալութիւնները սկսած են ո՛չ միայն Նիւ Եորքի, այլ նաեւ շարք մը այլ քաղաքներու մէջ:
Գործողութիւնները ուղղուած են այն մարդոց դէմ, որոնք կարելիութիւն ունեցած են ներգաղթեալներու գործերով դատաւորին ապաստան տրամադրելու վերաբերեալ դիմում ներկայացնել, սակայն որոշած են ատիկա չընել: Միացեալ Նահանգներու ներգաղթի եւ մաքսային ծառայութիւնը փետրուարին այդ մարդոց կարելիութիւն ընձեռած էր լքելու երկիրը, սակայն ապօրինի ներգաղթեալներուն միայն երեք առ հարիւրը այդ պահանջը կատարած է:
«Մենք հարկադրանքի գործողութիւններ կը կատարենք այն անձերուն դէմ, որոնց դատարանին մէջ դատաւորի հրահանգով թելադրուած էր լքել երկիրը», յայտնած է Միացեալ Նահանգներու ներգաղթի եւ մաքսային ծառայութեան տնօրէնի պաշտօնակատար Մեթ Օլպենզ:
«Այս պահուս մենք այլ ելք չունինք, քան դուրս գալ եւ գործադրել անոնց արտաքսումը: Մենք պարզապէս կը կատարենք դատաւորին օրինական հրամանները», աւելցուցած է ան:
Յայտնենք, որ Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփ յունիսին յայտարարած էր Միացեալ Նահանգներէն միլիոնաւոր անօրինական ներգաղթեալներու արտաքսման գործողութեան մեկնարկին մասին:
«Յաջորդ շաբաթ Միացեալ Նահանգներու ներգաղթեալներու եւ մաքսային ոստիկանութիւնը պիտի սկսի արտաքսման հոլովոյթը միլիոնաւոր անօրինական ներգաղթեալներու, որոնք ապօրինի կերպով ներխուժած են Միացեալ Նահանգներ», ընկերային ցանցերու վրայ գրած էր ան:



