Հոլանտայի գերագոյն դատարանը վճռած է, որ պետութիւնը մասնակիօրէն` 10 առ հարիւրի պատասխանատուութիւն կը կրէ Սրեպրենիցայի կոտորածին համար:
Հոլանտական դատարանին համաձայն, երկիրը, ըլլալով խաղաղապահ առաքելութեան կազմին մէջ, կրնար կանխարգիլել որոշ սպանութիւններ` մասնաւորաբար փրկել 350 պոսնիացի տղամարդ, որոնք սպաննուած են ՄԱԿ-ի կողմէ անվտանգութեան գօտի յայտարարուած եւ հոլանտացի զինուորներու հսկողութեան տակ գտնուող տարածքին մէջ:
1995-ին տեղի ունեցած իրադարձութիւններուն ընթացքին սերպական ուժեր սպաննած են շուրջ 8 հազար պոսնիացի տղամարդիկ ու տղաք: 350 տղամարդիկ եւ պատանիներ եղած են շուրջ 5 հազար տեղահանուածներու մէջ, որոնք կը գտնուէին հոլանտական խաղաղապահ ուժերու պաշտպանութեան տակ: Սերպերը պահանջած են իրենց փոխանցել արական սեռի մարդիկը` յայտարարելով, որ կ՛ուզեն հարցաքննել զանոնք, սակայն սպաննած են զանոնք:



