Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփ Փաքիստանի վարչապետ Իմրան Խանի հետ հանդիպումի ընթացքին յայտարարած է, թէ Միացեալ Նահանգներ կրնան 10 օրուան մէջ Երկրի երեսէն ջնջել Աֆղանիստանը: Այս մասին կը հաղորդէ «Տը Հիլ»:
«Եթէ մենք ուզէինք Աֆղանիստանի մէջ պատերազմի սկսիլ, ես կրնայի զայն մէկ շաբթուան մէջ յաղթել, պարզապէս չեմ ուզեր 10 միլիոն մարդ սպաննել: Եթէ ուզէի յաղթել պատերազմը, Աֆղանիստանը բառացիօրէն 10 օրուան մէջ պիտի ջնջուէր Երկրի երեսէն», ըսած է ան:
Թրամփի համաձայն, ինք պիտի գերադասէր պատերազմի փոխարէն դուրս բերել ամերիկեան ուժերը եւ վերջ տալ շրջանին մէջ տագնապին, որ կը շարունակուի աւելի քան քսան տարիէ ի վեր:
Նշենք, որ Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութիւնը յայտարարեց, թէ Աֆղանիստանի հարցով Միացեալ Նահանգներու յատուկ պատուիրակ Զալմայ Խալիլզատ յառաջիկայ շաբաթ պիտի մեկնի Աֆղանիստանի մայրաքաղաք Քապուլ, ապա Քաթար` Թալեպան շարժումին հետ Աֆղանիստանի տագնապին վերջ տալու շուրջ բանակցութիւնները շարունակելու համար:
Նախարարութիւնը նշեց, որ Խալիլզատ «Աֆղանիստանի մէջ տագնապին վերջ տալու խաղաղութեան հոլովոյթի» ճամբան հարթելու ջանքերու ծիրին մէջ յառաջիկայ երկուշաբթի պիտի մեկնի մինչեւ 1 օգոստոս երկարող առաքելութեան մը:



