Մարք Էսփըր պաշտօնապէս ստանձնեց Միացեալ Նահանգներու պաշտպանութեան նախարարութեան` Փենթակոնի նոր ղեկավարի պաշտօնը: Այս մասին կը հաղորդէ Սպիտակ տան մամլոյ ծառայութեան հրապարակած հաղորդագրութիւնը:
Ծերակոյտը նախապէս հաստատած էր Էսփըրի թեկնածութիւնը: Այդպիսով, աւարտած է Միացեալ Նահանգներու պատմութեան մէջ ամէնէն երկար ժամանակաշրջանը, որուն ընթացքին երկիրը չէ ունեցած պաշտպանութեան նախարար:
Փենթակոնի նախկին ղեկավար Ճէյմս Մաթիս հրաժարած էր 31 դեկտեմբեր 2018-ին:
Էսփըր, որ նախապէս վարած է ցամաքային ուժերու նախարարի պաշտօնը, Փենթակոնի ղեկավարի պաշտօնակատար նշանակուած է յունիսի վերջաւորութեան: Իրմէ առաջ այդ պաշտօնը վարած էր Փաթրիք Շանահան, որ, սակայն, նախագահ Տոնալտ Թրամփի կողմէ չէր ներկայացուած Ծերակոյտին կողմէ հաստատման:
Էսփըր 1986-2007 թուականներուն ծառայած է ամերիկեան բանակին մէջ, 1991-ին մասնակցած է Արաբական ծոցի պատերազմին: Զինուորական ծառայութիւնը փոխգնդապետի կոչումով լքելէ ետք, ան աշխատած է առեւտրական կառոյցներու մէջ: Նոյեմբեր 2017-ին, Ծերակոյտին կողմէ հաստատուած է Միացեալ Նահանգներու ցամաքային ուժերու նախարարի պաշտօնին:



