Վենեզուելայի մէջ անգամ մը եւս ելեկտրականութեան զանգուածային անջատումներ եղած են: Այս մասին կը հաղորդէ «Պի.Պի.Սի.»: Անջատումները արձանագրուած են երկրին ամբողջ տարածքին:
Վենեզուելայի նախագահ Նիքոլաս Մատուրօ երեկտրականութեան զանգուածային անջատումները նկատած է «յանցաւոր յարձակում»:
«Մեր հայրենիքի հանգստութեան եւ խաղաղութեան դէմ կատարուած նոր յանցաւոր յարձակումին ընթացքին կառավարութիւնն ու զինեալ ուժերը քաղաքացիներուն կողքին են: Մենք դարձեալ ցոյց պիտի տանք մեր աննկուն կամքը», «Թուիթըր»-ի վրայ գրած է Մատուրօ:
Յայտնենք, որ մարտին Վենեզուելայի մէջ խանգարում տեղի ունեցած էր, այդ պատճառով ալ իրենց տարողութեամբ աննախադէպ հոսանքազրկումներ արձանագրուած էին. երկրի 23 նահանգներէն առնուազն 20-ը յայտնուած էր մթութեան մէջ: Երկրի ամբողջ տարածքին գործարաններու ու պետական հաստատութիւններու աշխատանքը գրեթէ մէկ շաբաթ դադրեցուած էր:
Մատուրօ կատարուածին համար մեղադրած էր «ամերիկեան կայսերապաշտութիւն»-ը: Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութիւնը հերքած էր այդ մեղադրանքը: Վենեզուելայի ընդդիմութեան ղեկավար, ինքնահռչակ նախագահ Խուան Կուայտոն ալ յայտարարած էր, թէ ելեկտրականութեան անջատումը «(իշխանութիւնը) խլողին (Մատուրոյին, «Ա.») անարդիւնաւէտութեան ապացոյցն է»:



