72 տարեկանին մահացած է Հիւլէական ուժանիւթի միջազգային գործակալութեան ընդհանուր տնօրէն Եուքիա Ամանոն:
Գործակալութեան մամլոյ ծառայութիւնը հաղորդագրութիւն մը հրապարակելով յայտնեց.«Հիւլէական ուժանիւթի միջազգային գործակալութեան քարտուղարութիւնը խոր վիշտով կը տեղեկացնէ ընդհանուր տնօրէն Եուքիա Ամանոյի մահուան մասին»: