Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Մայք Փոմփէօ պատկերասփիւռի կայանի մը հետ հարցազրոյցի ընթացքին յայտարարեց.«Ուաշինկթըն աշխատանք կը տանի կազմելու Հորմուզի նեղուցի հսկողութեան դաշինք մը, որ պիտի ներառէ աշխարհի բոլոր կողմերէն երկիրներ»:
«Ուաշինկթըն աշխատանք կը տանի Թեհրանի ղեկավարներուն վարմունքը փոխելու, աշխատանք կը տանի կազմելու դաշինք մը, որ պահակային-հսկողական ծառայութիւն կը կատարէ Հորմուզի նեղուցին մէջ` ծովային անցքերը բաց պահելու համար», նշեց ան:
Բրիտանիոյ արտաքին գործոց նախարար Ճերըմի Հանթ իր կարգին յայտարարեց, թէ իր երկիրը աշխատանք կը տանի Արաբական ծոցին մէջ ծովային պաշտպանութեան եւրոպական ուժ մը յառաջացնելու` շեշտելով, որ Բրիտանիան Իրանի հետ ճակատումի չի ձգտիր:
Հանթ բրիտանական խորհրդարանին յայտնեց, որ նշեալ ծովուժը Թեհրանի վրայ ճնշում բանեցնելու Միացեալ Նահանգներու քաղաքականութեան մէկ մասը պիտի չըլլայ:
Ճափոնի աւագ նախարարներէն Եուշիհիտի Սոճա յայտարարեց, թէ իր երկիրը չի սերտեր ճափոնական ուժերու Միջին Արեւելքի մէջ Միացեալ Նահանգներու առաջարկած ծովուժերու դաշինքին մաս կազմելու հարցը:
Ֆրանսական լրատուամիջոցներ հաղորդեցին, թէ Փարիզ համաձայն է, որ ֆրանսական ուժերը ընկերակցին Ծոցի ջուրերուն մէջ նաւարկող նաւերուն:
Եւրոպական Միութիւնը զսպուածութեան կոչ ուղղեց` Հորմուզի նեղուցին հսկել ծրագրող ապագայ դաշինքին: Եւրոպական յանձնաժողովի արտաքին քաղաքականութեան յանձնակատարի բանբեր Մայա Քոսիանչիչ յայտնեց. «Կը հետեւինք կացութեան զարգացման եւ սերտ հաղորդակցութեան մէջ ենք այն բոլոր երկիրներուն հետ, որոնք կ՛աշխատին Հորմուզի նեղուցին մէջ ծովային ուղիներու անվտանգութեան հասնելու նպատակով: Մենք կը կրկնենք առաւելագոյն զսպուածութեան մեր կոչը»:
Միւս կողմէ, Իրանի առաջին փոխնախագահ Էսհաք Ճահանկիրի վճռականօրէն դէմ արտայայտուած է Միացեալ Նահանգներու կողմէ Արաբական ծոցին մէջ հսկողութիւն կատարելու նպատակով զինուորական դաշինք ստեղծելու գաղափարին` նշելով.«Այդպիսի դաշինք ստեղծելու որեւէ անհրաժեշտութիւն չկայ»: Այս մասին կը հաղորդէ իրանեան «Թասնիմ»:
Անոր համաձայն, այդպիսի դաշինքները եւ շրջանին մէջ օտարերկրեայ ուժերուն ներկայութիւնը կը ստեղծեն անապահով պայմաններ: Ըստ Ճահանկիրիի, օտար ուժերու կողմէ հսկողութիւնը միայն պիտի յանգեցնէ լարուածութեան սրման:
«Իրան կրնայ շրջանի անվտանգութիւնը ապահովել շրջանի երկիրներուն օժանդակութեամբ», ըսած է Իրանի փոխնախագահը:
Իրանի կառավարութեան բանբեր Ալի Ռապիհի իր երկրին կողմէ բրիտանական քարիւղատար նաւը արգելանքի տակ առնելու քայլը նկատեց օրինական` նշելով, որ ատիկա անհրաժեշտ էր «երաշխաւորելու համար շրջանային անվտանգութիւնը, եւ վրէժխնդրական արարք մը չէր»:
Իրանի արտաքին գործոց նախարար Մոհամետ Ժաւատ Զարիֆ իր կարգին յայտնեց, որ իր երկիրը Հորմուզի նեղուցին մէջ բրիտանական նաւուն դէմ քայլերու դիմած է` գործադրելով միջազգային օրէնքը եւ ոչ թէ հակադարձելու համար Բրիտանիոյ` իրանեան քարիւղատար նաւ մը արգելանքի տակ առնելու քայլին:
Զարիֆ Նիքարակուա այցելութեան ընթացքին յայտնեց, որ տագնապին սկսիլը դիւրին է, սակայն անոր վերջ տալը պիտի ըլլայ անկարելի:
Իրանի ծովուժի հրամանատար դերծովակալ Հոսէյն Խանզատի յայտարարեց, որ իրենք կը հսկեն Ծոցին մէջ Միացեալ Նահանգներու ծովուժի բոլոր նաւերու շարժումներուն:
«Այսօր մենք կրնանք վստահութեամբ ըսել, որ հետեւողականօրէն կը հսկենք թշնամական բոլոր նաւատորմիղներուն, յատկապէս Միացեալ Նահանգներու (ծովուժի) տեղաշարժերուն` անոնց շարժելու սկիզբէն մինչեւ շրջան ժամանման պահը», նշեց Խանզատի` աւելցնելով. «Բացի ժամանման ժամանակէն, մենք ունինք տեղեկութիւն առաքելութիւններու տիպերուն, ինչպէս նաեւ այն նաւերուն մասին, որոնք այդ առաքելութիւններուն կը մասնակցին, եւ անոնց կողմէ իրականացուող գործունէութեան մասին»:
Ան նշեց, որ իրանեան ծովուժը լուսանկարներով կ՛արձանագրէ ամերիկեան մարտանաւերու բոլոր տեղաշարժները: «Մենք ունինք լուսանկարներ եւ վիթխարի արխիւ, որոնք կը ցուցադրեն Միացեալ Նահանգներու եւ դաշնակից ուժերու աշխուժութիւնը», ըսաւ դերծովակալը:



