Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ըստ «Ուոլ Սթրիթ Ճըռնըլ»-ի. Սեպտեմբեր 11-ի Ահաբեկչական Գործողութեան Կազմակերպիչ Բանտարկեալը Պատրաստ Է Վկայութիւն Տալու Սէուտական Արաբիոյ Դէմ

Յուլիս 31, 2019
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Միացեալ Նահանգներու մէջ 11 սեպտեմբեր 2001-ին տեղի ունեցած ահաբեկչական գործողութեան կազմակերպիչներէն մէկը` Խալետ Շէյխ Մոհամետ, յայտարարած է, թէ պատրաստակամ է դատարանի առջեւ վկայութիւն տալու Սէուտական Արաբիոյ իշխանութիւններուն դէմ, եթէ Միացեալ Նահանգներու իշխանութիւնները իրեն համար մահապատիժ չպահանջեն: Այս մասին կը հաղորդէ «Ուոլ Սթրիթ Ճըռնըլ» օրաթերթը:

Նախքան այդ, ահաբեկչութեան զոհերու հարազատները Միացեալ Նահանգներու մէջ Սէուտական Արաբիոյ դէմ ներկայացուցած էին միացեալ հայց, որուն մէջ այդ երկիրը կը մեղադրեն «Քայիտա» ահաբեկչական խմբաւորման ելեւմտական եւ այլ տեսակի աջակցութիւն ցուցաբերելու համար:

Հայցը ներկայացուած է 800 մարդու կողմէ` արաբական երկրի կառավարութենէն փոխհատուցում ստանալու նպատակով: Աւելի ուշ Միացեալ Նահանգներու աւելի քան երկու տասնեակ կազմակերպութիւններ դատական հայց ներկայացուցած են Սէուտական Արաբիոյ եւ այն ընկերութիւններուն դէմ, որոնք կապ ունին Ուսամա պըն Լատենի ընտանիքին հետ:

Մոհամետի առաջարկը ներառուած է ահաբեկչութեան զոհերու` դատարանին ուղղուած նամակի բնագիրին մէջ: Մոհամետ, որ ներկայիս կը պահուի ամերիկեան բանտի մը մէջ, պատրաստ է վկայութիւն տալու, սակայն հաւանական մահապատիժի բացառման պարագային աւելի լայն համագործակցութեան կարելիութիւն պիտի ըլլայ:

Սէուտական Արաբիան ներկայացնող փաստաբանը մերժած է մեկնաբանութիւն կատարել:

Քանի մը տարի առաջ Միացեալ Նահանգներու Քոնկրեսը որդեգրած էր օրէնք մը, որ կ՛արտօնէ 11 սեպտեմբերին ահաբեկչութեան զոհերու ժառանգորդներուն դատական հայց ներկայացնել Սէուտական Արաբիոյ դէմ, որովհետեւ ահաբեկչութեան մեղաւորներու եւ կազմակերպիչներու մեծ մասը այդ երկրի քաղաքացի եղած է:

Նախկին նախագահ Պարաք Օպամա վեթօ դրած էր օրէնքի նախագիծին վրայ, սակայն, Ծերակոյտը յաջողած էր շրջանցել վեթոն, ինչ որ Օպամայի նախագահութեան օրերուն առաջին այդպիսի դէպքն էր:

Նախորդը

Ակնարկ. Գաղտնաբառի Աւանդական Ոճն Ու Իրաւական Պետութիւնը

Յաջորդը

Թրամփ Քոնկրեսական Ռետքլիֆը Պիտի Առաջադրէ Միացեալ Նահանգներու Ազգային Հետախուզութեան Տնօրէնի Պաշտօնին

RelatedPosts

Թրամփ. «Այն, Ինչ Որ Ռուսիան Կ՛ըսէ, Նողկալի Է,  Իսկ Իրան Չափազանց Վատ Կերպով Կը Վարուի»
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ. «Համաս Պիտի Հրաժարի Իր Զէնքէն, Եւ Եթէ Չհրաժարի, Մենք Զայն Պիտի Զինաթափենք»

Հոկտեմբեր 16, 2025
Նեթանիահու. «Եթէ Կազայի Համաձայնութեան Երկրորդ Բաժինը Խաղաղ Կերպով Չգործադրուի, Դժոխքի Դռները Պիտի Բացուին»
Գլխաւոր լուրեր

Նեթանիահու. «Եթէ Կազայի Համաձայնութեան Երկրորդ Բաժինը Խաղաղ Կերպով Չգործադրուի, Դժոխքի Դռները Պիտի Բացուին»

Հոկտեմբեր 16, 2025
Քրեմլինի Մէջ Փութին-Շարհ Հանդիպում
Գլխաւոր լուրեր

Քրեմլինի Մէջ Փութին-Շարհ Հանդիպում

Հոկտեմբեր 16, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?