Ճոնսընի Հետ Հեռաձայնային Հաղորդակցութեան Ընթացքին. «Բրիտանիան Եւ Թուրքիան Ռազմավարական Գործընկերներ Են» Կ՛ըսէ Էրտողան
Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան հեռաձայնային հաղորդակցութեան մը ընթացքին շնորհաւորեց Բրիտանիոյ նորընտիր վարչապետ Պորիս Ճոնսընը: Այս մասին կը հաղորդէ «Անատոլու» լրատու գործակալութիւնը` յղում կատարելով Թուրքիոյ նախագահութեան մամլոյ ծառայութեան: Էրտողան ընդգծած է, թէ Բրիտանիան եւ Թուրքիան ռազմավարական գործընկերներ են եւ յոյս յայտնեց, որ երկու երկիրներուն երկկողմանի յարաբերութիւնները պիտի զարգանան բոլոր ոլորտներուն մէջ: Յիշեցնենք, որ 23 յուլիսին Ճոնսըն Պահպանողական կուսակցութեան կողմէ 92.153...


















