Բրիտանիան երէկ զգուշացուցած է Եւրոպական Միութիւնը` փոխելու «Պրեքզիթ»-ի հարցին մէջ իր «յամառ» դիրքորոշումը, եթէ կ՛ուզէ խուսափիլ առանց գործարքի «Պրեքզիթ»-էն: Այս մասին կը հաղորդէ «Ռոյթըրզ» լրատու գործակալութիւնը:
Երկրի արտաքին գործոց նախարար Տոմինիք Ռաապ յայտարարած է, թէ իրենք կ՛ուզեն գործարք, սակայն Եւրոպական Միութիւնը պէտք է փոխէ իր դիրքորոշումը:
«Մենք կ՛ուզենք լաւ գործարք Եւրոպական Միութեան մեր գործընկերներուն հետ», ըսած է ան` աւելցնելով, որ եղած է «Եւրոպական Միութեան կողմէն հնչեցուած բաւական կարծր դիրքորոշումներու շարք մը»:
Ռաապ նշած է նաեւ, որ եթէ Եւրոպական Միութիւնը նոյն ուղիով շարունակէ, ապա Բրիտանիան պիտի սկսի պատրաստուիլ առանց գործարքի «Պրեքզիթ»-ի: