Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Մոսկուայի Մէջ 1300 Ցուցարարներ Ձերբակալուած Են

July 29, 2019
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Միացեալ Նահանգները, Եւրոպական Միութիւնը եւ միջազգային իրաւապաշտպան կազմակերպութիւնները դատապարտած են Ռուսիոյ իշխանութիւններուն կողմէ շաբաթ օր Մոսկուայի մէջ բողոքի ցոյցի մասնակիցներու ձերբակալութիւնը: Այս մասին կը հաղորդէ «Ազատութիւն» ձայնասփիւռի կայանը:

Ռուսիոյ մայրաքաղաքի օրէնսդիր մարմինի ընտրութիւններուն անկախ թեկնածուներու արձանագրման պահանջով շաբաթ օրուան բողոքի ցոյցերուն ընթացքին ձերբակալուած են աւելի քան 1300 անձեր, որոնց շարքին` ընդդիմադիր գործիչներ Տմիթրի Կուտքովը, Լիուպով Սոպոլը եւ Իվան Ժտանովը:

«Ազատութիւն» կայանի ռուսական ծառայութեան համաձայն, ցոյցը ցրուելու ժամանակ ոստիկանութիւնը բռնի ուժ կիրարկած է գործիչներու դէմ` ծեծի ենթարկելով քանի մը տասնեակ մարդիկ: Մասնաւորաբար, վնասուածքներ ստացած են ոստիկանական շուներու կողմէ յարձակումի ենթարկուած ցուցարարները:

Կը հաղորդուի, որ բացի ցուցարարներէն, ծեծի ենթարկուած են նաեւ ցոյցը լուսաբանող լրագրողներ:

Մոսկուայի ոստիկանութեան մամլոյ ծառայութենէն շաբաթ օր «ՌԻԱ Նովոսթի»-ին յայտնած էին, որ Մոսկուայի կեդրոնին մէջ տեղի ունեցած է առանց արտօնութեան ցոյց մը, որուն կը մասնակցէր շուրջ 3500 մարդ:

Նախքան այդ, Մոսկուայի քաղաքապետ Սերկէյ Սոպիանին յայտարարած էր, թէ անկարգութիւններ կազմակերպելու փորձերը ոչ մէկ լաւ բանի պիտի յանգեցնեն, քաղաքին մէջ կարգ ու կանոնը պիտի հաստատուի օրէնքին համաձայն:

 

Նախորդը

Ամերիկեան Օդանաւերը Դարձեալ Մուտք Գործած Են Վենեզուելայի Օդային Տարածք

Յաջորդը

«Բրիտանիոյ` Եւրոպական Միութենէն Դուրս Գալը Տնտեսական Հսկայական Առիթ Մըն Է Ընելու Այն Բաները, Որոնք Տասնամեակներէ Ի Վեր Արգիլուած Էին» Կ՛ըսէ Ճոնսըն

RelatedPosts

Թրամփ Իրանի Հետ Զինադադարը  «Ժամանակի Վատնում» Կը Նկատէ
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ Իրանի Հետ Զինադադարը «Ժամանակի Վատնում» Կը Նկատէ

October 28, 2026
Իսրայէլի Մէջ Տեղի Ունեցան  Խորհրդարանական Ընտրութիւններ
Գլխաւոր լուրեր

Իսրայէլի Մէջ Տեղի Ունեցան Խորհրդարանական Ընտրութիւններ

October 28, 2026
Հակադարձելով Քարաքի Եկեղեցւոյ  Վրայ Յարձակումին`  Յորդանանեան Բանակը Հարաւային Սուրիոյ Մէջ  Ծայրայեղական Խմբաւորումներու Դիրքեր Հարուածեց
Գլխաւոր լուրեր

Հակադարձելով Քարաքի Եկեղեցւոյ Վրայ Յարձակումին` Յորդանանեան Բանակը Հարաւային Սուրիոյ Մէջ Ծայրայեղական Խմբաւորումներու Դիրքեր Հարուածեց

October 28, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.