Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Մայք Փոմփէօ յոյս յայտնած է, որ Ուքրանիոյ մէջ նոր իշխանութիւնը պիտի կարենայ «ստեղծարար» գաղափարներ մշակել Ռուսիոյ հետ տագնապի լուծման վերաբերեալ: «Քորրեսփոնտենթ» կը հաղորդէ, որ այս մասին ան յայտնած է պատասխանելով լրագրողներու այն հարցումին, թէ արդեօք յառաջընթաց կը տեսնէ՞ Ուքրանիոյ մէջ:
«Մենք Ուքրանիոյ նոր իշխանութեան հետ կ՛աշխատինք. անոնք նոր կատարած են խորհրդարանական ընտրութիւններ: Անոնք նաեւ նոր նախագահ ունին: Լիայոյս եմ, որ այս ամէնը կը յանգեցնէ խնդիրի լուծման աւելի ստեղծարար գաղափարներու: Ուքրանիոյ մէջ տագնապը իրական է, մարտերը կը շարունակուին, ոչ յաճախ, սակայն կը շարունակուին», ըսած է Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարը:
Արտաքին գործոց նախարարը անգամ մը եւս հաստատած է Ռուսիոյ կողմէ Խրիմի բռնագրաւման վերաբերեալ Միացեալ Նահանգներու դիրքորոշումը: Պատասխանելով այն հարցումին, թէ Խրիմը երբեւիցէ պիտի վերադառնա՞յ Ուքրանիա, Փոմփէոն ըսած է. «Խրիմը պէտք է վերադառնայ»: