Ռուսիոյ Դաշնակցային զինուորական եւ թեքնիք համագործակցութեան ծառայութեան նախագահ Տմիթրի Շուկայեւ յայտարարած է, որ ռուսական «Էս-400» հակաօդային պաշտպանութեան համակարգերու` Թուրքիոյ մատակարարման երկրորդ փուլը պիտի կատարուի յառաջիկայ ամիսներուն: Այս մասին կը հաղորդէ «Սփութնիք»-ի թրքական ծառայութիւնը:
Մատակարարման առաջին փուլը աւարտած էր 25 յուլիսին:



