Միջազգային

Իսրայէլացի Դիւանագէտները  Գործադուլ Կը Կատարեն

Իսրայէլացի Դիւանագէտները Գործադուլ Կը Կատարեն

Իսրայէլի արտաքին գործոց նախարարութեան պաշտօնեաներու սենտիքան յայտարարեց, թէ Իսրայէլի բոլոր դիւանագիտական առաքելութիւնները յառաջիկայ շաբաթ գործադուլ պիտի կատարեն` բողոքելու համար նախարարութեան նկատմամբ իսրայէլեան կառավարութեան որդեգրած քաղաքականութեան դէմ: Գործադուլի որոշումը տրուած է` ընդառաջելով իսրայէլեան 90 դեսպանատուներու եւ դիւանագիտական առաքելութիւններու ղեկավարներու կոչին` բողոքելու համար արտաքին գործոց նախարարութեան դիրքին «սուր անկումին», աշխարհի տարածքին իսրայէլեան դիւանագիտական առաքելութիւններու պիւտճէներու սուր նուազեցման եւ «իսրայէլացի միասեռական դիւանագէտներու իրաւունքներու...

Իրան Դարձեալ Արգելանքի  Տակ Առած Է Քարիւղատար Նաւ Մը

Իրան Դարձեալ Արգելանքի Տակ Առած Է Քարիւղատար Նաւ Մը

Իրանի Յեղափոխական պահակագունդը Արաբական ծովին մէջ արգելանքի տակ առած է օտարերկրեայ քարիւղատար նաւ մը, որ քարիւղ կը տեղափոխէր դէպի արաբական երկիրներ: Այս մասին կը հաղորդէ «Պի.Պի.Սի.»-ն` յղում կատարելով Իրանի պետական պատկերասփիւռի կայանին: Քարիւղատար նաւը մաքսանենգուած 700.000 լիթր վառելանիւթ կը տեղափոխէր: Անոր անձնակազմի 7 անդամները կալանաւորուած են:

Միացեալ Նահանգներու Մէջ 24 Ժամուան  Ընթացքին Երկու Զինեալ Յարձակումներ

Միացեալ Նահանգներու Մէջ 24 Ժամուան Ընթացքին Երկու Զինեալ Յարձակումներ

Միացեալ Նահանգներու մէջ 24 ժամուան ընթացքին արձանագրուեցան երկու զինեալ յարձակումներ, որոնք պատճառեցին 29 զոհեր: Թեքսաս Նահանգի Էլ Փասօ քաղաքի առեւտրական կեդրոններէն մէկուն մէջ զինեալ յարձակում մը պատճառեց 20 զոհ եւ 26 վիրաւորներ: Մեքսիքայի նախագահ Անտրես Մանուէլ Լոփես Օպրատոր յայտնեց, որ զոհերու շարքին կան մեքսիքացիներ: Յարձակումը տեղի ունեցաւ տեղւոյն ժամանակով շաբաթ երեկոյեան: Ոստիկանութիւնը ձերբակալեց յարձակումին համար կասկածուող 21-ամեայ երիտասարդը, որ Տալլաս...

Այսօր Ընթացք Կ՛առնեն Սուրիոյ Մէջ  Անվտանութեան Գօտիի Հարցով  Թուրք-Ամերիկեան Բանակցութիւնները

Այսօր Ընթացք Կ՛առնեն Սուրիոյ Մէջ Անվտանութեան Գօտիի Հարցով Թուրք-Ամերիկեան Բանակցութիւնները

Անգարա Ուաշինկթընին Եւ Մոսկուային Տեղեկացուցած Է, Թէ Եփրատի Արեւելեան Ափին Դէմ Զինուորական Գործողութիւն Մը Պիտի Շղթայազերծէ Թուրքիոյ պաշտպանութեան նախարարութիւնը յայտարարած է, թէ 4 օգոստոսին ամերիկեան հերթական պատուիրակութիւնը կը հասնի Թուրքիա: Այս մասին կը հաղորդէ թրքական «Հապերլեր» կայքը: «Սուրիոյ հիւսիսը համակարգուած ձեւով ծրագրուած էր ստեղծել Անվտանգութեան գօտի մը, այդ պատճառով ալ 4 օգոստոս 2019-ին, Միացեալ Նահանգներէն զինուորական պաշտօնատարներ կը հասնին Թուրքիա,...

Փոմփէօ. «Մեծապէս Վստահ Ենք, Որ Պիտի Կարենանք  Ծոցի Մէջ Ծովուժերու Դաշինք Մը Կազմել»

Փոմփէօ. «Մեծապէս Վստահ Ենք, Որ Պիտի Կարենանք Ծոցի Մէջ Ծովուժերու Դաշինք Մը Կազմել»

Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Մայք Փոմփէօ յայտնեց, որ իր երկիրը «մեծապէս» վստահ է, որ պիտի կարենայ Արաբական ծոցին մէջ յառաջացնել ծովուժերու դաշինք մը: Ան այս մասին յայտարարեց Աւստրալիոյ եւ Միացեալ Նահանգներու միջեւ երկխօսութեան ծիրին մէջ իր աւստրալացի պաշտօնակից Մարիս Փէյնի հետ ունեցած հանդիպումէն ետք: Նշենք, որ երկխօսութեան կը մասնակցէին նաեւ երկու երկիրներու պաշտպանութեան նախարարները: «Անոնք կը գիտակցին, որ այդ...

«Թեհրանի Եւ Պաքուի Յարաբերութիւնները  Կը Շարունակեն Ընդլայնիլ»  Կ՛ըսէ Վայեզի

«Թեհրանի Եւ Պաքուի Յարաբերութիւնները Կը Շարունակեն Ընդլայնիլ» Կ՛ըսէ Վայեզի

Իրանի նախագահի աշխատակազմի ղեկավար Մահմուտ Վայեզի շաբաթ օր հանդիպում մը ունեցած է Ազրպէյճանի տնտեսութեան նախարար Շահին Մուսթաֆայեւի հետ: Այս մասին կը հաղորդէ իրանեան ԻՐՆԱ լրատու գործակալութիւնը: Հանդիպումի ընթացքին, անդրադառնալով երկկողմանի բարեկամական յարաբերութիւններուն, Վայեզին նշած է, որ ի հեճուկս ամերիկեան պատժամիջոցներուն, Թեհրանն ու Պաքուն կը շարունակեն ընդլայնել եւ զարգացնել երկկողմանի յարաբերութիւններն ու համագործակցութիւնը: Իրանի նախագահի աշխատակազմի ղեկավարը, անդրադառնալով այս շաբթուան ընթացքին...

Ուաշինկթըն Թուրքիոյ Յիշեցուցած Է  Ժողովրդավարութեան  Պահպանման Կարեւորութիւնը

Ընդգծելով, Որ Սուրիոյ Տագնապը Զինուորական Լուծում Չունի. Ուաշինկթըն Կ՛ողջունէ Իտլիպի Մէջ Զինադադարի Մասին Լուրերը

Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Մորկըն Օրթակուս յայտարարեց. «Միացեալ Նահանգներ կ՛ողջունեն Սուրիոյ հիւսիս-արեւելքը գտնուող Իտլիպի մէջ զինադադարի յայտարարութիւնը, սակայն ատկէ աւելի կարեւորը, քաղաքայիններուն եւ ենթակառոյցներուն դէմ յարձակումներուն դադրեցումն է»: «Մեծապէս կը գնահատենք Թուրքիոյ եւ Ռուսիոյ ջանքերը, եւ միասնաբար կատարուած աշխատանքը` վերականգնելու համար զինադադարի համաձայնութիւնը, որ գոյացաւ Սոչիի մէջ սեպտեմբեր 2018-ին», ըսաւ ան. «Միացեալ Նահանգներու կարծիքով` սուրիական տագնապը զինուորական լուծում...

Անգարայի Մէջ Վայեզի-Էրտողան Հանդիպում

Անգարայի Մէջ Վայեզի-Էրտողան Հանդիպում

Իրանի նախագահի աշխատակազմի ղեկավար Մահմուտ Վայեզի ուրբաթ օր Անգարայի մէջ Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողանի հետ քննարկած է միացեալ հետաքրքրութիւն ներկայացնող հարցեր, ինչպէս նաեւ թուրք-իրանեան համագործակցութեան ամրապնդման ուղիները: Այս մասին շաբաթ օր հաղորդեց իրանեան ԻՐՆԱ լրատու գործակալութիւնը: Հանդիպումի ընթացքին կողմերը քննարկած են շրջանային վերջին զարգացումները, երկկողմ եւ բազմակողմ ձեւաչափով համագործակցութեան ուղիները, որոնք ուղղուած պիտի ըլլան շրջանային կայունութեան, անվտանգութեան եւ զարգացման...

Փութին Վաւերացուցած Է ՀԱՊԿ-ի  Կանոնադրութեան Փոփոխութիւններու  Արձանագրութիւնները

Փութին Վաւերացուցած Է ՀԱՊԿ-ի Կանոնադրութեան Փոփոխութիւններու Արձանագրութիւնները

Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութին ստորագրած է Հաւաքական անվտանգութեան պայմանագիրի կազմակերպութեան` ՀԱՊԿ-ի կանոնադրութեան փոփոխութիւններու արձանագրութիւնները: Այս մասին կը հաղորդէ «ՌԻԱ Նովոսթի» լրատու գործակալութիւնը: Արձանագրութիւններէն մէկը կը նախատեսէ, որ ՀԱՊԿ-ի խորհուրդի կազմին մէջ ընդգրկուին ՀԱՊԿ-ի երկիրներու ղեկավարները կամ կառավարութիւններու ղեկավարները, եթէ, ըստ ներպետական օրէնսդրութեան, իրաւասութիւններ տրուած են խորհուրդին մէջ ներառուած հարցերու լուծման համար: Կը նախատեսուի նաեւ դէտի կարգավիճակ տրամադրել այն երկիրներուն, որոնք...

Ճոնսընի Խորհրդարանական Մեծամասնութիւնը Նուազեցաւ Մէկ Ձայնի Առաւելութեան

Ճոնսընի Խորհրդարանական Մեծամասնութիւնը Նուազեցաւ Մէկ Ձայնի Առաւելութեան

Բրիտանիոյ վարչապետ Պորիս Ճոնսընի ղեկավարած Պահպանողական կուսակցութիւնը Կալեսի Պրայքըն Ուարտշայր ընտրաշրջանին մէջ խորհրդարանական մասնակի ընտրութեան ընթացքին ապտակ մը ստացաւ, երբ անոր թեկնածուն պարտութիւն մը կրեց «Պրեքզիթ»-ին դէմ եղող թեկնածուէ մը: Նոր վարչապետին առաջին փորձը նկատուող ընտրութեան պատճառով անոր կուսակցութեան խորհրդարանական փոքր մեծամասնութիւնը առաւել եւս նուազեցաւ մէկ ձայնի: Ըստ ընտրութեան պաշտօնական արդիւնքին, Ազատական ժողովրդավարական կուսակցութեան անդամ եւ Եւրոպական Միութեան անդամակցութեան զօրակցող...

«Ուաշինկթընն Ու Անգարան Տակաւին Սուրիոյ  Վերաբերեալ Համաձայնութիւն Չեն Գոյացուցած»  Կ՛ըսէ Ճեֆրի

«Ուաշինկթընն Ու Անգարան Տակաւին Սուրիոյ Վերաբերեալ Համաձայնութիւն Չեն Գոյացուցած» Կ՛ըսէ Ճեֆրի

Աքսոյ. «Պիտի Չարտօնենք, Որ Բանակցութիւնները Ձգձգումի Պատրուակի Վերածուին» Միացեալ Նահանգներու Սուրիոյ հարցով յատուկ պատուիրակ Ճէյմս Ճեֆրի Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութեան մէջ տրուած մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին Միացեալ Նահանգներու` ահաբեկչութեան դէմ պայքարի յատուկ պատուիրակ Նաթան Սէյլսի հետ պատասխանած է լրագրողներու հարցումներուն: Այս մասին կը հաղորդէ թրքական «Թէ 24» կայքը: Ան նշած է, որ ՏԱՀԵՇ կը շարունակէ Իրաքի եւ Սուրիոյ մէջ...

«Թուրքիան Պարկեշտօրէն Չի Գործադրեր  Ասթանայի Եւ Սոչիի Համաձայնութիւնները»  Կ՛ըսէ Ժաաֆարի

«Թուրքիան Պարկեշտօրէն Չի Գործադրեր Ասթանայի Եւ Սոչիի Համաձայնութիւնները» Կ՛ըսէ Ժաաֆարի

Նուրսուլթանի Մէջ Համաձայնութիւն` Սուրիոյ Սահմանադրութեան Բանաձեւման Յանձնախումբի Կազմին Շուրջ Ղազախստանի արտաքին գործոց նախարարութիւնը յայտարարեց, թէ Նուրսուլթանի մէջ Սուրիոյ հարցին շուրջ Ասթանայի ձեւաչափով ժողովին, որուն առաջին անգամ ըլլալով հրաւիրուած էին նաեւ Լիբանանն ու Իրաքը, համաձայնութիւն գոյացած է Սուրիոյ սահմանադրութեան բանաձեւման յանձնախումբի կազմին շուրջ` նշելով. «Նուրսուլթանի մէջ Սուրիոյ շուրջ Ասթանայի ձեւաչափով մինչեւ տարեվերջ կարելի է գումարել բարձր մակարդակի մէկ կամ երկու ժողով»:...

Մոսկուա Յայտարարեց Ուաշինկթընի  Նախաձեռնութեամբ Հրթիռներու  Ոչնչացման Պայմանագիրի Դադրեցումը

Մոսկուա Յայտարարեց Ուաշինկթընի Նախաձեռնութեամբ Հրթիռներու Ոչնչացման Պայմանագիրի Դադրեցումը

Միջին եւ կարճ հասողութեան հրթիռներու ոչնչացման մասին պայմանագիրը կը դադրեցուի այսօրուընէ` Միացեալ Նահանգներու նախաձեռնութեամբ: «ՌԻԱ Նովոսթի» հաղորդեց, որ այս մասին երէկ յայտարարած է Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւնը: «2 օգոստոս 2019-ին ամերիկեան կողմի նախաձեռնութեամբ դադրեցուած է 8 դեկտեմբեր 1987-ին Խորհրդային Միութեան եւ Միացեալ Նահանգներու միջեւ կնքուած միջին եւ կարճ հասողութեամբ հրթիռներու ոչնչացման մասին պայմանագիրը», կ՛ըսուի Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան յայտարարութեան մէջ:...

Փոմփէօ. «Պիտի Շարունակենք  Իրանի Վրայ Պատժամիջոցներ Հաստատել»

Փոմփէօ. «Պիտի Շարունակենք Իրանի Վրայ Պատժամիջոցներ Հաստատել»

Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Մայք Փոմփէօ յայտնեց, որ իր երկիրը պիտի շարունակէ Իրանի վրայ պատժամիջոցներ հաստատել: Ամերիկեան դիւանագիտութեան պետը Հարաւարեւելեան Ասիոյ պետութիւններու համախմբումի արտաքին գործոց նախարարներու մեծ տէրութիւններու արտաքին գործոց նախարարներուն հետ ժողովի ընթացքին ըսաւ, թէ Իրանի դէմ հաստատուած պատժամիջոցները փաստեցին իրենց ազդուութիւնը եւ անոնք ամէնուրեք պիտի կիրարկուին: Մինչ այդ, Ֆրանսայի արտաքին գործոց նախարարութիւնը յայտարարեց, թէ կը մերժէ Իրանի...

Ըստ «Ուաշինկթըն Փոսթ»-ի.  Ուաշինկթըն Պատրաստ Է Հազարաւոր  Զինուորներ Դուրս Բերելու Աֆղանիստանէն`  Թալեպաններու Հետ Համաձայնութեամբ

Ըստ «Ուաշինկթըն Փոսթ»-ի. Ուաշինկթըն Պատրաստ Է Հազարաւոր Զինուորներ Դուրս Բերելու Աֆղանիստանէն` Թալեպաններու Հետ Համաձայնութեամբ

Միացեալ Նահանգներու իշխանութիւնները կը պատրաստուին իրենց հազարաւոր զինուորները Աֆղանիստանէն հեռացնելու` հանրապետութեան մէջ խաղաղ լուծման գործարքի ծիրին մէջ Թալեպան շարժումին կողմէ շարք մը զիջումներու դիմաց: Այս մասին կը հաղորդէ «Ուաշինկթըն Փոսթ» օրաթերթը` վկայակոչելով Սպիտակ տան մէջ իր աղբիւրները: Նշեալ աղբիւրներուն տուեալներով` համաձայնութիւններուն համապատասխան, թալեպանները պէտք է Աֆղանիստանի կառավարութեան հետ սկսին աւելի համապարփակ հաշտութեան համաձայնագիրի շուրջ բանակցութիւններու: Այս համաձայնութեան հիմամբ, Միացեալ Նահանգներ...

Սէուտական Արաբիոյ Մէջ  Կիներուն Արտօնած Են  Առանձին Եւ Առանց Այր Մարդու  Արտօնութեան Ճամբորդել

Սէուտական Արաբիոյ Մէջ Կիներուն Արտօնած Են Առանձին Եւ Առանց Այր Մարդու Արտօնութեան Ճամբորդել

Սէուտական Արաբիոյ իշխանութիւնները փոփոխութիւններ կատարած են թագաւորութեան շարք մը օրէնքներուն մէջ, որոնց շնորհիւ սէուտցի կինը այսուհետեւ պիտի կարենայ առանձին անձնագիր ստանալ արտասահման մեկնելու համար, ինչպէս նաեւ խնամակալ դառնալ դեռահասներու: Այս մասին կը հաղորդէ սէուտական «Օքազ» օրաթերթը: Օրէնքի նոր ձեւակերպումին համաձայն, 21 տարեկան կինը «կրնայ առանձին անձնագիր ստանալ առանց խնամակալի պարտադիր համաձայնութեան, ինչպէս ատիկա նախապէս եղած է»: Մինչեւ հիմա կիները ստիպուած...

«Վենեզուելան Պաշարելու  Կարելիութիւնը Կը Սերտենք»  Կ՛ըսէ Թրամփ

«Վենեզուելան Պաշարելու Կարելիութիւնը Կը Սերտենք» Կ՛ըսէ Թրամփ

Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփ յայտնեց, որ Ուաշինկթըն նախագահ Նիքոլաս Մատուրոյի վրայ ճնշում բանեցնելու համար կը սերտէ Վենեզուելան պաշարումի ենթարկելու կարելիութիւնը: Ան այս մասին յայտարարեց պատասխանելով լրագրողի մը` Վենեզուելայի մէջ Իրանի եւ Չինաստանի միջամտութիւններուն մասին հարցումի մը: Սպիտակ տան ղեկավարը նաեւ յայտարարեց, թէ 1 սեպտեմբերին 300 միլիառ տոլար արժողութեամբ չինական ապրանքներուն վրայ 10 առ հարիւրի յաւելեալ մաքսատուրք պիտի հաստատուի: Չինաստանի...

Թրամփ Փութինին Օգնութիւն Առաջարկած Է  Սիպերիոյ Անտառային Հրդեհները Մարելու Համար

Թրամփ Փութինին Օգնութիւն Առաջարկած Է Սիպերիոյ Անտառային Հրդեհները Մարելու Համար

Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփ իր ռուս պաշտօնակից Վլատիմիր Փութինի հետ ունեցած հեռաձայնային հաղորդակցութեան ընթացքին իր աջակցութիւնը յայտնած է Սիպերիոյ մէջ անտառային հրդեհները մարելու: Այս մասին կը հաղորդէ «Ռոյթըրզ» լրատու գործակալութիւնը` յղում կատարելով Քրեմլինի մամլոյ ծառայութեան: Փութին իր «անկեղծ երախտագիտութիւնը յայտնած է այդպիսի ուշադիր վերաբերմունքի համար» եւ յայտնած, որ անհրաժեշտութեան պարագային Ռուսիան պիտի օգտուի Միացեալ Նահանգներու առաջարկէն: «Վլատիմիր Փութին իր...

Ալի Պապաճան 4 Նախկին Նախարարներու  Պիտի Առաջարկէ Միանալ  Իր Նոր Ստեղծելիք Կուսակցութեան

Ալի Պապաճան 4 Նախկին Նախարարներու Պիտի Առաջարկէ Միանալ Իր Նոր Ստեղծելիք Կուսակցութեան

Թուրքիոյ նախկին փոխվարչապետ, տնտեսութեան նախարար, իշխող Արդարութիւն եւ բարգաւաճում կուսակցութեան նախկին անդամ Ալի Պապաճան իր ստեղծելիք կուսակցութեան հիմնադիրներու խորհուրդին անդամակցութեան պիտի հրաւիրէ չորս գործիչներ, որոնք Արդարութիւն եւ բարգաւաճում կուսակցութեան իշխանութեան օրով նախարարի պաշտօն վարած են: «Արմէնփրես» կը հաղորդէ, որ այս մասին կը յայտնէ թրքական «Ենի չաղ»-ը: Պապաճան կը շարունակէ նոր կուսակցութեան հիմնադրութեան հոլովոյթը: Ան պարբերաբար հանդիպումներ կ՛ունենայ տարբեր քաղաքական գործիչներու,...

Թուրքիան Եւ Իրաքը Կը Քննարկեն Ջրային  Պաշարներու Միացեալ Օգտագործման Հարցը

Թուրքիան Եւ Իրաքը Կը Քննարկեն Ջրային Պաշարներու Միացեալ Օգտագործման Հարցը

Թուրքիոյ եւ Իրաքի միջեւ ջրային պաշարներու միացեալ բաշխման եւ օգտագործման վերաբերեալ բանակցութիւնները անցած են դրական մթնոլորտի մէջ եւ հետագային ատոր շուրջ համաձայնագիր կնքելու տեսլականով: Այս մասին կը հաղորդէ «Անատոլու» լրատու գործակալութիւնը` յղում կատարելով Իրաքի կառավարութեան մամլոյ ծառայութեան: Թրքական եւ իրաքեան պատուիրակութիւններու միջեւ հանդիպումը տեղի ունեցած է Պաղտատի մէջ` Իրաքի ջրային հարստութիւններու նախարար Ժեմալ Ատիլի, գիւղատնտեսութեան եւ ջրային պաշարներու յանձնախումբի նախագահ...

Page 509 of 884 1 … 508 509 510 … 884

Արխիւներ