Իրանի նախագահի աշխատակազմի ղեկավար Մահմուտ Վայեզի ուրբաթ օր Անգարայի մէջ Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողանի հետ քննարկած է միացեալ հետաքրքրութիւն ներկայացնող հարցեր, ինչպէս նաեւ թուրք-իրանեան համագործակցութեան ամրապնդման ուղիները: Այս մասին շաբաթ օր հաղորդեց իրանեան ԻՐՆԱ լրատու գործակալութիւնը:
Հանդիպումի ընթացքին կողմերը քննարկած են շրջանային վերջին զարգացումները, երկկողմ եւ բազմակողմ ձեւաչափով համագործակցութեան ուղիները, որոնք ուղղուած պիտի ըլլան շրջանային կայունութեան, անվտանգութեան եւ զարգացման հոլովոյթներու ամրապնդման:
Վայեզի եւ Էրտողան անդրադարձած են նաեւ Իրանի, Թուրքիոյ եւ Ռուսիոյ նախագահներու մասնակցութեամբ, Թուրքիոյ մէջ տեղի ունենալիք Ասթանայի հոլովոյթի վեհաժողովին, ինչպէս նաեւ` Իրան-Թուրքիա համագործակցութեան միացեալ յանձնախումբի հերթական նիստին առնչուած հարցերուն:
 
			


