Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութին ստորագրած է Հաւաքական անվտանգութեան պայմանագիրի կազմակերպութեան` ՀԱՊԿ-ի կանոնադրութեան փոփոխութիւններու արձանագրութիւնները: Այս մասին կը հաղորդէ «ՌԻԱ Նովոսթի» լրատու գործակալութիւնը:
Արձանագրութիւններէն մէկը կը նախատեսէ, որ ՀԱՊԿ-ի խորհուրդի կազմին մէջ ընդգրկուին ՀԱՊԿ-ի երկիրներու ղեկավարները կամ կառավարութիւններու ղեկավարները, եթէ, ըստ ներպետական օրէնսդրութեան, իրաւասութիւններ տրուած են խորհուրդին մէջ ներառուած հարցերու լուծման համար:
Կը նախատեսուի նաեւ դէտի կարգավիճակ տրամադրել այն երկիրներուն, որոնք ՀԱՊԿ-ի անդամ չեն, եւ միջազգաին կազմակերպութիւններուն, որոնք կ՛ուզեն գործակցիլ կառոյցին հետ:
Նաեւ կը նախատեսուի արտօնութիւններ տրամադրել ո՛չ միայն ՀԱՊԿ-ի ընդհանուր քարտուղարին եւ անոր ընտանիքի անդամներուն, այլ նաեւ անոր տեղակալներուն եւ անոնց ընտանիքներուն:
 
			


