Պրազիլի Գերագոյն Դատարանը Մերժեց Գործարարի Մը Արտայանձնման Վերաբերող Թուրքիոյ Պահանջը
Պրազիլի դաշնակցային գերագոյն դատարանը մերժեց Թուրքիոյ արտայանձնել Անգարայի կողմէ իբրեւ ահաբեկիչ ամբաստանուող թուրք քաղաքացի մը, որովհետեւ երաշխաւորուած չէ, թէ Թուրքիոյ մէջ արդար դատավարութեան պիտի արժանանայ: Դատարանին միաձայնութեամբ տուած որոշումին հիմամբ թուրք գործարար Ալի Սուպհին կրնայ մնալ Պրազիլի մէջ, ուր բնակութիւն հաստատած է 12 տարիէ ի վեր: Ան Թուրքիոյ ու Պրազիլի քաղաքացի է եւ կալանաւորուած էր ապրիլին, ապա ազատ արձակուած մայիսին`...



















