Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ալի Պապաճան 4 Նախկին Նախարարներու Պիտի Առաջարկէ Միանալ Իր Նոր Ստեղծելիք Կուսակցութեան

August 3, 2019
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Թուրքիոյ նախկին փոխվարչապետ, տնտեսութեան նախարար, իշխող Արդարութիւն եւ բարգաւաճում կուսակցութեան նախկին անդամ Ալի Պապաճան իր ստեղծելիք կուսակցութեան հիմնադիրներու խորհուրդին անդամակցութեան պիտի հրաւիրէ չորս գործիչներ, որոնք Արդարութիւն եւ բարգաւաճում կուսակցութեան իշխանութեան օրով նախարարի պաշտօն վարած են: «Արմէնփրես» կը հաղորդէ, որ այս մասին կը յայտնէ թրքական «Ենի չաղ»-ը:

Պապաճան կը շարունակէ նոր կուսակցութեան հիմնադրութեան հոլովոյթը: Ան պարբերաբար հանդիպումներ կ՛ունենայ տարբեր քաղաքական գործիչներու, ներառեալ` իշխող կուսակցութենէն երեսփոխաններու հետ: Ըստ տեղեկութիւններու, Պապաճան Արդարութիւն եւ բարգաւաճում կուսակցութեան կազմած կառավարութեան նախկին նախարարներ Էրքան Մումճուին, Քիւրշաթ Թիւզմենին, Նիմեթ Չուպուքչուին եւ Էրթուղրուլ Կիւնային կը պատրաստուի առաջարկել միանալու նոր կուսակցութեան հիմնադիրներու խորհուրդին:

Նոր կուսակցութեան հիմքը պիտի ըլլայ այն քաղաքականութիւնը, որ Արդարութիւն եւ բարգաւաճում կուսակցութիւնը կը վարէր իշխանութեան հասնելուն առաջին տարիներուն: Այդ է պատճառը, որ Պապաճան կարեւոր կը նկատէ աշխատիլը այն գործիչներուն հետ, որոնք այդ շրջանին իշխանութեան մաս կազմած են:

Ըստ տեղեկութիւններու, քաղաքական քննարկումներու առարկայ դարձած է նաեւ նախկին վարչապետ Ահմեթ Տաւութօղլուի անդամակցութիւնը հիմնադրուելիք նոր կուսակցութեան:

Ալի Պապաճան 8 յուլիսին յայտնած էր Արդարութիւն եւ բարգաւաճում կուսակցութենէն հեռանալու մասին: Ան կը նկատուի այդ կուսակցութեան հիմնադիրներէն մէկը: Կը նախատեսուի, որ ան Թուրքիոյ 11-րդ նախագահ Ապտիւլլա Կիւլի եւ շարք մը այլ գործիչներու հետ նոր կուսակցութիւն կազմէ:

 

Նախորդը

Թուրքիան Եւ Իրաքը Կը Քննարկեն Ջրային Պաշարներու Միացեալ Օգտագործման Հարցը

Յաջորդը

Թրամփ Փութինին Օգնութիւն Առաջարկած Է Սիպերիոյ Անտառային Հրդեհները Մարելու Համար

RelatedPosts

Թրամփ. «Կը Նախընտրեմ Իրանէն  Մնացածը Չքանդել, Սակայն Թերեւս  Անոր Ստիպուիմ»
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ. «Կը Նախընտրեմ Իրանէն Մնացածը Չքանդել, Սակայն Թերեւս Անոր Ստիպուիմ»

November 7, 2026
Անգարայի Եւ Պաքուի Յարաբերութիւններուն Մէջ  Լարուածութեան Լոյսին Տակ.  Էրտողան Մտադիր Է 8 Նոյեմբերին  Ազրպէյճան Այցելելու
Գլխաւոր լուրեր

Անգարայի Եւ Պաքուի Յարաբերութիւններուն Մէջ Լարուածութեան Լոյսին Տակ. Էրտողան Մտադիր Է 8 Նոյեմբերին Ազրպէյճան Այցելելու

November 7, 2026
Թրամփ. «Ռուսիան Ու Միացեալ Նահանգները Մօտ Են  Համաձայնութիւններու Ոչ Միայն  Ուքրանիոյ Մէջ Կարգաւորման Հարցով»
Միջազգային

Թրամփ. «Ռուսիան Ու Միացեալ Նահանգները Մօտ Են Համաձայնութիւններու Ոչ Միայն Ուքրանիոյ Մէջ Կարգաւորման Հարցով»

November 7, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.