Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Ուաշինկթընն Ու Անգարան Տակաւին Սուրիոյ Վերաբերեալ Համաձայնութիւն Չեն Գոյացուցած» Կ՛ըսէ Ճեֆրի

August 3, 2019
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter
Աքսոյ. «Պիտի Չարտօնենք, Որ Բանակցութիւնները
Ձգձգումի Պատրուակի Վերածուին»

Միացեալ Նահանգներու Սուրիոյ հարցով յատուկ պատուիրակ Ճէյմս Ճեֆրի Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութեան մէջ տրուած մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին Միացեալ Նահանգներու` ահաբեկչութեան դէմ պայքարի յատուկ պատուիրակ Նաթան Սէյլսի հետ պատասխանած է լրագրողներու հարցումներուն: Այս մասին կը հաղորդէ թրքական «Թէ 24» կայքը:

Ան նշած է, որ ՏԱՀԵՇ կը շարունակէ Իրաքի եւ Սուրիոյ մէջ վտանգ ստեղծել, եւ ատոր դէմ պայքարին մէջ Միացեալ Նահանգներու դաշնակիցները քրտական ղեկավարութեամբ Սուրիոյ ժողովրդավարական ուժերն են:

«Մենք պարտաւորութիւն ունինք, որ մեզի հետ պատերազմողները վնաս չկրեն եւ ոչ մէկուն կողմէ թիրախաւորուին», նշած է Ճեֆրի:

«ՏԱՀԵՇ-ը Սուրիոյ եւ Իրաքի մէջ տակաւին սպառնալիք է: ՏԱՀԵՇ-ի տարրերը տակաւին կան Եփրատի եւ Տիգրիսի հարաւային ափերուն վրայ: Նախագահը ըսած է, թէ մեր դաշնակիցներուն անվտանգութեան վերաբերեալ պարտաւորութիւններ ունինք: Ատիկա կը վերաբերի նաեւ Թուրքիոյ:

«Թուրքիոյ հետ կը շարունակուին անվտանգութեան գօտիի ստեղծման շուրջ բանակցութիւնները: Տակաւին ոչ մէկ համաձայնութիւն գոյացուցած ենք», աւելցուցած է ամերիկացի պաշտօնատարը:

Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Համի Աքսոյ յայտարարեց, որ իր երկիրը պիտի ստիպուի Սուրիոյ մէջ առանձինը ապահով գօտի ստեղծել, եթէ Միացեալ Նահանգներու հետ այդ առնչութեամբ համաձայնութիւն չգոյանայ:

«Սուրիոյ հարցով ամերիկացի պատուիրակ Ճէյմս Ճեֆրի երկուշաբթի օր պիտի այցելէ Թուրքիա` թրքական կողմին հետ ապահով գօտիին շուրջ բանակցութիւններու համար», ըսաւ ան` աւելցնելով. «Թուրքիան Ճեֆրիին ներկայացուց իր պատկերացումը ապահով գօտիին շուրջ, որ պէտք է ըլլայ թրքական սահմանէն սուրիական հողերուն ուղղութեամբ 32 քիլոմեթր խորութեամբ, թրքական վերահսկողութեան տակ, եւ այդտեղէն հեռացուին քիւրտ զինեալները»:

«Թուրքիան պիտի չարտօնէ, որ ապահով գօտիին շուրջ բանակցութիւնները ձգձգումի պատրուակի վերածուին, որովհետեւ ան իր ազգային անվտանգութեան երաշխաւորման համար բոլոր քայլերը պիտի որդեգրէ, եթէ իր ձգտումները գոհացում չստանան», շեշտեց Աքսոյ:

 

 

Նախորդը

«Թուրքիան Պարկեշտօրէն Չի Գործադրեր Ասթանայի Եւ Սոչիի Համաձայնութիւնները» Կ՛ըսէ Ժաաֆարի

Յաջորդը

Ճոնսընի Խորհրդարանական Մեծամասնութիւնը Նուազեցաւ Մէկ Ձայնի Առաւելութեան

RelatedPosts

Թրամփ. «Կը Նախընտրեմ Իրանէն  Մնացածը Չքանդել, Սակայն Թերեւս  Անոր Ստիպուիմ»
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ. «Կը Նախընտրեմ Իրանէն Մնացածը Չքանդել, Սակայն Թերեւս Անոր Ստիպուիմ»

November 7, 2026
Անգարայի Եւ Պաքուի Յարաբերութիւններուն Մէջ  Լարուածութեան Լոյսին Տակ.  Էրտողան Մտադիր Է 8 Նոյեմբերին  Ազրպէյճան Այցելելու
Գլխաւոր լուրեր

Անգարայի Եւ Պաքուի Յարաբերութիւններուն Մէջ Լարուածութեան Լոյսին Տակ. Էրտողան Մտադիր Է 8 Նոյեմբերին Ազրպէյճան Այցելելու

November 7, 2026
Թրամփ. «Ռուսիան Ու Միացեալ Նահանգները Մօտ Են  Համաձայնութիւններու Ոչ Միայն  Ուքրանիոյ Մէջ Կարգաւորման Հարցով»
Միջազգային

Թրամփ. «Ռուսիան Ու Միացեալ Նահանգները Մօտ Են Համաձայնութիւններու Ոչ Միայն Ուքրանիոյ Մէջ Կարգաւորման Հարցով»

November 7, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.