Անգարա Ուաշինկթընին Եւ Մոսկուային Տեղեկացուցած Է, Թէ Եփրատի Արեւելեան Ափին Դէմ Զինուորական Գործողութիւն Մը Պիտի Շղթայազերծէ
Թուրքիոյ պաշտպանութեան նախարարութիւնը յայտարարած է, թէ 4 օգոստոսին ամերիկեան հերթական պատուիրակութիւնը կը հասնի Թուրքիա: Այս մասին կը հաղորդէ թրքական «Հապերլեր» կայքը:
«Սուրիոյ հիւսիսը համակարգուած ձեւով ծրագրուած էր ստեղծել Անվտանգութեան գօտի մը, այդ պատճառով ալ 4 օգոստոս 2019-ին, Միացեալ Նահանգներէն զինուորական պաշտօնատարներ կը հասնին Թուրքիա, որպէսզի շարունակուին 23 յուլիս 2019-ին սկսած միացեալ աշխատանքները:
«Աշխատանքները պիտի սկսին 5 օգոստոս 2019-էն` պաշտպանութեան նախարարութեան մէջ», նշուած է հաղորդագրութեան մէջ:
Մինչ այդ, Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան երէկ յայտարարեց.«Ռուսիոյ եւ Միացեալ Նահանգներու տեղեկացուցինք, որ Եփրատի արեւելեան ափին մէջ զինուորական գործողութիւն մը պիտի կատարենք»:
«Եփրատի արեւելեան ափ մուտք պիտի գործենք, ինչպէս մուտք գործեցինք Աֆրին, Ժարապլուս եւ Պապ», ըսաւ ան` աւելցնելով. «Չենք կրնան լուռ մնալ մեր երկիրին դէմ յարձակումներուն նկատմամբ: Համբերութիւնը չափ ու սահման ունի»:



