Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Մաքրոն Եւ Թրամփ Հաւանութիւն Տուած Են Ռուսիոյ Եօթներու Կազմ Վերադարձին

Օգոստոս 23, 2019
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփ եւ Ֆրանսայի նախագահ Էմանուէլ Մաքրոն համակարծիք են, որ Ռուսիան պէտք է վերադառնայ Եօթներու կազմ: Այս մասին «Սի.Էն.Էն.»-ին յայտնած է ամերիկեան վարչակազմէն պաշտօնատար մը:

Պատկերասփիւռի կայանի լրագրողին համաձայն, երկու ղեկավարները հեռաձայնային զրոյց ունեցած են, որուն ընթացքին իրենց զօրակցութիւնը յայտնած են Ռուսիոյ մասնակցութեամբ Ութներու խմբակի ձեւաչափին վերադառնալուն եւ 2020 թուականի խումբի վեհաժողովին Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութինը հրաւիրելու անհրաժեշտութեան:

«Սի.Էն.Էն.»-ի աղբիւրը ընդգծած է, թէ Մաքրոն առաջարկած է Ռուսիան հրաւիրել յառաջիկայ տարի կայանալիք հանդիպումին, եւ Թրամփ համաձայն գտնուած է:

Կը հաղորդուի, որ Թրամփ, ըստ երեւոյթին, այս շաբաթավերջին Ֆրանսայի հարաւ արեւմտեան Պիարից քաղաքին մէջ տեղի ունենալիք Եօթներու խմբակի վեհաժողովի ծիրին մէջ այս նիւթով զրոյցներ պիտի ունենայ նաեւ խմբակի մնացեալ անդամ երկիրներու ղեկավարներուն հետ:

«ՌԻԱ Նովոսթի» կը հաղորդէ, որ Ուքրանիոյ նախագահ Վլատիմիր Զելենսքի Դիմատետրի իր էջին վրայ մեկնաբանած է Ռուսիոյ` Ութերու խմբակի կազմ վերադարձի հնարաւորութիւնը եւ յայտնած, որ ատիկա կարելի պիտի ըլլայ միայն Խրիմը «վերադարձնելէ» եւ Տոնպասի մէջ հակամարտութիւնը դադրեցնելէ ետք:

Ան նշած է, որ Մոսկուայի այդ քայլերը, ինչպէս նաեւ ազատ արձակումը Ուքրանիոյ քաղաքացիներու, որոնք կը գտնուին Ռուսիոյ բանտերուն եւ քննչական մեկուսարաններուն մէջ, աշխարհին համար պիտի ըլլայ «իսկական լուրջ ազդանշան, թէ Ռուսիան պատրաստ է վերստին իր տեղը գրաւելու բարձր դիւանագիտութեան օրակարգին վրայ»:

Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Մարիա Զախարովա Զելենսքի պատասխանեց` յայտնելով. «Բարձր դիւանագիտութիւնը եթէ միջազգային հարթակներ կը նշանակէ, ապա Ապահովութեան խորհուրդը բարձրագոյնն է, իսկ Ռուսիան անոր մնայուն անդամ է եւ կը մասնակցի միջազգային քաղաքականութեան մշակման»:

Բրիտանիոյ վարչապետ Պորիս Ճոնսըն յայտնեց, թէ տակաւին կանուխ է Ռուսիոյ Ութերու խմբակ վերադարձի մասին խօսելու:

Նախորդը

Հիւսիսային Քորէա. «Ուաշինկթընի Հետ Երկխօսութիւն Պիտի Չըլլայ, Եթէ Անոր Զինուորական Թշնամական Գործունէութիւնը Չդադրի»

Յաջորդը

Դանիոյ Վարչապետը «Անվայել» Վարքագիծի Համար Մեղադրելով. «Ոչ Ոք Կրնայ Միացեալ Նահանգներու Հետ Այդպէս Խօսիլ» Կ՛ըսէ Թրամփ

RelatedPosts

Թրամփ-Փութին Հեռաձայնային Հաղորդակցութեան Ընթացքին «Մեծ Յառաջընթաց»
Միջազգային

Թրամփ-Փութին Հեռաձայնային Հաղորդակցութեան Ընթացքին «Մեծ Յառաջընթաց»

Հոկտեմբեր 18, 2025
Ուիթքոֆ. «Համաս Կազայի Մէջ Ապագայ Չունի Եւ Պէտք Է Կտրուկ Կերպով Զինաթափուի»
Միջազգային

Ուիթքոֆ. «Համաս Կազայի Մէջ Ապագայ Չունի Եւ Պէտք Է Կտրուկ Կերպով Զինաթափուի»

Հոկտեմբեր 18, 2025
Վենս. «Ո՛չ Ռուսիան, Ո՛չ Ալ Ուքրանիան Տակաւին Պատրաստ Են Խաղաղութեան Համաձայնագիր Կնքելուն»
Միջազգային

Վենս. «Ո՛չ Ռուսիան, Ո՛չ Ալ Ուքրանիան Տակաւին Պատրաստ Են Խաղաղութեան Համաձայնագիր Կնքելուն»

Հոկտեմբեր 18, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?