Աւստրալիոյ վարչապետ Սքոթ Մորիսըն յայտարարեց, որ իր երկիրը պիտի միանայ Արաբական ծոցին մէջ նաւարկումի անվտանգութեան ապահովման նպատակով Միացեալ Նահանգներու ղեկավարած ծովուժին:
Մորիսըն յայտնեց, որ իր երկիրը այդ ծովուժին պիտի մասնակցի յածանաւով մը եւ «Պի.8» տիպի ծովային հետախուզութեան օդանաւով մը:
Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց եւ պաշտպանութեան նախարարներ Մայք Փոմփէօ եւ Մարք Էսփըր այս ամիս Սիտնի իրենց այցելութեան ընթացքին կոչ ուղղած էին, որ Աւստրալիան մասնակցի ամերիկեան ղեկավարութեամբ այդ ուժին:
Միւս կողմէ, Փոմփէօ ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդի Միջին Արեւելքին նուիրուած նիստի ընթացքին պահանջեց երկարաձգել Իրանի զէնքի մատակարարման դէմ արգելքը, որ Հիւլէական համաձայնագիրին հիմամբ պիտի աւարտի մէկ տարիէն:
Փոմփէօ նիստէն ետք լրագրողներուն յայտնեց, որ Միացեալ Նահանգներ կարելի եղած բոլոր քայլերը պիտի առնեն արգելք հանդիսանալու, որ իրանեան քարիւղատար նաւը Սուրիոյ քարիւղ մատակարարէ:
ՄԱԿ-ի մէջ Իրանի դեսպան Մաժիտ Թախթ Ռաւանչի իր կարգին նշեց, որ Ծոցի մէջ նաւարկումի անվտանգութիւնը ապահովելու համար շինծու կերպով դաշինք կազմելու որեւէ փորձ դատապարտուած է ձախողութեան:



