Իրանի նախագահ Հասան Ռուհանի զգուշացուց իրանեան քարիւղի արտածումներու դադրեցման փորձերէն` նշելով. «Այդ պարագային կարելի չէ ինչպէս նախապէս վստահիլ ծովային անցքերուն անվտանգութեան»:
Ռուհանի Իրանի գերագոյն հոգեւոր պետ Ալի Խամենէիի հետ հանդիպումի ընթացքին նշեց. «Միջազգային ուժերը գիտեն, թէ ամբողջական պատժամիջոցներու հաստատման եւ Իրանի քարիւղի արտածումները զերոյի հասցնելու պարագային միջազգային ծովային ճամբաները առաջուան նման ապահով պիտի չըլլան»:



