Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Յեղափոխական Պահակագունդը «Ատրիան Տարիա 1»-ը Առաւ Իր Հսկողութեան Տակ

August 22, 2019
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter
Փոմփէօ. «Ուաշինկթըն Կարելի Բոլոր Քայլերը Պիտի Որդեգրէ` Կանխարգիլելու «Ատրիան Տարիա 1»-ի Կողմէ Սուրիոյ Քարիւղի Մատակարարումը»

Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Մայք Փոմփէօ Միջին Արեւելքի կացութեան շուրջ ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդի նիստէն ետք լրագրողներուն յայտնեց. «Միացեալ Նահանգներ կարելի բոլոր քայլերը պիտի որդեգրեն կանխարգիլելու իրանեան «Կրէյս 1» (այժմ «Ատրիան Տարիա 1», «Ա.») քարիւղատար նաւուն Սուրիոյ քարիւղի մատակարարումը»:

«Յստակ դարձուցինք, որ ոեւէ մէկը, որ անոր կը զօրակցի, ոեւէ մէկը, որ նաւուն կ՛արտօնէ խարիսխ նետել, կը դիմագրաւէ Միացեալ Նահանգներու կողմէ պատժամիջոցներու ենթարկուելու վտանգը», նշեց ան` շեշտելով. «Եթէ այդ նաւը դարձեալ դէպի Սուրիա ուղղուի, ապա այդ պատժամիջոցներուն համահունչ եղող կարելի բոլոր քայլերը պիտի որդեգրենք այդ մէկը կանխարգիլելու համար»:

Յիշեցնենք, որ Միացեալ Նահանգներ, Ժիպրալթարի իշխանութիւններուն կողմէ անոր գրաւումը երկարաձգելու ամերիկեան դիմումին մերժումէն մէկ օր ետք, 16 օգոստոսին հրամանագիր հրապարակած էին գրաւելու իրանեան քարիւղատար նաւը: Քարիւղատար նաւը կը նաւարկէ դէպի յունական Քալամաթա կղզի:

Յունաստանի արտաքին գործոց նախարարութիւնը յայտնեց, որ իրանեան քարիւղատար նաւուն Սուրիա հասնելու համար որեւէ դիւրութիւն պիտի չընծայէ:

Յիշեցնենք, որ Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութենէն պաշտօնատար մը «Ռոյթըրզ» լրատու գործակալութեան յայտնած էր, թէ Միացեալ Նահանգներ դէպի Յունաստան նաւարկած իրանեան քարիւղատար նաւուն վերաբերեալ իրենց «ուժեղ կեցուածքը» յայտնած են յունական կառավարութեան: «Իրանեան քարիւղատար նաւուն օգնելու որեւէ ջանք կրնայ նկատուիլ Միացեալ Նահանգներու կողմէ ահաբեկչական կազմակերպութիւններու ցուցակին մէջ ներառուած կազմակերպութեան մը աջակցութիւն», շեշտած էր ան:

Մինչ այդ, իրանեան լրատուամիջոցներ հաղորդեցին, թէ Միջերկրականին մէջ նաւարկող իրանեան քարիւղատար նաւը պիտի ըլլայ Իրանի Յեղափոխական պահակագունդի հսկողութեան տակ: Պահակագունդի հրամանատարներէն Իսմայիլ Քաուսարի մէկ օր առաջ յայտնած էր, թէ իր երկիրը խիստ կերպով պիտի հակադարձէ նաւուն դէմ ամերիկեան որեւէ քայլի` ընդգծելով. «Ատրիան Տարիա 1»-ը պիտի շարունակէ Միջերկրականի մէջ իր նաւարկումը եւ գործադրէ իրեն վստահուած առաքելութիւնը»:

«Եթէ քարիւղատար նաւը անգամ մը եւս գրաւուի, Իրանի հակադարձութիւնը նախկինէն շատ աւելի խիստ պիտի ըլլայ», զգուշացուցած էր ան:

 

 

Նախորդը

«Թրքական Բռնագրաւումը Տարատեսակ Ահաբեկիչներ Մտցուց Սուրիա» Կ՛ըսէ Ժաաֆարի

Յաջորդը

«Եթէ Իրանեան Քարիւղի Արտածումները Դադրեցնէք, Միջազգային Ծովային Անցքերը Ապահով Պիտի Չըլլան, Որքան Հիմա» Կ՛ըսէ Ռուհանի

RelatedPosts

Թրամփ. «Կը Նախընտրեմ Իրանէն  Մնացածը Չքանդել, Սակայն Թերեւս  Անոր Ստիպուիմ»
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ. «Կը Նախընտրեմ Իրանէն Մնացածը Չքանդել, Սակայն Թերեւս Անոր Ստիպուիմ»

November 7, 2026
Անգարայի Եւ Պաքուի Յարաբերութիւններուն Մէջ  Լարուածութեան Լոյսին Տակ.  Էրտողան Մտադիր Է 8 Նոյեմբերին  Ազրպէյճան Այցելելու
Գլխաւոր լուրեր

Անգարայի Եւ Պաքուի Յարաբերութիւններուն Մէջ Լարուածութեան Լոյսին Տակ. Էրտողան Մտադիր Է 8 Նոյեմբերին Ազրպէյճան Այցելելու

November 7, 2026
Թրամփ. «Ռուսիան Ու Միացեալ Նահանգները Մօտ Են  Համաձայնութիւններու Ոչ Միայն  Ուքրանիոյ Մէջ Կարգաւորման Հարցով»
Միջազգային

Թրամփ. «Ռուսիան Ու Միացեալ Նահանգները Մօտ Են Համաձայնութիւններու Ոչ Միայն Ուքրանիոյ Մէջ Կարգաւորման Հարցով»

November 7, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.