Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Մոսկուա Պիտի Շարունակէ Անգարայի Հետ Գործակցիլ` Իտլիպի Կացութեան Գծով» Կ՛ըսէ Ռուսիոյ Արտաքին Գործոց Նախարարութիւնը

Օգոստոս 23, 2019
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւնը յայտարարեց. «Մոսկուա պիտի շարունակէ Անգարայի հետ գործակցիլ` Իտլիպի կացութեան վերաբերեալ»:

«Հարկ է յարգել Իտլիպի հարցին շուրջ գոյացած բոլոր համաձայնութիւնները, որոնց նպատակը ահաբեկչութեան դէմ պայքարի շարունակութիւնն է, եւ նոյն ատեն երաշխաւորել քաղաքայիններու անվտանգութիւնը», նշեց նախարարութիւնը` աւելցնելով. «Այս առումով պիտի շարունակենք Թուրքիոյ հետ գործակցիլ Սոչիի փաստաթուղթին շուրջ, որուն գծով համաձայնութիւն գոյացաւ 17 սեպտեմբեր 2018-ին»:

Թուրքիոյ նախագահութիւնը մէկ օր առաջ յայտնած էր, թէ Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան մտադիր է մօտ օրէն Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութինի հետ հեռաձայնային հաղորդակցութեան մը ընթացքին քննարկել Իտլիպի մէջ թրքական զինուորական շարասիւնի մը ռմբակոծման հարցը:

«Մենք ռուսական կողմին փոխանցեցինք մեր հակազդեցութիւնը», նշեց Թուրքիոյ նախագահութիւնը` աւելցնելով. «Անգարա եւ Մոսկուան նախապէս համաձայնած են երաշխաւորելու հսկողութեան բոլոր կէտերու անվտանգութիւնը, եւ կը սպասենք, որ կացութիւնը այդպէս մնայ»:

Քրեմլին իր կարգին երէկ յայտարարեց, թէ չի բացառեր յառաջիկայ օրերուն Փութին – Էրտողան հեռաձայնային զրոյց մը:

Միւս կողմէ` Սուրիոյ բանակը աւարտեց Համայի հիւսիսային գիւղական շրջանի շրջափակման իր գործողութիւնը, սակայն Մուրք քաղաքին մէջ գտնուող թրքական բանակի հսկողութեան 9-րդ կէտի հարցը մնաց անլոյծ, երբ Սուրիոյ բանակի յառաջխաղացքէն ու Համայի հիւսիսը գտնուող գիւղերը պաշարելէն առաջ անոր ճակատագիրի ճշդման համար Մոսկուայի եւ Անգարայի միջեւ բանակցութիւնները ձախողեցան:

Սուրիոյ արտաքին գործոց նախարարի օգնական Այման Սուսան յայտնեց. «Թուրքիան չյարգեց Սոչիի համաձայնութիւնը, ուստի ան է, որ կը կրէ Իտլիպի մէջ տեղի ունեցող իրադարձութեան ամբողջական պատասխանատութիւնը»:

Ան քաղաքայիններու կեանքին հասած վնասին պատասխանատուն նկատեց անոնց` շրջանէն անվտանգ դուրս գալը արգելակող ահաբեկչական խմբաւորումներն ու Թուրքիան:

«Առանց Սուրիոյ պետութեան, սուրիական հողերուն վրայ որեւէ օտար ներկայութիւն ապօրինի է, եւ ահաբեկիչներէն ու անոնց աջակիցներէն ոչ ոք պէտք է կասկած ունենայ Սուրիոյ եւ անոր բանակին վճռականութեան` շարունակելու այն, զոր սկսան Խան Շէյխունէն շատ առաջ: Սուրիոյ բանակը պիտի շարունակէ սուրիական հողերուն իւրաքանչիւր թիզ ազատագրել ահաբեկչութենէն», ըսաւ ան:

 

Նախորդը

«Տարածաշրջանի Եւ Հորմուզի Նեղուցի Անվտանգութիւնը Կարելի Չէ Երաշխաւորել Առանց Իրանի» Կ՛ըսէ Ռուհանի

Յաջորդը

Փոմփէօ Ողջունեց Փարակուէյի Որոշումը` Հըզպալլան, Համասը, Քայիտան Ու ՏԱՀԵՇ-ը Ահաբեկչական Կազմակերպութիւններ Նկատող

RelatedPosts

Թրամփ. «Կազայի Մէջ Զինադադարը Տակաւին Ի Զօրու Է»
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ. «Կազայի Մէջ Զինադադարը Տակաւին Ի Զօրու Է»

Հոկտեմբեր 21, 2025
Զախարովա. «Փութին-Թրամփ Վեհաժողովի Պատրաստութեան Դիւանագիտական Աշխատանքը Ընթացքի Մէջ Է»
Միջազգային

Զախարովա. «Փութին-Թրամփ Վեհաժողովի Պատրաստութեան Դիւանագիտական Աշխատանքը Ընթացքի Մէջ Է»

Հոկտեմբեր 21, 2025
Մինչ Համաս Կը Հերքէ.  Նեթանիահու. «Ուժեղ Կերպով Պիտի Հակադարձենք Համասի Յարձակումին»
Միջազգային

Մինչ Համաս Կը Հերքէ. Նեթանիահու. «Ուժեղ Կերպով Պիտի Հակադարձենք Համասի Յարձակումին»

Հոկտեմբեր 20, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?