Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Էրտողան Փոխան «Էֆ-35»-ի «Սու-35»-ներու Եւ «Սու-57»-ներու Գնումը Չի Բացառեր. «Թուրքիան Այլընտրանք Պիտի Փնտռէ, Եթէ «Էֆ-35» Չստանայ» Կ՛ըսէ Չաւուշօղլու

August 30, 2019
| Newsletter, Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Թուրքիան պատերազմական օդանաւերու պէտք ունի: Եթէ «Էֆ-35» հալածիչներ չստանայ, երկիրը այլընտրանքներ պիտի փնտռէ, սակայն ատիկա կատարելը իր նախընտրութիւնը չէ: «Թըրքիշ Տէյլի Նիուզ» կը հաղորդէ, որ այս մասին յայտարարած է Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Մեւլութ Չաւուշօղլու:

«Հակաօդային հրթիռներու պաշտպանութեան համակարգի գնումը Թուրքիոյ համար անմիջական կարիք մըն էր, եւ ան ստիպուած էր Ռուսիայէն «Էս-400» հակաօդային համակարգերը գնելու», ըսած է ան Թալինի մէջ` Էսթոնիոյ արտաքին գործոց նախարար Ուրմաս Ռէյնսալուի հետ միացեալ մամլոյ ասուլիսի ընթացքին:

«Ներկայիս Միացեալ Նահանգներ խնդիրներ կը յառաջացնէ: Սակայն Թուրքիան տակաւին մաս կը կազմէ 9 գործընկերներէ բաղկացած «Էֆ-35»-ի ծրագիրին», աւելցուցած է Չաւուշօղլու` նշելով, որ իր երկիրը կ՛ուզէ «Էֆ-35»-ներ գնել:

Անդրադառնալով թուրք-ռուսական յարաբերութիւններուն` ան յայտնած է, թէ շրջանին մէջ Ռուսիոյ ներկայութիւնը իրականութիւն մըն է, եւ Թուրքիա Ռուսիոյ հետ տնտեսական լաւ յարաբերութիւններ ունի:

Աւելի՛ն, ան ըսած է, թէ թէեւ Սուրիոյ մէջ սուրիական բանակի յարձակումին պատճառով որոշ դժուարութիւններ կան, սակայն Թուրքիան եւ Ռուսիան կը փորձեն զանոնք յաղթահարել Ասթանայի եւ Սոչիի հոլովոյթներուն ճամբով:

Մինչ այդ, Միացեալ Նահանգներու պաշտպանութեան նախարար Մարք Էսփըր երէկ Փենթակոնի մէջ լրագրողներուն յայտնած է, թէ կը յուսայ, որ Թուրքիան կը հրաժարի «Էս-400»-ներէն, եւ այդ պարագային կրնայ վերադառնալ «Էֆ-35»-ի ծրագիրին:

Էսփըր նշած է, որ եթէ Թուրքիան «Էս-400»-էն ամբողջովին չհրաժարի, անոր պիտի չարտօնուի «Էֆ-35»-ի ծրագիրին վերադառնալ: «Ուստի ներկայիս կացութիւնը այսպէս է եւ ատիկա ցաւալի է: Ինչպէս ըսի, Թուրքիան երկարատեւ, մեծ գործընկեր եւ դաշնակից մըն է, եւ կը յուսամ, որ անոնք դէպի մեզ ետդարձ կը կատարեն, իրապէս կը յարգեն ՕԹԱՆ-ի բազմաթիւ տարիներ առաջ գոյացուցած այն համաձայնութիւնը` հրաժարիլ խորհրդային ժամանակաշրջանի ռուսական սարքերէն», աւելցուցած է ան:

Միւս կողմէ, «Սի.Էն.Էն.»-ի թրքական ծառայութիւնը հաղորդեց, որ Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան յայտարարած է, թէ ամերիկեան «Էֆ-35»-ներուն փոխարէն ռուսական «Սու-35» եւ «Սու-57» հալածիչներու ձեռքբերումը չի բացառեր:

«Ինչո՞ւ ոչ: Մենք այստեղ («ՄԱՔՍ-2015» ցուցադրութեան) զուր տեղ չենք եկած», ըսած է Թուրքիոյ նախագահը` պատասխանելով լրագրողի մը այն հարցումին, թէ արդեօք ռուսական հալածիչները «Էֆ-35»-ի գնման այլընտրանքներու շարքի՞ն են:

Էրտողան նաեւ ընդգծած է, որ վերջնական որոշումը պիտի կայացուի Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփի հետ հեռաձայնային հաղորդակցութենէն եւ Թուրքիոյ «Էֆ-35»-ի ծրագիրին մասնակցութեան վերաբերեալ Ուաշինկթընի դիրքորոշումը յստակացնելէ ետք:

Յիշեցնենք, որ Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութին Մոսկուայի մէջ «ՄԱՔՍ-2019» միջազգային տօնավաճառի բացման արարողութեան ընթացքին իր թուրք պաշտօնակիցին ներկայացուցած էր հինգերորդ սերունդի «Սու-57» եւ չորրորդ սերունդի «Սու-35» հալածիչները:

 

Նախորդը

Ռուսիայէն Վերադառնալէ Անմիջապէս Ետք. Էրտողան Հեռաձայնային Հաղորդակցութիւն Ունեցած Է Թրամփի Հետ

Յաջորդը

«Յառաջիկայ 2-3 Ամսուան Ընթացքին Արաքի Հնոցին Մասին Լաւ Լուրեր Պիտի Յայտարարենք» Կ՛ըսէ Սալեհի

RelatedPosts

Վանս. «Իրանի Հետ Պատերազմը Երկու Ամիսէն  Ամբողջովին Տարբեր Փուլ Մուտք Պիտի Գործէ»
Գլխաւոր լուրեր

Վանս. «Իրանի Հետ Պատերազմը Երկու Ամիսէն Ամբողջովին Տարբեր Փուլ Մուտք Պիտի Գործէ»

September 17, 2026
Եի. «Չինաստանը Հանդէս Կու Գայ Իբրեւ Իրանի  Ռազմավարական Գործընկեր Եւ Պատրաստ Է  Պաշտպանելու Երկրի Օրինական Շահերը»
Միջազգային

Եի. «Չինաստանը Հանդէս Կու Գայ Իբրեւ Իրանի Ռազմավարական Գործընկեր Եւ Պատրաստ Է Պաշտպանելու Երկրի Օրինական Շահերը»

September 17, 2026
Վանս. «Հուսիներուն Կարմիր Ծովուն Մէջ Մայուն  Կղզին Գրաւելու Քայլով Մտահոգ Ենք»
Գլխաւոր լուրեր

Վանս. «Հուսիներուն Կարմիր Ծովուն Մէջ Մայուն Կղզին Գրաւելու Քայլով Մտահոգ Ենք»

September 16, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.