Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Պոլթըն «Պատմական» Այցելութիւն Մը Տուաւ Պիելոռուսիա

August 30, 2019
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Միացեալ Նահանգներու նախագահի ազգային անվտանգութեան հարցերով խորհրդատու Ճոն Պոլթըն երէկ հասաւ Պիելոռուսիա` հանդիպում ունենալու երկրի նախագահին ու արտաքին գործոց նախարարին հետ: ԹԱՍՍ լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ այս մասին «Թուիթըր»-ի վրայ յայտնեց Մինսքի մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպանատունը: Պոլթըն այսպիսով դարձած է վերջին 20 տարուան ընթացքին ամերիկացի ամէնէն բարձրաստիճան պաշտօնատարը, որ կ՛այցելէ Պիելոռուսիա:

«Մենք ուրախ ենք ողջունելու ազգային անվտանգութեան հարցերով խորհրդական Ճոն Պոլթընը, որ եկած է շրջանային անվտանգութեան ու դիւանագիտական յարաբերութիւններու ամրապնդման առնչուող հարցերու քննարկման նպատակով», նշեց դեսպանատունը:

Պիելոռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութենէն յայտնեցին, որ Պոլթընի հետ բանակցութիւններու ժամանակ պիտի քննարկուին երկկողմանի յարաբերութիւններուն եւ շրջանային անվտանգութեան առնչուող հարցեր:

Պիելոռուսիոյ նախագահ Ալեքսանտր Լուքաշենքօ Պոլթընի հետ հանդիպումի ընթացքին առաջարկած է երկու երկիրներուն միջեւ յարաբերութիւնները սկսիլ մաքուր էջէ: «Հակառակ ձեր ուղեւորութեան շուրջ ամբողջ աղմկարարութեան, այստեղ դրական շատ բան կայ, յատկապէս Պիելոռուսիոյ համար: Դրականը այն է, որ մենք մշտապէս Միացեալ Նահանգներու հետ մեր յարաբերութիւններուն վատանալէն ետք առաջարկած ենք փակել այդ վատ էջը եւ սկսիլ նոր էջէ», ըսած է Լուքաշենքօ:

Ան Պոլթընի Մինսք այցելութիւնը նկատած է պատմական, սակայն յիշեցուցած է, որ ատկէ առաջ Միացեալ Նահանգներէն Պիելոռուսիա այցելած են բազմաթիւ փորձագէտներ եւ մասնագէտներ, որոնց հետ ինք անձամբ հանդիպած է:

Լուքաշենքօ Պոլթընին առաջարկած է «անկեղծօրէն, նոյնիսկ բարեկամաբար, քննարկել յարաբերութիւններու բոլոր հարցերը, թող որ ատոնք Պիելոռուսիոյ համար նոյնիսկ տհաճ ըլլան»:

Նշենք, որ Պոլթըն նախապէս յայտարարած էր, թէ Պիելոռուսիոյ նախագահը պիտի զգուշացնէ Ռուսիոյ վտանգէն եւ պիտի խօսի «գերիշխանութեան ու հողային ամբողջականութեան մասին»:

Նախորդը

Յեղափոխական Պահակագունդը Կը Սպառնայ Իրանի Դէմ Յարձակումի Պարագային Հարուածել Քաթարի Եւ Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններուն Մէջ Ամերիկեան Ռազմակայանները

Յաջորդը

Իրանեան Քարիւղատար «Ատրիան Տարիա 1» Նաւը Փոխած Է Իր Ուղղութիւնը

RelatedPosts

Թրամփ. «Կը Նախընտրեմ Իրանէն  Մնացածը Չքանդել, Սակայն Թերեւս  Անոր Ստիպուիմ»
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ. «Կը Նախընտրեմ Իրանէն Մնացածը Չքանդել, Սակայն Թերեւս Անոր Ստիպուիմ»

November 7, 2026
Անգարայի Եւ Պաքուի Յարաբերութիւններուն Մէջ  Լարուածութեան Լոյսին Տակ.  Էրտողան Մտադիր Է 8 Նոյեմբերին  Ազրպէյճան Այցելելու
Գլխաւոր լուրեր

Անգարայի Եւ Պաքուի Յարաբերութիւններուն Մէջ Լարուածութեան Լոյսին Տակ. Էրտողան Մտադիր Է 8 Նոյեմբերին Ազրպէյճան Այցելելու

November 7, 2026
Թրամփ. «Ռուսիան Ու Միացեալ Նահանգները Մօտ Են  Համաձայնութիւններու Ոչ Միայն  Ուքրանիոյ Մէջ Կարգաւորման Հարցով»
Միջազգային

Թրամփ. «Ռուսիան Ու Միացեալ Նահանգները Մօտ Են Համաձայնութիւններու Ոչ Միայն Ուքրանիոյ Մէջ Կարգաւորման Հարցով»

November 7, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.