Ռուսիոյ զինուորական-թեքնիք համագործակցութեան դաշնակցային ծառայութեան տնօրէն Տմիթրի Շուկայեւ Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողանի Ռուսիա կատարած այցելութենէն ետք յայտարարած է, թէ Թուրքիան մեծապէս հետաքրքրուած է ռուսական «Սու-35» եւ «Սու-57» հալածիչներով: Այս մասին կը հաղորդէ թրքական «Կազեթա տուվար» լրատուական կայքը:
Շուկայեւ յայտնած է, որ Թուրքիան տակաւին յստակ որոշում չէ տուած, սակայն խորհրդակցութիւններ տեղի ունեցած են:
«Բանակցութիւններու մասին խօսելու գծով կանուխ է, Թուրքիոյ կողմէ տակաւին դիմում չէ եղած», նշած է ան:
Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան երեքշաբթի օր Մոսկուայի մէջ մասնակցած էր «ՄԱՔՍ-2019» միջազգային տօնավաճառի բացման արարողութեան, որուն ընթացքին անոր ներկայացուած էին ռուսական հինգերորդ սերունդի «Սու-57» եւ չորրորդ սերունդի «Սու-35» հալածիչները: