Իրանի նախագահի օգնական, Իրանեան հիւլէական ուժանիւթի կազմակերպութեան նախագահ Ալի Աքպար Սալեհի նշեց. «Յառաջիկայ երկու կամ երեք ամսուան ընթացքին Արաքի հնոցին մասին լաւ լուրեր պիտի յայտարարուին»:
«Պատմութիւնը պիտի վկայէ, որ հիւլէական ճարտարագիտութեան շարժումը Հիւլէական համաձայնութեան հետեւանքով չէ դադրած: Կարելի չէ բազմաթիւ ձեռքբերումներ բացայայտել, սակայն կարելի է ըսել, թէ այս մարզին մէջ աշխատողներուն, փորձագէտներուն եւ հետազօտողներուն թիւը համաձայնութենէն առաջ 14 հազար էր, իսկ այսօր անոնց թիւը 15 հազար է, ինչ որ յառաջդիմութիւն կը նշանակէ», ընդգծեց Սալեհի:



