Թուրքիա եւ Միացեալ Նահանգներ սուրիական բանակի վերջերս արձանագրած յառաջխաղացքին լոյսին տակ պատրաստ են միացեալ ջանքեր գործադրելու` Իտլիպի մէջ նոր մարդասիրական ճգնաժամներու կանխարգիլման եւ Սուրիոյ հիւսիս- արեւմուտքի խաղաղ բնակչութեան պաշտպանութեան ուղղութեամբ:
«ՌԻԱ Նովոսթի» լրատու գործակալութիւնը, յղում կատարելով Թուրքիոյ նախագահի մամլոյ ծառայութեան, կը հաղորդէ, որ այս մասին հեռաձայնային հաղորդակցութիւն ունեցած են Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան եւ Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփ:
Մամլոյ ծառայութենէն յայտնած են, որ հեռաձայնային հաղորդակցութեան ընթացքին անոնք երկկողմ հարցերու կողքին քննարկած են Սուրիոյ մէջ արձանագրուած վերջին զարգացումները:
Ըստ հաղորդման, հեռաձայնային հաղորդակցութեան ընթացքին Էրտողան նաեւ գոհունակութիւն յայտնած է Ֆրանսայի մէջ գումարուած Եօթներու խմբակի վեհաժողովի ծիրին մէջ Իրանի վերաբերեալ ձեռնարկուած քայլերուն եւ Անգարայի մէջ Միացեալ Նահանգներու նոր դեսպան Տէյվիտ Սաթըրֆիլտի գործունէութեան մեկնարկին վերաբերեալ:
Թուրքիոյ եւ Միացեալ Նահանգներու ղեկավարները դարձեալ շեշտած են, որ շահագրգռուած են առեւտուրի փոխադարձ շրջանառութեան աճի եւ այդ ցուցանիշը 100 միլիառ տոլարի հասցնելու հարցով:
Մինչ այդ, Էրտողան Մոսկուայէն վերադարձի ընթացքին օդանաւին մէջ թուրք լրագրողներուն հետ զրոյցի ընթացքին յայտնած է.«Միացեալ Նահանգներու հետ համաձայնութիւնը` Եփրատի արեւելքը գտնուող հատուածը մաքրելու եւ անվտանգութեան գօտի ստեղծելու վերաբերեալ, ճիշդ քայլ է: Ստեղծուած է համակարգող կեդրոն, եւ շուտով պիտի սկսին միացեալ հերթապահութիւնները: Սակայն մենք պիտի չարտօնենք ձգձգել հոլովոյթը, ինչպէս որ ատիկա տեղի կ՛ունենայ Մընպեժի հարցին մէջ»:
Անոր համաձայն, Անգարա պիտի չարտօնէ Սուրիոյ արեւելքը վերածել շրջանի մը, ուր պիտի գտնուին քրտական խմբաւորումները:
«Այժմ մեր ամբողջ սահմանի երկայնքին ամէն ինչ պատրաստ է, բոլորն ալ իրենց տեղերն են` անձնակազմը, զրահապատ մեքենաները: Մենք պատրաստ ենք որեւէ պահու գործի անցնելու: Մեզի համար այդտեղ խնդիրներ չկան», աւելցուցած է Էրտողան:
Ան նաեւ նշած է, թէ Մընպեժի մէջ, որուն շուրջ Միացեալ Նահանգներ եւ Թուրքիա նախապէս համաձայնած էին քրտական խմբաւորումներու դուրսբերման ճամբու քարտէսին շուրջ, քրտական խմբաւորումները «այժմ կը փորձեն խարդախել` ըսելով, թէ դուրս եկած են, սակայն ոչ ոք դուրս կու գայ»:



