Սուրիան կը պատրաստուի դատական հայց ներկայացնել Միացեալ Նահանգներու դէմ: «ՌԻԱ Նովոսթի» կը հաղորդէ, որ այս մասին յայտնած է Սուրիոյ նախագահի խորհրդական Պուսայնա Շաապան:
Ռուսական լրատու գործակալութիւնը կ՛աւելցնէ, թէ սուրիական իշխանութիւնները այս պահուս կ՛ուսումնասիրեն, որ միջազգային մակարդակով ինչպիսի՛ քայլեր անհրաժեշտ են Միացեալ Նահանգներու դէմ հայց ներկայացնելու համար:
Դամասկոս կը պատրաստուի սուրիական քարիւղի գողութեան ու երկիրի գերիշխանութեան ոտնահարման վերաբերեալ մեղադրանքներ առաջադրելու:
Սուրիոյ նախագահ Պաշշար Ասատ նախապէս յայտարարած էր, թէ Միացեալ Նահանգներ գաղտնի կերպով Թուրքիոյ կը վաճառեն Սուրիոյ տարածքէն ապօրինաբար արդիւնահանուած քարիւղը: