Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Թրամփ Պահանջած Է Անյապաղ Սկսիլ Ծերակոյտին Մէջ Իր Պաշտօնազրկման Հոլովոյթի Քննարկումը

Դեկտեմբեր 27, 2019
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփ պահանջած է անյապաղ սկսիլ Քոնկրեսի վերջին պալատին` Ծերակոյտին մէջ իր պաշտօնազրկման հոլովոյթը: Այս մասին կը հաղորդէ «ՌԻԱ Նովոսթի» լրատու գործակալութիւնը:

«Այն բանէն ետք, երբ դեմոկրատականները Ներկայացուցիչներու տան մէջ չապահովեցին պատշաճ դատական հոլովոյթ` առանց փաստաբաններու, առանց վկաներու, առանց ոչինչի, հիմա ալ կ՛ուզեն ուղղորդել Ծերակոյտը, թէ ինչպէ՛ս պէտք է իրականացնել ընթացակարգը: Ընդհանրապէս, անոնք (դեմոկրատականները) զերօ ապացոյց ունին ամէն ինչի մասին, երբեք ալ պիտի չունենան: Ես անյապաղ հոլովոյթ կ՛ուզեմ», յայտարարած է Թրամփ:

Ան յիշեցուցած է նաեւ, որ ոչ մէկ հանրապետական քուէարկած է իր պաշտօնազրկման հոլովոյթի օգտին, ինչ որ կը խօսի իր կուսակիցներու աննախադէպ միասնականութեան մասին:

«Դեմոկրատականներու ապացոյցները այնքան վատ են, որ անոնք չեն ուզեր նոյնիսկ դատարան երթալ», աւելցուցած է Թրամփ:

Թրամփի դէմ հոլովոյթի ժամկէտներն ու ձեւաչափը տակաւին որոշուած չեն: Ծերակոյտին մէջ հանրապետական մեծամասնութեան ղեկավար Միչ ՄքՔանըլ 19 դեկտեմբերին լրագրողներուն յայտնած է, որ Քոնկրեսի վերին պալատը Ս. Ծննդեան արձակուրդէն պիտի վերադառնայ 6 յունուարին, իսկ մինչ այդ քուէարկութիւն չի նախատեսուիր:

Քոնկրեսի ստորին պալատի` Ներկայացուցիչներու տան նախագահ Նենսի Փելոսի տակաւին գործը չէ փոխանցած Ծերակոյտին եւ չէ նշանակած խումբը այն քոնկրեսականներուն, որոնք պէտք է վերին պալատին մէջ ներկայացնեն մեղադրանքները: Ատիկա կը նկատուի իբրեւ ճնշման միջոց հանրապետականներուն վրայ, որպէսզի անոնք համաձայնին դեմոկրատականներու պահանջին` Թրամփի նկատմամբ դատական հոլովոյթի ձեւաչափի հարցին մէջ:

Յիշեցնենք, որ Ներկայացուցիչներու տունը քուէարկած էր ի նպաստ նախագահ Տանըլտ Թրամփի պաշտօնազրկման` լիազօրութիւններու չարաշահում եւ Քոնկրեսի աշխատանքի խոչընդոտում յօդուածներով:

Ներկայացուցիչներու տան մէջ մեծամասնութիւն եղող դեմոկրատականները քուէարկած են ի նպաստ Թրամփի պաշտօնազրկման, իսկ հանրապետականները դէմ քուէարկած են:

Այժմ Թրամփը իշխանութենէն զրկելու համար անհրաժեշտ է ծերակուտականներու երկու երրորդին համաձայնութիւնը, սակայն ներկայիս հանրապետականներու մեծամասնութիւնը մտադիր չէ քուէարկել նախագահին դէմ:

 

Նախորդը

Իսրայէլ Կը Յայտարարէ, Որ Պիտի Մասնակցի Տուպայի Միջազգային Ցուցահանդէսին

Յաջորդը

Ռուսական Ուժերը Տեղակայուած Են Հասաքէի Գիւղերէն Մէկուն Մէջ, Ուր Նախապէս Կային Ամերիկեան Ուժեր

RelatedPosts

Թրամփ. «Կազայի Համաձայնութեան Երկրորդ Փուլի Շուրջ Բանակցութիւնները Սկսան»
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ. «Կազայի Համաձայնութեան Երկրորդ Փուլի Շուրջ Բանակցութիւնները Սկսան»

Հոկտեմբեր 14, 2025
Իսրայէլեան Քնեսեթին Առջեւ Խօսք Արտասանելով`  «Ասիկա Նոր Միջին Արեւելքի Պատմական Արշալոյսն Է. Բարեկամութեան Ձեռքը Երկարած Ենք Իրանին»  Յայտարարեց Թրամփ
Գլխաւոր լուրեր

Իսրայէլեան Քնեսեթին Առջեւ Խօսք Արտասանելով` «Ասիկա Նոր Միջին Արեւելքի Պատմական Արշալոյսն Է. Բարեկամութեան Ձեռքը Երկարած Ենք Իրանին» Յայտարարեց Թրամփ

Հոկտեմբեր 14, 2025
Լըքորնիւ. «Նոր Կառավարութիւնը Կազմուեցաւ, Որպէսզի Երկիրը Տարեվերջէն Առաջ Ամավարկ Ունենայ»
Միջազգային

Լըքորնիւ. «Նոր Կառավարութիւնը Կազմուեցաւ, Որպէսզի Երկիրը Տարեվերջէն Առաջ Ամավարկ Ունենայ»

Հոկտեմբեր 14, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?