Թուրքիոյ պաշտպանութեան փոխնախարար Ալփասլան Քաւաքլըօղլու մասնակցած է Թուրքիոյ եւ Ճափոնի երկկողմանի յարաբերութիւններու ամրապնդման նուիրուած ձեռնարկին: «Անատոլու» լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ ձեռնարկը տեղի ունեցած է Ճափոնի դեսպանատան մէջ:
Թուրքիոյ մէջ Ճափոնի դեսպան Աքիօ Միաձիմա ձեռնարկի ընթացքին յայտնած է. «Թուրքիան եւ Ճափոնը աշխարհագրականօրէն իրարմէ հեռու են, սակայն մեր սիրտերը իրարու մօտ են: Այսինքն` երկու պետութիւն, մէկ ազգ ենք»:
Քաւաքլըօղլու իր կարգին նշած է, որ եթէ Թուրքիոյ մէջ հարցախոյզ կատարուի սիրելի երկրի եւ ազգի վերաբերեալ, առաջին դիրքերէն մէկուն վրայ պիտի ըլլան Ճափոնն ու ճափոնցիները:
«Որովհետեւ մեր երկիրներուն եւ ժողովուրդներուն միջեւ շատ մեծ նմանութիւն կայ, մեր պատմութիւններուն մէջ զուգահեռներ կան: Ճափոնցիները շատ հաւատարիմ են իրենց աւանդութիւններուն ու սովորութիւններուն, մեծ նշանակութիւն կու տան պատիւին ու արժանապատուութեան վերաբերող հարցերուն: Ճափոնցիները շատ աշխատասէր ու յաւակնոտ են: Այս որակներուն շնորհիւ ճափոնցիները կրցան վերապրիլ Համաշխարհային Բ. պատերազմի դժուարութիւններէն, ինչպէս ժամանակին թուրքերը վերապրեցան Համաշխարհային Ա. պատերազմէն, եւ այսօր արդէն ճափոնցիները արժանացած են ամբողջ աշխարհի յարգանքին ու հիացմունքին: Թուրք ժողովուրդը նոյնպէս շատ բարձր կը գնահատէ ճափոնցի ժողովուրդին ձեռքբերումները», ըսած է Թուրքիոյ պաշտպանութեան փոխնախարարը:
Քաւաքլըօղլու նաեւ ընդգծած է, որ երկու երկիրներուն միջեւ համագործակցութիւնը պիտի ամրապնդուի:



