Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ըստ «Ուաշինկթըն Փոսթ»-ի. Թրամփ Փոմփէոն Փոխարինող Մը Կը Փնտռէ

December 28, 2019
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփ արտաքին գործոց նախարարի պաշտօնին համար կը փնտռէ թեկնածուներ, որովհետեւ ներկայ արտաքին գործոց նախարար Մայք Փոմփէոն հաւանաբար Ծերակոյտի ընտրութիւններուն մասնակցելու համար որոշէ լքել պաշտօնը: Այս մասին կը հաղորդէ «Ուաշինկթըն Փոսթ» օրաթերթը:

Փոմփէօ հաւանաբար Քանսասի նահանգէն առաջադրուի Ծերակոյտի ընտրութիւններուն: Օրաթերթին զրուցակիցները նշած են, որ ամերիկեան դիւանագիտութեան պետը տակաւին վերջնական որոշում չէ տուած, սակայն ան տակաւին ժամանակ ունի, որովհետեւ թեկնածուներու արձանագրութիւնը կ՛աւարտի յունիս 2020-ին:

Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարի պաշտօնին հաւանական թեկնածուներու ցանկին վրայ կը նշուին.

– Միացեալ Նահանգներու ազգային անվտանգութեան հարցերով օգնական Ռապըրթ Օ՛Պրայընը,

– Ելեւմուտքի նախարար Սթիվըն Մնուչինը,

– Գերմանիոյ մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպան Ռիչըրտ Կրենըլը,

– Արտաքին գործոց նախարարի առաջին տեղակալ Սթիվըն Պիկընը,

– Իրանի հարցերով Միացեալ Նահանգներու յատուկ պատուիրակ Պրայըն Հուքը,

– Հանրապետական ծերակուտականներ Մարք Ռուպիոն (Ֆլորիտա նահանգէն) եւ Թամըս Քոթթոնը (Արքընսաս նահանգէն):

Ամերիկեան ազդեցիկ օրաթերթին տուեալներով` Փոմփէոյի իբրեւ իրաւայաջորդ ամէնէն շատը կը նշուի Ռապըրթ Օ՛Պրայընի անունը: Ան կը վայելէ նախագահ Թրամփի համակրանքը, որուն շնորհիւ ստացած է դիւանագիտական աւելի մեծ լիազօրութիւններ:

Ան նախագահին փոխարէն մեկնած է Թայլանտ` մասնակցելու Հարաւարեւելեան Ասիոյ պետութիւններու ընկերակցութեան հոկտեմբերեան վեհաժողովին, ինչպէս նաեւ ուղեկցած է փոխնախագահ Մայք Փենսին եւ արտաքին գործոց նախարար Մայք Փոմփէոյին` Թուրքիա կատարած այցելութեան ժամանակ, ուր անոնք պէտք է համաձայնէին Սուրիոյ մէջ զինուորական գործողութիւնները դադրեցնելու մասին:

Կը նշուի, որ անոր թեկնածութեան կը զօրակցի նաեւ Փոմփէոն:

Փոմփէօ արտաքին գործոց նախարար նշանակուած է ապրիլ 2018-ին: Մինչ այդ, ան 2017-2018 թուականներուն վարած է «Սի.Այ.Էյ.»-ի տնօրէնի պաշտօնը:

 

 

Նախորդը

«Պիելոռուսիան Երբեք Պիտի Չմտնէ Այլ Պետութեան Մը Կազմին Մէջ, Իմ Օրովս Ատիկա Երբեք Տեղի Պիտի Չունենայ» Կ՛ըսէ Լուքաշենքօ

Յաջորդը

Իրանին Օժանդակած Թրքական Պետական Դրամատան Մը Դէմ Դատական Հետապնդումը Դադրեցնելու Դիմումը Մերժուեցաւ

RelatedPosts

Վանս. «Ներկայիս Ուաշինկթընի Թիւ  Մէկ Առաջնահերթութիւնը Միջազգային  Տնտեսութեան Ուժանիւթի Մատակարարման  Շարունակութիւնն Է, Իսկ Իրանին Հիւլէական Զէնք Ձեռք Ձգել Արգիլելը` Երկրորդը»
Գլխաւոր լուրեր

Վանս. «Թրամփ Իրանի Հետ Երկարատեւ Պատերազմ Մը Պիտի Չարտօնէ»

October 31, 2026
Լաւրով Միացեալ Նահանգներ Կ՛այցելէ`  Մասնակցելու Համար Քսաններու Խմբակի  Նախարարներու Հանդիպումին
Գլխաւոր լուրեր

Լաւրով Միացեալ Նահանգներ Կ՛այցելէ` Մասնակցելու Համար Քսաններու Խմբակի Նախարարներու Հանդիպումին

October 31, 2026
Պարրաք. «Մեծն Իսրայէլի Մասին  Խօսիլը Պարզապէս Պատրանք Է»
Միջազգային

Պարրաք. «Մեծն Իսրայէլի Մասին Խօսիլը Պարզապէս Պատրանք Է»

October 31, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.