Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Սէուտական Արդարադատութիւնը Խաշոկճիի Սպանութեան Հարցով Անպարտ Հռչակեց Քահթանին Եւ 5 Հինգ Ուրիշներ Մահուան Դատապարտեց

December 24, 2019
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Սէուտական Արաբիոյ ընդհանուր դատախազ Սէուտ պըն Ապտալլա Մուաժապ երէկ յայտնեց, որ դատարանը սէուտցի լրագրող Ժամալ Խաշոկճիի սպանութեան հարցով 5 անձեր դատապարտած է մահուան, իսկ 3 ուրիշներ` 24 տարի բանտարկութեան:

Ընդհանուր դատախազը մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին յայտնեց, որ սէուտական արքունիքի նախկին խորհրդական Սէուտ Քահթանիի շուրջ հետաքննութիւն կատարուած է, սակայն անոր դէմ ամբաստանութիւն չէ ներկայացուած, ուստի եւ ազատ արձակուած է: Ազատ արձակուած է նաեւ Թուրքիոյ մէջ Սէուտական Արաբիոյ հիւպատոս Մոհամետ Աթէյպին: Հետաքննութիւնը ցոյց տուած է, թէ դատապարտեալներուն եւ Խաշոկճիի միջեւ թշնամանք գոյութիւն չունէր:

«Ուաշինկթըն Փոսթ» օրաթերթը մայիսին հարց տուած էր Քահթանիի գտնուելու վայրին մասին եւ նշած, որ ան վերջերս տեսնուած է Ժետտայի մէջ, ինչպէս նաեւ մայրաքաղաք Ռիատի արքունիքի գրասենեակներուն մէջ:

Լաւատեղեակ աղբիւրներ նախապէս «Ռոյթըրզ»-ին յայտնած էին, թէ 2 հոկտեմբեր 2018-ին սէուտցի ընդդիմադիր լրագրող Ժամալ Խաշոկճիի` Պոլսոյ մէջ սէուտական հիւպատոսարանին մէջ սպանութեան գործողութիւնը ղեկավարողը Քահթանին է:

Նշենք, որ թրքական արդարադատութիւնը 5 դեկտեմբեր 2018-ին Քահթանին եւ սէուտական գաղտնի սպասարկութեան նախկին փոխնախագահ Ահմետ Ասիրին ձերբակալելու հրամանագիր հրապարակած էր:

Ամերիկացի բարձրաստիճան պաշտօնատար մը «Ռոյթըրզ»-ին յայտնեց, որ Ուաշինկթըն սէուտական դատավարութիւնը կը նկատէ «կարեւոր առաջին քայլ մը»:

Խաշոկճիի որդին «Թուիթըր»-ի վրայ գրեց. «Սէուտական արդարադատութեան նկատմամբ մեր վստահութիւնը կը հաստատենք»:

Սակայն Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւնը նշեց, որ սէուտական դատարանի վճիռը «արդարութիւն չ՛իրագործեր», ինչպէս նաեւ «Թուրքիոյ ու միջազգային հասարակութեան` այս ոճիրին բոլոր ծալքերը բացայայտելու փափաքն ու արդարութեան հաստատումը չ՛իրագործեր»:

 

 

Նախորդը

Սուրիական Օդային Պաշտպանութեան Համակարգերը Դէմ Դրած Են Իսրայէլեան Հրթիռներու

Յաջորդը

«Ռուսիան Պիտի Պատասխանէ Ամերիկեան Պատժամիջոցներուն» Կ՛ըսէ Լաւրով

RelatedPosts

Թրամփ. «Միջանկեալ Ընտրութիւններէն  Առաջ Իրանի Վրայ Յարձակում Պիտի Չգործենք»
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ. «Միջանկեալ Ընտրութիւններէն Առաջ Իրանի Վրայ Յարձակում Պիտի Չգործենք»

October 10, 2026
Սաար. «Քոլոմպիան Չորեքշաբթի Օր  Երուսաղէմի Մէջ Իր Դեսպանատունը Պիտի Բանայ»
Միջազգային

Սաար. «Քոլոմպիան Չորեքշաբթի Օր Երուսաղէմի Մէջ Իր Դեսպանատունը Պիտի Բանայ»

October 10, 2026
Փութինի Հետ Հանդիպումի Ընթացքին.  Փեզեքշիան. «Եթէ Ամերիկա Շարունակէ  Իր Գործելաոճը, Կարելի Պիտի Չըլլայ Մօտիկ  Ապագային Պատերազմին Վերջ Տալ»
Միջազգային

Փութինի Հետ Հանդիպումի Ընթացքին. Փեզեքշիան. «Եթէ Ամերիկա Շարունակէ Իր Գործելաոճը, Կարելի Պիտի Չըլլայ Մօտիկ Ապագային Պատերազմին Վերջ Տալ»

October 10, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.