Ազրպէյճանի նախկին արտաքին գործոց նախարար Թոֆիք Զուլֆուկարով «Մինվալ» կայքին հետ հարցազրոյցի ընթացքին ծայրայեղ բացասական գնահատած է Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրովի` Պաքու կատարած այցելութեան արդիւնքները:
Իբրեւ իր գնահատականի պատճառ` ազրպէյճանցի դիւանագէտը նշած է ղարաբաղեան տագնապի լուծման ուղղուած քայլերու որոշակի յաջորդականութիւնը: Զուլֆուկարով, մեկնաբանելով Լաւրովի այն խօսքերը, թէ տագնապը պէտք է լուծուի Ղարաբաղի բնակչութեան կամքը հաշուի առնելով, նշած է, որ այդ միտքը կը հակասէ բանակցութիւններու երկկողմանի ձեւաչափին:
Զուլֆուկարով յիշած է նաեւ Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Մարիա Զախարովայի այն յայտարարութիւնը, թէ Ռուսիոյ պաշտօնական դիրքորոշումը կը մնայ նոյնը, եւ Ռուսիան կարիք չի տեսներ ձեւաչափի փոփոխութեան, այնքան ատեն որ կողմերը իրենք նոր ձեւաչափի կարիք չեն տեսներ: Ազրպէյճանի արտաքին գործոց նախկին նախարարը Զախարովայի յայտարարութենէն եզրակացուցած է, որ Ռուսիոյ մէջ որոշակի քննադատական մօտեցում կայ Լեռնային Ղարաբաղի հարցին մէջ Լաւրովի վարած քաղաքականութեան նկատմամբ:
Ազրպէյճանցի դիւանագէտը նշած է, որ ինք բացասական կը գնահատէ այցելութիւնը նաեւ այն պատճառով, որ Լաւրովէն կը սպասէին նոր յայտարարութիւններ, իսկ ան «հին յայտարարութիւններ կատարած է փոխզիջումներու մասին»: