Բրիտանիոյ Աշխատաւորական կուսակցութեան հինգ անդամներ` չորս կին եւ մէկ տղամարդ կը պայքարին կուսակցութեան ղեկավար դառնալու համար: Այս մասին կը հաղորդէ «Ֆայնենշըլ Թայմզ» օրաթերթը:
13 յունուարին անոնք բոլորն ալ յաղթահարած են աշխատաւորական երեսփոխաններու 22 քուէներու շեմը: Առաւելագոյն ձայնը` 89, հաւաքած է «Պրեքզիթ»-ի գործերու ստուերային նախարար Քիր Սթարմըր: Ան կը նկատուի կուսակցութեան ղեկավարի պաշտօնը ստանձնելու ամէնէն հաւանական թեկնածուն, հակառակ անոր որ աշխատաւորականներէն շատեր կը յայտարարեն, թէ կուսակցութեան կին ղեկավար պէտք է:
Առեւտուրի ստուերային նախարար Ռեպեքա Լոնկ-Պէյլի ստացած է 33 քուէ, երեսփոխան Լայզա Նենտի եւ Ճես Ֆիլիփս ապահոված են յաջորդաբար 31 եւ 23 քուէ: 23 քուէ ապահոված է նաեւ արտաքին գործոց ստուերային նախարար Էմիլի Թոռնպըրրին:
Մէկ այլ թեկնածու` Քլայվ Լուիս կամաւոր դուրս եկած է կուսակցապետի պաշտօնին համար պայքարէն: Այժմ թեկնածուները պէտք է մինչեւ 14 փետրուար ապահովեն կուսակցութենէն կախեալ երեք կառոյցի աջակցութիւնը, որոնցմէ երկուքը պէտք է ըլլան արհեստակցական միութիւններ, կամ կուսակցական կազմակերպութիւններու 5 առ հարիւրի աջակցութիւնը:
Ատոր պիտի յաջորդէ նամակատունով քուէարկութիւնը, որուն պիտի մասնակցին Աշխատաւորական կուսակցութեան շուրջ 500 հազար անդամներ: Կուսակցութեան նոր ղեկավարի անունը պիտի յայտարարուի 4 ապրիլին:
Աշխատաւորականներու նախորդ ղեկավար Ճերըմի Քորպին կուսակցութեան ղեկավարի պաշտօնը լքելու մասին յայտարարած էր, երբ խորհրդարանական վերջին ընտրութիւններուն կուսակցութիւնը 1935 թուականէն ի վեր ամէնէն վատ արդիւնքը ձեռք բերաւ:
Աշխատաւորական կուսակցութիւնը բրիտանական ընտրութիւններուն մէջ յաղթանակ չէ տարած 2005 թուականէն ի վեր, երբ երրորդ նստաշրջանի մը համար Բրիտանիոյ վարչապետ ընտրուեցաւ աշխատաւորական Թոնի Պլեր: