Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Սպառնալով Արգելք Հանդիսանալ Իտլիպի Մէջ Սուրիոյ Կառավարութեան Կողմէ Զինադադարի Խախտումներուն. «Հաֆթարին Դաս Պիտի Տանք, Եթէ Իր Յարձակումները Շարունակէ» Կ՛ըսէ Էրտողան

January 15, 2020
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան շեշտեց. «Պիտի չտատամսինք Լիպիոյ ազգային բանակի հրամանատար զօր. Խալիֆա Հաֆթարին պէտք եղած դասը տալ, եթէ շարունակէ մեր լիպիացի եղբայրներուն ու երկրին օրինական կառավարութեան դէմ իր յարձակումները»:

Էրտողան իր գլխաւորած Արդարութիւն եւ բարգաւաճում կուսակցութեան նիստին ընթացքին յայտնեց. «Մենք Սուրիոյ, Լիպիոյ եւ Միջերկրական ծովուն մէջ արկածներ չենք փնտռեր: Մենք կայսերական ձգտումներ չունինք, եւ մեր աչքերը քարիւղի եւ դրամի ագահութենէն չեն կուրնար: Սակայն մենք չենք կրնար անտարբեր ըլլալ Լիպիոյ մէջ ապրողներուն նկատմամբ»:

Թուրքիոյ նախագահը վերյիշեց, որ Լիպիան ժամանակին Օսմանեան կայսրութեան մէկ կարեւոր մասը եղած է, եւ Թուրքիան պատմական եւ ընկերային խոր կապեր ունի Լիպիոյ հետ:

«Այդ երկրին մէջ մենք եղբայրներ ունինք: Հաֆթարը կ՛ուզէ զանոնք ալ վերցնել: Մեր պարտքն է պաշտպանել զանոնք: Մենք կը հասկնանք մեր պատասխանատուութիւնը Լիպիոյ մեր բոլոր եղբայրներուն առջեւ: Երէկ Մոսկուայի մէջ Թրիփոլիի կառավարութիւնը կառուցողական մօտեցում ցուցաբերեց: Սակայն Հաֆթարը մերժեց ստորագրել զինադադարի մասին համաձայնագիրը: Ան այո ըսաւ, ապա հեռացաւ Մոսկուայէն, փախաւ», նշեց ան` աւելցնելով, որ Հաֆթար իր այդ քայլով «ցոյց տուաւ իր իսկական դէմքը», եւ իրենք զարմացած չեն տեղի ունեցածէն:

«Չենք կրնար ձեռնածալ մնալ Լիպիոյ իրադարձութիւններուն նկատմամբ, եւ անոնց նկատմամբ, որոնք Լիպիան արեան ու կրակի մէջ կը թաթխեն եւ նոյն ատեն Թուրքիոյ նկատմամբ իրենց ատելութիւնը ցոյց կու տան», ըսաւ Էրտողան:

«Անոնք, որոնք Լիպիոյ մէջ Թուրքիոյ ներկայութեան պատճառին մասին կը հարցնեն, անծանօթ են քաղաքականութեան ու պատմութեան, որովհետեւ եթէ Թուրքիան չմիջամտէր, յեղաշրջական Հաֆթարը ամբողջ երկիրը գրաւած պիտի ըլլար», յայտնեց Թուրքիոյ նախագահը:

«Մենք մեր ընելիքը ըրինք, այժմ կարգը Փութինին եւ անոր խումբին է», ըսաւ ան:

Անդրադառնալով Սուրիոյ մէջ տիրող կացութեան` Էրտողան յայտարարեց. «Թուրքիան մտադիր է անհրաժեշտութեան պարագային արգելք հանդիսանալ Սուրիոյ կառավարութեան  Իտլիպի մէջ զինադադարի խախտումներուն»:

«Իտլիպի մէջ զինադադարը պէտք է այնպիսի ձեւով ընթանայ, որ կանխարգիլէ 400 հազար գաղթականներու դէպի Թուրքիոյ հետ սահման հոսքը», ըսաւ Էրտողան:

Նշենք, որ Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Մեւլութ Չաւուշօղլու երէկ իր կարգին յայտարարեց. «Հաֆթարի` զինադադարին շուրջ համաձայնագիրը չստորագրելը ցոյց տուաւ, թէ ո՛վ պատերազմ կ՛ուզէ եւ ո՛վ` խաղաղութիւն»:

Ռուսիոյ պաշտպանութեան նախարարութիւնը յայտնեց, թէ Հաֆթար երկու օր խնդրած է իր դաշնակիցներուն հետ զինադադարի համաձայնութիւնը սերտելու համար:

Նախորդը

«Ծայրայեղականները Սուրիայէն Լիպիա Կ՛երթան, Որպէսզի Այնտեղ Ալ «Ջուրը Պղտորեն» Կ՛ըսէ Լաւրով

Յաջորդը

Եգիպտոս Կրնայ Լիպիոյ Մէջ Զինուորական Միջամտութիւն Կատարել` Դէմ Դնելու Համար «Թրքական Ներխուժում»-ին

RelatedPosts

Թրամփ. «Իրանի Մէջ Առաքելութիւնը Մէկ  Օրուան Մէջ Աւարտեցինք, Սակայն Այդտեղ Մնացինք,  Որպէսզի Մեր Յաղթանակը Կարճատեւ Չըլլայ»
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ. «Իրանի Մէջ Առաքելութիւնը Մէկ Օրուան Մէջ Աւարտեցինք, Սակայն Այդտեղ Մնացինք, Որպէսզի Մեր Յաղթանակը Կարճատեւ Չըլլայ»

October 3, 2026
Ըստ Իսրայէլացի Պաշտօնատարի Մը.  Արաբական Միացեալ  Էմիրութիւնները Զայրացած Են
Միջազգային

Ըստ Իսրայէլացի Պաշտօնատարի Մը. Արաբական Միացեալ Էմիրութիւնները Զայրացած Են

October 3, 2026
Ռիատի Մէջ Մեքքայի Համաձայնագիրի Անդամ  Երկիրներու Արտակարգ Ժողով` Հուսիներու Հետ  Քաղաքական Ներգրաւուածութեան Քննարկման Համար
Միջազգային

Ռիատի Մէջ Մեքքայի Համաձայնագիրի Անդամ Երկիրներու Արտակարգ Ժողով` Հուսիներու Հետ Քաղաքական Ներգրաւուածութեան Քննարկման Համար

October 3, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.