Իզմիրի դատախազութիւնը հրամայած է կալանաւորել 176 սպաներ, որոնք կը կասկածուին ընդդիմադիր իսլամական քարոզիչ Ֆեթհուլլա Կիւլենի կազմակերպութեան հետ կապեր ունենալու մէջ: Այս մասին կը հաղորդէ «Անատոլու» լրատու գործակալութիւնը:
Կիւլենի ենթադրեալ կողմնակիցներու ձերբակալման գործողութիւնը տեղի կ՛ունենայ 49 նահանգներու մէջ: Կասկածելիներու շարքին են 108 գործող տեղակալներ եւ Ա. տեղակալներ, ինչպէս նաեւ «Էֆ-16» հալածիչներու վեց օդաչուներ: Արդէն ձերբակալուած են 115 զինուորներ:
Թուրքիոյ իշխանութիւնները Կիւլենի «Ֆեթօ» կազմակերպութիւնը կը նկատեն ահաբեկչական եւ զայն կը մեղադրեն յուլիս 2016-ին պետական յեղաշրջման փորձին մասնակցութեան յանցանքով:
Նշենք, որ Թուրքիոյ մէջ յեղաշրջման փորձէն ետք կալանաւորուած է աւելի քան 80 հազար մարդ, աշխատանքէն պաշտօնազրկուած կամ հեռացուած են աւելի քան 160 հազար պետական պաշտօնեաներ, ներառեալ զինուորներ: