Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ուաշինկթըն Կը Սպառնայ Իրաքի Դէմ Պատժամիջոցներ Կիրարկել, Եթէ Շարունակէ Ամերիկեան Ուժերու Հեռացման Վրայ Պնդել

January 16, 2020
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Ամերիկեան վարչակազմը կը պատրաստուի Իրաքը զրկել 250 միլիոն տոլարի զինուորական օժանդակութենէն, եթէ երկիրը շարունակէ ամերիկեան ուժերու հեռացման վրայ պնդել: Այս մասին «Տը Ուոլ Սթրիթ Ճըռնըլ» օրաթերթին յայտնած է Սպիտակ տան պաշտօնական աղբիւրներէն մէկը:

Կը նշուի, թէ այդ առնչութեամբ տակաւին վերջնական որոշում չէ տրուած, սակայն կառավարութիւնը յանձնարարած է գտնել այն բոլոր տարբերակները, որոնցմով կարելի պիտի ըլլայ Իրաքին նախատեսուած միջոցները` ներառեալ ելեւմտական, յետաձգել մինչեւ 2021 թուական: Օժանդակութեան արգելակումը մնայուն չէ եւ կրնայ փոխուիլ Իրաքի նոր քաղաքական ուղղութեան փոփոխութեան պարագային:

Այս ամէնը հետեւանք է այն բանին, որ Իրաքի մէջ գտնուող իրանցի զօր. Քասեմ Սիւլէյմանին Պաղտատի մէջ սպաննուեցաւ Միացեալ Նահանգներու ուժերուն կողմէ, որմէ ետք Իրաքի խորհրդարանը պահանջեց ամերիկեան ուժերու հեռացումը:

Բացի ելեւմտական օժանդակութենէն զրկումէն, այլ պատժամիջոցներ եւս պիտի կիրարկուին Իրաքի դէմ, եթէ երկիրը որոշէ Ռուսիայէն գնել «Էս-400» հակաօդային պաշտպանութեան համակարգերը:

«Ինչ կը վերաբերի «Էս-400»-ներուն, ապա անոնց գնումը ամենայն հաւանականութեամբ պիտի յանգեցնէ նոր պատժամիջոցներու», յայտարարած է Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութեան Միջին Արեւելքի խորհրդական Ճոուի Հուտ:

Նշենք, որ Իրաքի մէջ հրթիռակոծուած է Պաղտատէն հիւսիս գտնուող Թաժի ռազմակայանը, ուր կը գտնուին ամերիկացի զինուորներ: Կիրակի օր հրթիռակոծուած էր Պալատ ռազմակայանը, ուր եւս ամերիկացի զինուորներ կան:

 

Նախորդը

Ազրպէյճանցիներ Գերմանիոյ Մէջ Վրաստանի, Ուքրանիոյ Եւ Ռուսիոյ Դեսպանատուներուն Առջեւ Ցոյց Կատարելով Կը Պահանջեն Կազմաքանդել Բռնապետ Հայտար Ալիեւի Արձանները

Յաջորդը

«Թուրքիոյ Ջանքերն Ու Լիպիոյ Ազգային Համաձայնութեան Կառավարութեան Աջակցութիւնը Պատերազմին Մէջ Հաւասարակշռութիւն Յառաջացուցին» Կ՛ըսէ Քալըն

RelatedPosts

Բուռն Բախումներ Հալէպի Կարգ Մը  Թաղամասերու Մէջ
Գլխաւոր լուրեր

Բուռն Բախումներ Հալէպի Կարգ Մը Թաղամասերու Մէջ

January 9, 2026
Սուրիա – Իսրայէլ Համաձայնութիւն
Գլխաւոր լուրեր

Սուրիա – Իսրայէլ Համաձայնութիւն

January 9, 2026
Սահեր. «Գոյանալիք Որեւէ Համաձայնութեան Մէջ  Պիտի Պահպանենք Որեւէ Խախտում Արձանագրուելու  Պարագային Գործելու Մեր Ազատութիւնը»
Միջազգային

Սահեր. «Հալէպի Մէջ Քիւրտ Փոքրամասնութեան Վրայ Սուրիական Ուժերու Յարձակումները Վտանգաւոր Ու Մտահոգիչ Են»

January 9, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.