Իրանի նախագահ Հասան Ռուհանի հաւանութիւն տուաւ Փենթակոնը ահաբեկչական կազմակերպութիւններու ցանկին վրայ ներառելու օրինագիծին, որ կու գայ ամբողջացնելու ապրիլ 2019-ին Իրանի մէջ Միացեալ Նահանգներու բանակի գլխաւոր սպայակոյտը երկրին մէջ արգիլելու վերաբերեալ օրէնքը: Այս մասին կը հաղորդէ ԹԱՍՍ լրատու գործակալութիւնը:
Օրէնքին համաձայն, Միացեալ Նահանգներու պաշտպանութեան նախարարութեան բոլոր անդամները եւ նախարարութեան հետ կապ ունեցող անձերը կը նկատուին ահաբեկիչներ:
Յիշեցնենք, որ Միացեալ Նահանգներ 9 ապրիլ 2019-ին Իրանի Յեղափոխական պահակագունդը դասած էին ահաբեկչական կազմակերպութիւններու շարքին: