Միջազգային

Թրքական Պատկերասփիւռի Կայանի Տնօրէնին Համաձայն. Սիւլէյմանին Որոշիչ Դեր Ունեցած Է 2016-ի Յեղաշրջման Փորձի Տապալման Գործին Մէջ

Թրքական Պատկերասփիւռի Կայանի Տնօրէնին Համաձայն. Սիւլէյմանին Որոշիչ Դեր Ունեցած Է 2016-ի Յեղաշրջման Փորձի Տապալման Գործին Մէջ

Թրքական «Քուտուս» պատկերասփիւռի կայանի տնօրէն Նուրուտտին Շիրին յայտարարած է, որ իրանցի զօրավար Քասեմ Սիւլէյմանին կարեւոր դեր խաղցած է 15 յուլիս 2016-ին Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողանի դէմ կազմակերպուած յեղաշրջման փորձի տապալման գործին մէջ: Այս մասին կը հաղորդէ «Թըրքիշմինըթ» կայքը: «Նախագահ Էրտողան գիտէ, թէ Սիւլէյմանին 15 յուլիսին ի՛նչ ըրած է Թուրքիոյ համար», նշած է Շիրին: Յիշեցնենք, որ 15 յուլիս 2016-ին, Թուրքիոյ...

Ըստ «Սի. Էն. Էն.»-ի, «Միացեալ Նահանգներ Որոշակի Դեսպանատուներ Չեն Նախազգուշացուցած Իրանի Հաւանական Յարձակումի Մասին». Փոմփէօ Կը Հերքէ

Ըստ «Սի. Էն. Էն.»-ի, «Միացեալ Նահանգներ Որոշակի Դեսպանատուներ Չեն Նախազգուշացուցած Իրանի Հաւանական Յարձակումի Մասին». Փոմփէօ Կը Հերքէ

Միացեալ Նահանգներ իրանցի զօրավար Քասեմ Սիւլէյմանիի սպանութեան գործողութենէն առաջ որոշակի դեսպանատուներ չեն զգուշացուցած Իրանի հաւանական յարձակումին մասին: Այս մասին կը հաղորդէ «Սի.Էն.Էն.» պատկերասփիւռի կայանը` վկայակոչելով իր աղբիւրները: «Արտաքին գործոց նախարարութիւնը նախքան (Սիւլէյմանիի սպանութեան) գործողութեան իրականացումը ընդհանուր նախազգուշացում ուղարկած է Միացեալ Նահանգներու բոլոր դեսպանատուներուն, սակայն նախազգուշացումը որոշակի դեսպանատուներու ուղղուած չէ եղած եւ զգուշացում չէ կատարուած անխուսափելի յարձակման մասին», կը հաղորդէ պատկերասփիւռի...

«Սէուտական Արաբիան Սիւլէյմանիի Ահաբեկման Մէջ Միացեալ Նահանգներուն Գործընկեր Է» Կ՛ըսէ Մուսաւի

«Սէուտական Արաբիան Սիւլէյմանիի Ահաբեկման Մէջ Միացեալ Նահանգներուն Գործընկեր Է» Կ՛ըսէ Մուսաւի

Իրանի արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Ապպաս Մուսաւի Սէուտական Արաբիան ամբաստանեց` նշելով. «Ան Իրանի Յեղափոխական պահակագունդի «Քուտս» ջոկատի հրամանատար Քասեմ Սիւլէյմանիի ահաբեկման մէջ Միացեալ Նահանգներուն գործընկեր է»: «Այն ինչ որ շրջանը աւելի ապահով պիտի դարձնէ` հեռացումն է օտար ուժերուն ու օտար տիրութեան, որ շրջանցած է կարգ մը երկիրներու օրէնքները», նշեց Մուսաւի:  

«Երուսաղէմը Միշտ Մեր Կարմիր Գիծն Է, Եւ «Դարու Գործարք»-ը Դատապարտուած Է Ձախողութեան» Կ՛ըսէ Շենթոփ

«Երուսաղէմը Միշտ Մեր Կարմիր Գիծն Է, Եւ «Դարու Գործարք»-ը Դատապարտուած Է Ձախողութեան» Կ՛ըսէ Շենթոփ

Թուրքիոյ խորհրդարանի նախագահ Մուսթաֆա Շենթոփ, մեկնաբանելով Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփի երեքշաբթի գիշեր յայտարարած «Դարու գործարք»-ը,  շեշտեց. «Պաղեստինի դատին նկատմամբ Թուրքիոյ կեցուածքը հիմնուած է Միջազգային օրէնքի եւ օրինականութեան վրայ, եւ Երուսաղէմը միշտ մեր կարմիր գիծն է»: Շենթոփ ընկերային ցանցին վրայ յայտարարութեան մը մէջ նշեց. «Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփի ենթադրեալ ծրագիրը պաղեստինեան դատն ու Երուսաղէմի կարգավիճակը հասկնալէն շատ հեռու է,...

«Իրանեան Հարուածին Պատճառով 50 Զինուորներ Ուղեղային Վնասուածքներ Ստացան» Կ՛ըսէ Փենթակոն

«Իրանեան Հարուածին Պատճառով 50 Զինուորներ Ուղեղային Վնասուածքներ Ստացան» Կ՛ըսէ Փենթակոն

Միացեալ Նահանգներու պաշտպանութեան նախարարութիւնը` Փենթակոնը յայտարարեց, որ այս ամիս Իրաքի մէջ ռազմակայանի մը դէմ Իրանի գործած հրթիռային յարձակումին պատճառով 50 զինուորներ ախտանշուած են ուղեղային վնասուածքներով, ինչ որ ամերիկեան բանակին նախապէս յայտարարածէն աւելի մեծ թիւ մըն է: Փենթակոնի բանբեր դերգնդապետ Թամըս Քամպըլ Իրաքի արեւմուտքը գտնուող Այն Ասատ ռազմակայանին դէմ իրանեան յարձակումին պատճառած վիրաւորումներուն մասին հաղորդագրութեան մը մէջ ըսաւ. «Մինչեւ օրս 50...

«Հաֆթար Ո՛չ Զինադադարով Հետաքրքրուած Է, Ո՛չ Ալ Խաղաղութեամբ» Կ՛ըսէ Էրտողան

«Հաֆթար Ո՛չ Զինադադարով Հետաքրքրուած Է, Ո՛չ Ալ Խաղաղութեամբ» Կ՛ըսէ Էրտողան

Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան ափրիկեան երկիրներ իր շրջապտոյտի ընթացքին Կամպիոյ նախագահ Ատամա Պարոուի հետ միացեալ մամլոյ ասուլիսի ընթացքին յայտնեց. «Պերլինի մէջ գումարուեցաւ կարեւոր վեհաժողով մը, որուն ընթացքին Լիպիոյ մէջ արիւնահեղութիւնը դադրեցնելու համաձայնութիւն գոյացաւ, սակայն Լիպիոյ ազգային բանակի հրամանատար Խալիֆա Հաֆթարի ուժերը ատկէ ետք շարունակեցին իրենց յարձակումը»: «Հաֆթար Պերլինի կամ Մոսկուայի հոլովոյթներուն ընթացքին գոյացած համաձայնութիւնները չստորագրեց, սակայն լիպիական Ազգային համաձայնութեան...

Թրամփ Էրտողանի Հետ Քննարկած Է Լիպիոյ Եւ Սուրիոյ Վերջին Զարգացումները

Թրամփ Էրտողանի Հետ Քննարկած Է Լիպիոյ Եւ Սուրիոյ Վերջին Զարգացումները

Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփ եւ Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան ունեցած են հեռաձայնային հաղորդակցութիւն մը, որուն ընթացքին քննարկած են Լիպիոյ մէջ զինադադարի, ինչպէս նաեւ Սուրիոյ բռնարարքներու դադրեցման անհրաժեշտութեան մասին հարցԵրը: Այս մասին կը հաղորդէ ԹԱՍՍ լրատու գործակալութիւնը` յղում կատարելով Սպիտակ տան մամլոյ քարտուղարի տեղակալ Ճատ Տիրի` «Թուիթըր» ընկերային ցանցին վրայ տեղադրած յայտարարութեան: «Այսօր Թրամփ հեռաձայնային հաղորդակցութիւն ունեցած է Թուրքիոյ...

Թեհրան Ուաշինկթընէն Հատուցում Կը Պահանջէ

Թեհրան Ուաշինկթընէն Հատուցում Կը Պահանջէ

Իրանի արտաքին գործոց նախարար Մոհամետ Ժաւատ Զարիֆ յայտարարած է, որ Միացեալ Նահանգներու հետ բանակցութիւններու ձեւաչափը «5+1 խումբն» է (Միացեալ Նահանգներ, Ռուսիա, Չինաստան, Ֆրանսա, Բրիտանիա եւ Գերմանիա), եւ Ուաշինկթընէն հատուցումներ պահանջած է Գործողութիւններու միացեալ Համապարփակ ծրագիրէն դուրս գալուն համար: Այս մասին կը հաղորդէ ռուսական «ՌԻԱ Նովոսթի» լրատու գործակալութիւնը: Նախապէս Բրիտանիոյ վարչապետ Պորիս Ճոնսըն հաւանական նկատած էր իրանեան հիւլէական ծրագիրին վերաբերեալ Գործողութիւններու...

Չինաստան Սպառազինութիւններու Արտադրութեան Եւ Արտածման Ցուցանիշով Ռուսիայէն Առաջ Անցած Է

Չինաստան Սպառազինութիւններու Արտադրութեան Եւ Արտածման Ցուցանիշով Ռուսիայէն Առաջ Անցած Է

Չինաստան Միացեալ Նահանգներէն ետք աշխարհի վրայ երկրորդ դիրքը կը գրաւէ սպառազինութիւններու արտադրութեան եւ անոնց վաճառքի ցուցանիշով, Ռուսիան նահանջած է երրորդ դիրք: Այս մասին կը հաղորդէ ռուսական ԹԱՍՍ լրատու գործակալութիւնը` վկայակոչելով Սթոքհոլմի խաղաղութեան խնդիրներու հետազօտութեան միջազգային հիմնարկի զեկուցումը: 2017 թուականին Միացեալ Նահանգներու ընկերութիւններուն վաճառքները հասած են 226,6 միլիառ տոլարի, Ռուսիոյ ընկերութիւնները կատարած են 37,7 միլիառ տոլարի վաճառք: Չինաստանի ընկերութիւնները զէնքի պատուէրներէն...

Ըստ «Նիւ Եորք Թայմզ»-ի. Թրամփ Կ՛ուզէ Շարունակել Ուքրանիոյ Ապահովական Օժանդակութեան Սառեցումը

Ըստ «Նիւ Եորք Թայմզ»-ի. Թրամփ Կ՛ուզէ Շարունակել Ուքրանիոյ Ապահովական Օժանդակութեան Սառեցումը

«Նիւ Եորք Թայմզ» օրաթերթը կը հաղորդէ, որ Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփ օգոստոս 2019-ին օրին իր ազգային անվտանգութեան խորհրդատուն եղող Ճոն Պոլթընին յայտնած է, որ կ՛ուզէ շարունակել Ուքրանիոյ 391 միլիոն տոլար արժողութեամբ ապահովական օժանդակութիւնը սառեցուած պահել` մինչեւ որ ուքրանական իշխանութիւնները օժանդակեն դեմոկրատականներու, ներառեալ նախագահութեան թեկնածու, նախկին փոխնախագահ Ճօ Պայտընի շուրջ հետաքննութեան: Ազդեցիկ օրաթերթը կը հաղորդէ, որ Պոլթըն Հանրապետական կուսակցութեան արտաքին...

«Թուրքիոյ Ջանքերն Ու Լիպիոյ Ազգային  Համաձայնութեան Կառավարութեան Աջակցութիւնը  Պատերազմին Մէջ Հաւասարակշռութիւն Յառաջացուցին»  Կ՛ըսէ Քալըն

«Թուրքիան Եւ Ռուսիան Կը Մերձենան Պատժամիջոցներու Սպառնալիքին Պատճառով» Կ՛ըսէ Քալըն

Արեւմուտքի երկիրներուն կողմէ պատժամիջոցներու սպառնալիքները դարձած են Ռուսիոյ հետ Թուրքիոյ մերձեցման պատճառներէն մէկը: «Սապահ» կը հաղորդէ, որ այս մասին յայտնած է Թուրքիոյ նախագահի բանբեր Իպրահիմ Քալըն: «Պատժամիջոցներու սպառնալիքները այն գործօններէն մէկն էին, որոնք արագացուցին Թուրքիոյ եւ Ռուսիոյ մերձեցումը: Ինչ կը վերաբերի Անգարայի եւ Մոսկուայի մերձեցման վերաբերեալ Արեւմուտքի քննադատութեան, ապա ատիկա բնական արդիւնքն է Թուրքիոյ նկատմամբ մեկուսացման քաղաքականութեան, որ կարելի է...

Սուրիական Բանակը Ազատագրեց Իտլիպի  Հարաւային Գիւղական Շրջանի  Մեծագոյն Քաղաք` Մաարաթ Նուհմանը

Սուրիական Բանակը Ազատագրեց Իտլիպի Հարաւային Գիւղական Շրջանի Մեծագոյն Քաղաք` Մաարաթ Նուհմանը

Սուրիական բանակը երէկ ազատագրեց Իտլիպի հարաւային գիւղական շրջանի մեծագոյն քաղաք Մաարաթ Նուհմանը, որ Իտլիպի մէջ Ժապհաթ Նուսրայի մեծագոյն կեդրոնն էր: «Մայատին» արբանեակային պատկերասփիւռի կայանը հաղորդեց, որ ռազմավարական այդ քաղաքը կորսնցնելուն կողքին Ժապհաթ Նուսրայի զինեալները լքած են Հալէպի հարաւ-արեւմուտքը գտնուող «Ռաշիտին 4» թաղամասին մէջ իրենց դիրքերը: Ռազմավարական քաղաքի անկումէն ետք, Թուրքիոյ պաշտպանութեան նախարարութիւնը յայտարարեց, որ «ամէնէն ուժեղ միջոցով եւ առանց տատամսումի»...

Թրամփ Յայտարարեց  «Դարու Գործարք»¬ը

Թրամփ Յայտարարեց «Դարու Գործարք»¬ը

Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփ «Թուիթըր»¬ի վրայ հրապարակեց այն ինչ որ կոչեց «Պաղեստինեան ապագայ պետութիւնը` մայրաքաղաք ունենալով արեւելեան Երուսաղէմէն բաժիններ»: Ան թուիթըրեան եբրայերէն գրառում մըն ալ կատարելով յայտնեց, որ մշտապէս կը կանգնի «Իսրայէլի պետութեան եւ հրեայ ժողովուրդին» կողքին`  աջակցութիւն յայտնելով «անոնց անվտանգութեան ու ապահովութեան, իրենց պատմական հայրենիքին մէջ ապրելու անոնց իրաւունքին»: Նախքան այդ, Թրամփ Սպիտակ տան մէջ Իսրայէլի վարչապետ Պենիամին...

«Կը Զօրակցինք Իտլիպի Մէջ Սուրիական  Բանակի Գործողութիւններուն»  Կ՛ըսէ Լաւրով

«Կը Զօրակցինք Իտլիպի Մէջ Սուրիական Բանակի Գործողութիւններուն» Կ՛ըսէ Լաւրով

Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրով յայտնեց, որ Իտլիպի մէջ ահաբեկիչներուն նկատմամբ գթասրտութիւն չկայ, «եւ մենք կը զօրակցինք սուրիական բանակին այդտեղ կատարած գործողութիւններուն»: Լաւրով մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին ըսաւ, թէ ահաբեկիչները մարդասիրական անցքերը օգտագործելով յարձակումներ կը գործեն եւ արգելք կը հանդիսանան քաղաքայիններուն շրջանէն դուրս գալուն: Ռուսական դիւանագիտութեան պետը նաեւ ըսաւ, որ Իտլիպի մէջ մագլցումին պատճառը ահաբեկիչներն են, որովհետեւ կը խախտեն...

Փոմփէօ. «Ռուսիոյ, Իրանի, Ասատի  Եւ Հըզպալլայի Յարձակումները Արգելք  Կը Հանդիսանան Հիւսիսային Սուրիոյ Մէջ  Զինադադարի Հաստատման»

Փոմփէօ. «Ռուսիոյ, Իրանի, Ասատի Եւ Հըզպալլայի Յարձակումները Արգելք Կը Հանդիսանան Հիւսիսային Սուրիոյ Մէջ Զինադադարի Հաստատման»

Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Մայք Փոմփէօ շեշտեց. «Ռուսիոյ, իրանեան վարչակազմին, Հըզպալլային ու Սուրիոյ նախագահ Պաշշար Ասատի վարչակարգին գործած վայրագ արարքները ուղղակիօրէն արգելք կը հանդիսանան հիւսիսային Սուրիոյ մէջ զինադադարի հաստատման»: Ան ընկերային ցանցի վրայ գրառումի մը ճամբով յայտնեց. «Մենք կը դատապարտենք բարբարոս յարձակումները եւ կոչ կ՛ուղղենք անմիջապէս զինադադար հաստատելու»: Նշենք, որ Մարդկային իրաւանց սուրիական դիտարանը երկուշաբթի օր հաղորդած էր, որ...

Պելճիքայի Ազգային Պատուիրակութեան  Ղեկավարը Ընտրուած Է ԵԽԽՎ-ի Նախագահ

Պելճիքայի Ազգային Պատուիրակութեան Ղեկավարը Ընտրուած Է ԵԽԽՎ-ի Նախագահ

Պելճիքայի ազգային պատուիրակութեան ղեկավար Հնտրիք Տամս ընտրուած է Եւրոպական խորհուրդի Խորհրդարանական վեհաժողովի (ԵԽԽՎ) ղեկավար: Այս մասին կը հաղորդէ «ՌԻԱ Նովոսթի» լրատու գործակալութիւնը: Որոշումը որդեգրուած է 27 յունուարին տեղի ունեցած նիստի ընթացքին: «Կ՛ուզեմ ամբողջ սրտով շնորհակալութիւն յայտնել ձեզի վստահութեան համար», յայտարարած է Տամս որոշումի որդեգրումէն ետք: Ան նաեւ յոյս յայտնած է, որ իր նախագահութեան շրջանին պիտի կարենայ այցելել խորհուրդի անդամ բոլոր...

Թրամփ Նեթանիահուի Հետ Հանդիպումի  Ընթացքին Յայտարարեց.  Սպիտակ Տունը Այսօր  Պիտի Յայտարարէ «Դարու Գործարք»-ը

Թրամփ Նեթանիահուի Հետ Հանդիպումի Ընթացքին Յայտարարեց. Սպիտակ Տունը Այսօր Պիտի Յայտարարէ «Դարու Գործարք»-ը

Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփ յայտարարեց, որ Սպիտակ տունը այսօր կրինիչի ժամանակացոյցով կէսօրէ ետք ժամը 5:00-ին պիտի յայտարարէ Միջին Արեւելքի մէջ խաղաղութեան ծրագիրը` «Դարու գործարք»-ը: Թրամփ Սպիտակ տան մէջ Իսրայէլի վարչապետ Պենիամին Նեթանիահուի հետ իր հանդիպումին ընթացքին յայտնեց. «Արաբական շարք մը երկիրներ համաձայն գտնուեցան «Դարու գործարք»-ին եւ զայն հոյակապ գործարք մը կը նկատեն»: «Խաղաղութեան ծրագիրին Իսրայէլի վարչապետին եւ այլ կողմերուն...

Պաղտատի Մէջ Ամերիկեան Դեսպանատան  Հրթիռակոծումէն Եւ Վիրաւորներու Արձանագրումէն Ետք.  Ուաշինկթըն Պաղտատին Կոչ Կ՛ուղղէ` Յարգելու Դիւանագիտական Ներկայացուցչութիւնները Պաշտպանելու Իր Յանձնառութիւնը

Պաղտատի Մէջ Ամերիկեան Դեսպանատան Հրթիռակոծումէն Եւ Վիրաւորներու Արձանագրումէն Ետք. Ուաշինկթըն Պաղտատին Կոչ Կ՛ուղղէ` Յարգելու Դիւանագիտական Ներկայացուցչութիւնները Պաշտպանելու Իր Յանձնառութիւնը

Կիրակի գիշեր Պաղտատի մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպանատան տարածքին վրայ ինկան երեք հրթիռներ, որոնցմէ մէկը հարուածեց դեսպանատան ճաշարանը: Այս մասին հաղորդեց «Արապիա» պատկերասփիւռի արբանեակային կայանը: Հրթիռակոծման պատճառով արձանագրուած են քանի մը վիրաւորներ: Դեսպանատան մէջ գտնուող անձերը ուղղաթիռով հեռացուած են դեսպանատունէն: Իրաքցի բարձրաստիճան պաշտօնատար մը ԱՖՓ լրատու գործակալութեան յայտնեց, որ արձակուած են 5 հրթիռներ, որոնցմէ 3-ը ինկած են դեսպանատան մէջ: Հրթիռներէն մէկը...

«Թրամփին Պիտի Չարտօնենք Մեր Ժողովուրդին  Ու Անոր Վարչակարգին Միջեւ  Յարաբերութիւնները Քայքայել»  Կ՛ըսէ Ռուհանի

«Թրամփին Պիտի Չարտօնենք Մեր Ժողովուրդին Ու Անոր Վարչակարգին Միջեւ Յարաբերութիւնները Քայքայել» Կ՛ըսէ Ռուհանի

Իրանի նախագահ Հասան Ռուհանի երէկ առաւօտեան իրանեան նահանգներու եւ գաւառներու պաշտօնատարներու համախմբումին ընթացքին իր արտասանած խօսքին մէջ յայտնեց, որ իր երկիրը «Տանըլտ Թրամփի եւ Սպիտակ տան ահաբեկիչներուն պիտի չարտօնէ իրանցի ժողովուրդին եւ անոր վարչակարգին միջեւ յարաբերութիւնները քայքայել»: «Մեր միասնականութիւնն ու կայունութիւնը թիրախ դարձնելը հիւլէական համաձայնութիւնը հարուածելէ ու զօր. Քասեմ Սլէյմանին ահաբեկելէ ետք Թրամփի ծրագիրին ամբողջացումն է», ըսաւ ան: Իրանի նախագահը...

Սատըր Սադրանքի Կանխարգիլման Համար  Վերջ Տուաւ Ամերիկեան Յարձակումներուն Դէմ  Իր Համակիրներու Ցոյցին

Սատըր Սադրանքի Կանխարգիլման Համար Վերջ Տուաւ Ամերիկեան Յարձակումներուն Դէմ Իր Համակիրներու Ցոյցին

Իրաքցի շիի ղեկավար սէյիտ Մուքթատա Սատըրի մտերիմներէն Սալեհ Մոհամետ Իրաքի յայտնեց, որ Սատըր վերջ տուած է ամերիկեան յարձակումներուն դէմ բողոքի ցոյցերուն` ներքին սադրանքի կանխարգիլման համար: Իրաքի յայտնեց, որ Սատըր ուզած է «յեղափոխութիւնը» վերադարձնել իր հունին եւ ոչ թէ ատոր հակառակիլ, եւ եթէ ատիկա չիրականանայ, պիտի ունենայ ապահովական ուժերուն աջակցող այլ կեցուածք մը: Իրաքի աւելցուց, որ ապահովական ուժերը պէտք էր անվտանգութիւնը...

Page 486 of 884 1 … 485 486 487 … 884

Արխիւներ