Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Թրամփ Յայտարարեց «Դարու Գործարք»¬ը

Յունուար 29, 2020
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփ «Թուիթըր»¬ի վրայ հրապարակեց այն ինչ որ կոչեց «Պաղեստինեան ապագայ պետութիւնը` մայրաքաղաք ունենալով արեւելեան Երուսաղէմէն բաժիններ»:

Ան թուիթըրեան եբրայերէն գրառում մըն ալ կատարելով յայտնեց, որ մշտապէս կը կանգնի «Իսրայէլի պետութեան եւ հրեայ ժողովուրդին» կողքին`  աջակցութիւն յայտնելով «անոնց անվտանգութեան ու ապահովութեան, իրենց պատմական հայրենիքին մէջ ապրելու անոնց իրաւունքին»:

Նախքան այդ, Թրամփ Սպիտակ տան մէջ Իսրայէլի վարչապետ Պենիամին Նեթանիահուի հետ մամլոյ ասուլիսի ընթացքին յայտարարեց «Դարու գործարք»¬ի կէտերը` յայտնելով, որ «Իսրայէլ այսօր մեծ քայլ մը կ՛առնէ դէպի խաղաղութիւն», եւ շնորհակալութիւն յայտնեց Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններուն, Օմանին ու Պահրէյնին:

«Իսրայէլը հրեայ ժողովուրդին հողն է, եւ անոր ապրած խաւար օրերը պիտի չկրկնուին», ըսաւ ան` աւելցնելով, որ կը փորձէ «պաղեստինցիներուն եւ իսրայէլացիներուն միջեւ խաղաղութիւն հաստատել»:

Թրամփ ըսաւ, որ խաղաղութեան իր առաջարկը նախկին առաջարկներէն տարբեր է, կը բաղկանայ 18 էջերէ, եւ «մանրամասն լուծումներ կը ներկայացնէ տարբեր կողմերուն համար աւելի խաղաղ միջավայր տրամադրելու»:

Ան ըսաւ, որ Իսրայէլի հետ միացեալ յանձնախումբ մը պիտի կազմուի` «պատկերացումը յստակ ծրագիրի մը» վերածելու համար` աւելցնելով. «Ասիկա առաջին անգամն է, որ Իսրայէլ խաղաղութեան քարտէս մը կ՛ընդունի»:

«Երուսաղէմը պիտի մնայ Իսրայէլի միացեալ մայրաքաղաքը եւ անբաժանելի է», նշեց Սպիտակ տան ղեկավարը` աւելցնելով. «Երկու պետութիւններ լուծումը Իսրայէլի ապահովութեան որեւէ վտանգ պիտի չներկայացնէ եւ անկէ իր անվտանգութենէն ու ապահովութենէն զիջում կատարել պիտի չպահանջէ»:

Ինչ կը վերաբերի պաղեստինցիներուն, Միացեալ Նահանգներու նախագահը ըսաւ. «Աշխատանք պիտի տանինք կառուցելու պաղեստինեան պետութիւն մը` ամբողջական կերպով մերժելով ահաբեկչութիւնը»:

Ան յոյս յայտնեց, որ «Դարու գործարք»¬ը կարեւոր ըլլայ պաղեստինցիներուն համար, եւ անոնց համար պատմական առիթ մը` ստեղծելու իրենց պետութիւնը»:

«Պաղեստինցի ժողովուրդը յոյսի բացակայութենէն տառապեցաւ ձախող խոստումներու պատճառով, իսկ գործարքը պիտի կրկնապատկէ պաղեստինեան հողամասերը, եւ ոչ մէկ պաղեստինցի կամ իսրայէլացի իր տունէն պիտի վտարուի», ըսաւ Թրամփ:

Ըստ անոր, այս պատկերացումը «պաղեստինեան նոր պետութեան մէջ հսկայական ներդրումի առիթ պիտի ապահովէ, եւ գոյութիւն ունին շարք մը պետութիւններ, որոնք կ՛ուզեն այդ ներդրումները կատարել»:

Ան շեշտեց, որ իր պատկերացումը «պաղեստինցիներուն ժամանակ կ՛ընծայէ ամբողջովին պատրաստուելու` ստեղծելու համար հաստատ ու բարգաւաճ պետութիւն մը»: «Պաղեստինցիներուն գործի առիթներ պիտի ստեղծուին, եւ վերջ պիտի տրուի աղքատութեան` հասնելու համար իրենց կեանքի բարգաւաճման: Պաղեստինցիներուն օգնութիւն պիտի տրուի` հասնելու համար իրենց անկախութեան եւ դիմակայելու համար խաղաղ գոյակցութեան մարտահրաւէրները»:

Թրամփ պատգամ մը յղեց Պաղեստինեան իշխանութեան նախագահ Մահմուտ Ապպասին` ըսելով. «Եթէ խաղաղութիւնը ընտրես` քու կողքիդ պիտի ըլլանք այս երթին բոլոր փուլերուն ընթացքին»:

Ըստ անոր, «Դարու գործարք»¬ը վերջ պիտի տայ Համասի եւ Իսլամական Ժիհատի գործունէութեան:

«Երուսաղէմը բաց քաղաք է, ժամանակն է սրբագրելու 1948¬ին Իսրայէլը չճանչնալու իսլամական սխալը: Այս հին հողը պէտք չէ բռնութիւն ներկայացնէ, այլ` խաղաղութիւն», ըսաւ Թրամփ:

Սպիտակ տան ղեկավարը յայտարարեց, որ կարեւորագոյն քայլը իր երկրին Իրանի հետ կնքուած հիւլէական համաձայնագիրէն դուրս գալն էր: «Իրանեան վարչակարգը մեկուսացուած է, եւ այլեւս տկար է, վերջ տուինք Սիւլէյմանիին, որ Հըզպալլայի ղեկավարին հետ որեւէ դրական բան չծրագրեց», նշեց Թրամփ:

Իսրայէլի վարչապետ Պենիամին Նեթանիահու յայտարարեց, որ խաղաղութեան նախկին ծրագիրները ձախող էին, որովհետեւ «Իսրայէլի կենսական շահերուն ու պաղեստինցիներու ձգտումներուն արտայայտութիւնը չէին»: «Նախագահ Թրամփի խաղաղութեան ծրագիրը մնայուն խաղաղութեան իրապաշտ հոլովոյթ մըն է», ըսաւ ան:

Իսրայէլի վարչապետը նաեւ մեկնաբանեց Պահրէյնի, Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու եւ Օմանի դեսպաններուն «Դարու գործարք»¬ի յայտարարման արարողութեան ներկայութիւնը` նշելով, որ ատիկա «Միջին Արեւելքի մէջ խաղաղութեան ծրագիրին դրական ցուցանիշ է»:

Ֆաթհ շարժումի Կեդրոնական կոմիտէի անդամ Ապպաս Զաքի, մեկնաբանելով «Դարու գործարք»¬ի յայտարարութիւնը «Մայատին»¬ին յայտնեց. «Օսլոյի համաձայնութեան վերաբերող ամէն ինչ վերջ գտաւ եւ մեր ետին կը գտնուի»: Ան նշեց, որ պաղեստինեան խմբաւորումները երէկ գիշեր ժողով մը գումարած են եւ միաձայնութեամբ որոշած վերջ տալ Օսլոյի համաձայնագիրին:

«Արաբական լիկան շաբաթ օր ժողով պիտի գումարէ, եւ անոնցմէ պիտի պահանջենք իրենց դեսպանատուները Երուսաղէմ բոլոր փոխադրողներուն հետ յարաբերութիւնները խզել», ըսաւ ան:

Պաղեստինեան իշխանութեան նախագահ Մահմուտ Ապպաս մերժեց Թրամփի ծրագիրը եւ յայտարարեց, որ Երուսաղէմը եւ պաղեստինեան իրաւունքները ծախու չեն: «Այս սադրանք գործարքը պիտի չընդունինք, եւ պաղեստինցի ժողովուրդը յաղթանակ պիտի արձանագրէ: Պիտի չընդունինք պաղեստինցի ժողովուրդի պատմական իրաւունքներէն հրաժարումը: Պէտք է առաջնահերթութիւն տալ դիմադրութեան ճակատին` տապալելու համար իսրայէլեան ծրագիրները: Մեր միութիւնը պիտի տապալէ անիրաւութիւնն ու բռնագրաւումը: Ոչ ոք պիտի հրաժարի մեր գերիներուն ու վիրաւորներուն իրաւունքներէն», յայտարարեց ան:

Ան ըսաւ, որ Թրամփի եւ Նեթանիահուի խօսքերը սնամէջ են, «եւ հազար անգամ ոչ կ՛ըսենք «Դարու գործարք»¬ին, եւ այս «Դարու գործարք»¬ը Պալֆուրի խոստումին մէջ նշուած վերջաբանն է, անոնք վերադարձան սկզբնական կէտին, որպէսզի զայն գործադրեն, որովհետեւ Ամերիկան է, որ այդ խոստումը Բրիտանիոյ հետ համակարգաբար բանաձեւեց: Սակայն շնորհիւ պաղեստինցի ժողովուրդի միասնականութեան, բոլոր սադրանքները պիտի տապալենք»:

«Առանց Երուսաղէմի պաղեստինեան պետութիւն մը պիտի չընդունինք: Կը մերժենք որեւէ ծրագիր, որ «Երուսաղէմը Իսրայէլի մայրաքաղաք»¬էն կը մեկնի:

Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւնը յայտարարեց. «Պիտի սերտենք Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփի` Միջին Արեւելքի մէջ խաղաղութեան ծրագիրը, կարեւորը պաղեստինցիներուն եւ արաբներուն ատոր նկատմամբ կեցուածքն է»:

Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւնը յայտարարեց, որ Թրամփի յայտարարած ծրագիրը  «մեռած ծնաւ»` նշելով. «հողերու կցումի ծրագիրին նպատակը երկու պետութիւններու հաստատման ծրագիրի ականահարումն եւ պաղեստինեան հողերու խլումն է»:

Նախորդը

«Կը Զօրակցինք Իտլիպի Մէջ Սուրիական Բանակի Գործողութիւններուն» Կ՛ըսէ Լաւրով

Յաջորդը

Սուրիական Բանակը Ազատագրեց Իտլիպի Հարաւային Գիւղական Շրջանի Մեծագոյն Քաղաք` Մաարաթ Նուհմանը

RelatedPosts

Այսօր Շարմ Շէյխի Մէջ Կազայի Խաղաղութեան Վեհաժողով
Գլխաւոր լուրեր

Այսօր Շարմ Շէյխի Մէջ Կազայի Խաղաղութեան Վեհաժողով

Հոկտեմբեր 13, 2025
Թրամփ. «Նոպելեան Մրցանակը Ստացած Անձը Ինծի Հեռաձայնեց Եւ Ըսաւ. Որ Զայն Ի Պատիւ Ինծի Կ՛ընդունի»
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ. «Նոպելեան Մրցանակը Ստացած Անձը Ինծի Հեռաձայնեց Եւ Ըսաւ. Որ Զայն Ի Պատիւ Ինծի Կ՛ընդունի»

Հոկտեմբեր 13, 2025
Արիւնալի Մարտեր Փաքիստան-Աֆղանիստան Սահմանին Վրայ, Կան Տասնեակ Մը` Զոհեր Երկու Կողմերէն
Գլխաւոր լուրեր

Արիւնալի Մարտեր Փաքիստան-Աֆղանիստան Սահմանին Վրայ, Կան Տասնեակ Մը` Զոհեր Երկու Կողմերէն

Հոկտեմբեր 13, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?