Իրանի արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Ապպաս Մուսաւի Սէուտական Արաբիան ամբաստանեց` նշելով. «Ան Իրանի Յեղափոխական պահակագունդի «Քուտս» ջոկատի հրամանատար Քասեմ Սիւլէյմանիի ահաբեկման մէջ Միացեալ Նահանգներուն գործընկեր է»:
«Այն ինչ որ շրջանը աւելի ապահով պիտի դարձնէ` հեռացումն է օտար ուժերուն ու օտար տիրութեան, որ շրջանցած է կարգ մը երկիրներու օրէնքները», նշեց Մուսաւի: