Սուրիական բանակը երէկ ազատագրեց Իտլիպի հարաւային գիւղական շրջանի մեծագոյն քաղաք Մաարաթ Նուհմանը, որ Իտլիպի մէջ Ժապհաթ Նուսրայի մեծագոյն կեդրոնն էր:
«Մայատին» արբանեակային պատկերասփիւռի կայանը հաղորդեց, որ ռազմավարական այդ քաղաքը կորսնցնելուն կողքին Ժապհաթ Նուսրայի զինեալները լքած են Հալէպի հարաւ-արեւմուտքը գտնուող «Ռաշիտին 4» թաղամասին մէջ իրենց դիրքերը:
Ռազմավարական քաղաքի անկումէն ետք, Թուրքիոյ պաշտպանութեան նախարարութիւնը յայտարարեց, որ «ամէնէն ուժեղ միջոցով եւ առանց տատամսումի» պիտի հակադարձէ Իտլիպի մէջ իր հսկողութեան կէտերուն դէմ սուրիական բանակին կողմէ որեւէ յարձակումի: