Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Հաֆթար Ո՛չ Զինադադարով Հետաքրքրուած Է, Ո՛չ Ալ Խաղաղութեամբ» Կ՛ըսէ Էրտողան

Յունուար 30, 2020
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան ափրիկեան երկիրներ իր շրջապտոյտի ընթացքին Կամպիոյ նախագահ Ատամա Պարոուի հետ միացեալ մամլոյ ասուլիսի ընթացքին յայտնեց. «Պերլինի մէջ գումարուեցաւ կարեւոր վեհաժողով մը, որուն ընթացքին Լիպիոյ մէջ արիւնահեղութիւնը դադրեցնելու համաձայնութիւն գոյացաւ, սակայն Լիպիոյ ազգային բանակի հրամանատար Խալիֆա Հաֆթարի ուժերը ատկէ ետք շարունակեցին իրենց յարձակումը»:

«Հաֆթար Պերլինի կամ Մոսկուայի հոլովոյթներուն ընթացքին գոյացած համաձայնութիւնները չստորագրեց, սակայն լիպիական Ազգային համաձայնութեան կառավարութեան վարչապետ Ֆայեզ Սարաժ զանոնք ստորագրեց», ըսաւ ան:

«Եթէ լիպիական կողմերը միջազգային ժողովներու մէջ այսպիսի փաստաթուղթեր չստորագրեն, չենք կրնար համաձայնութեան գոյացման մասին խօսիլ», ըսաւ ան` շեշտելով. «Հաֆթար շարունակ փախուստ տուաւ լիպիական տագնապին քաղաքական լուծում գտնելու ձգտող բոլոր հոլովոյթներէն»:

«Հաֆթարի բանբերին «Լիպիոյ մէջ լուծումը զէնքի ճամբով է» խօսքը իմաստալից է, անիկա ցոյց կու տայ, թէ Հաֆթար ո՛չ զինադադարով, ո՛չ ալ խաղաղութեամբ հետաքրքրուած է», յայտնեց Էրտողան` յոյս յայտնելով, որ Պերլինի վեհաժողովին մասնակիցները լսած ըլլան այդ յայտարարութիւնը եւ ատոր հիմամբ արտայայտեն իրենց կեցուածքը:

Նշենք, որ Հաֆթարի ուժերու բանբեր Ահմատ Միսմարի մէկ օր առաջ տրուած մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին յայտարարած էր. «Լիպիոյ մէջ լուծումը քաղաքական չէ, այլ ձեռք կը բերուի ահաբեկիչներուն դէմ կռիւով ու պատերազմով»:

Թրքական «Էն.Թի.Վի.» պատկերասփիւռի կայանի կայքը հաղորդեց, որ Էրտողան Ալճերիայէն Կամպիա ուղղուելու ընթացքին օդանաւին մէջ իրեն ընկերակցող թուրք լրագրողներուն յայտնած է, որ Արաբական Միացեալ Էմիրութիւնները ելեւմտական աջակցութիւն կը ցուցաբերեն այն վարձկաններուն, որոնք, ըստ իրեն, կ՛օգնեն Հաֆթարին:

«Գերմանիոյ վարչապետ Անկելա Մերքելի` Թուրքիա կատարած այցելութեան ընթացքին մենք մանրամասնօրէն քննարկած ենք այս նիւթը: Մենք անոնց ըսած ենք, որ Հաֆթար ստախօս է, եւ դուք կը նպաստէք այդ ստախօսի գործողութիւններուն: Եգիպտոս անոր մեծագոյն կողմնակիցն է, ինչպէս նաեւ Ապու Տապիի ղեկավարութիւնը», յայտարարած է Էրտողան:

Թուրքիոյ նախագահին կարծիքով` Արաբական Միացեալ Էմիրութիւնները ո՛չ միայն ելեւմտապէս կ՛օգնեն Հաֆթարի կողմնակիցներուն, այլ նաեւ անոնց զէնք-զինամթերք կը մատակարարեն:

Նախորդը

Թրամփ Էրտողանի Հետ Քննարկած Է Լիպիոյ Եւ Սուրիոյ Վերջին Զարգացումները

Յաջորդը

«Իրանեան Հարուածին Պատճառով 50 Զինուորներ Ուղեղային Վնասուածքներ Ստացան» Կ՛ըսէ Փենթակոն

RelatedPosts

Թրամփ. «Կազայի Համաձայնութեան Երկրորդ Փուլի Շուրջ Բանակցութիւնները Սկսան»
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ. «Կազայի Համաձայնութեան Երկրորդ Փուլի Շուրջ Բանակցութիւնները Սկսան»

Հոկտեմբեր 14, 2025
Իսրայէլեան Քնեսեթին Առջեւ Խօսք Արտասանելով`  «Ասիկա Նոր Միջին Արեւելքի Պատմական Արշալոյսն Է. Բարեկամութեան Ձեռքը Երկարած Ենք Իրանին»  Յայտարարեց Թրամփ
Գլխաւոր լուրեր

Իսրայէլեան Քնեսեթին Առջեւ Խօսք Արտասանելով` «Ասիկա Նոր Միջին Արեւելքի Պատմական Արշալոյսն Է. Բարեկամութեան Ձեռքը Երկարած Ենք Իրանին» Յայտարարեց Թրամփ

Հոկտեմբեր 14, 2025
Լըքորնիւ. «Նոր Կառավարութիւնը Կազմուեցաւ, Որպէսզի Երկիրը Տարեվերջէն Առաջ Ամավարկ Ունենայ»
Միջազգային

Լըքորնիւ. «Նոր Կառավարութիւնը Կազմուեցաւ, Որպէսզի Երկիրը Տարեվերջէն Առաջ Ամավարկ Ունենայ»

Հոկտեմբեր 14, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?