Միջազգային

Զելենսքի Գոհ Չէ Իրանի` Վար Առնուած  Ուքրանական Օդանաւի Զոհերուն Համար  Առաջարկած Հատուցման Գումարէն

Զելենսքի Գոհ Չէ Իրանի` Վար Առնուած Ուքրանական Օդանաւի Զոհերուն Համար Առաջարկած Հատուցման Գումարէն

Ուքրանիոյ նախագահ Վլատիմիր Զելենսքի յայտարարած է, որ Իրան Թեհրանի մօտ տեղի ունեցած ողբերգութեան պատճառով զոհուած ուքրանացիներու ընտանիքներուն 80.000-ական տոլար հատուցում առաջարկած է: «Ատիկա շատ փոքր գումար է: Ճնշումներ պիտի գործադրենք աւելի մեծ գումարի համար», յայտարարած է Զելենսքի «Թի.Սի. Էյչ.»-ին տուած իր հարցազրոյցին մէջ: Յիշեցնենք, որ Թեհրանի օդակայանէն մեկնելէ ետք դէպի Քիեւ թռչող «Պոյինկ 737-800» օդանաւը 8 յունուարին վար առնուած էր:...

Արաբական Լիկան Միաձայնութեամբ Մերժեց  «Ամերիկեան-Իսրայէլեան «Դարու Գործարք»-ը»

Արաբական Լիկան Միաձայնութեամբ Մերժեց «Ամերիկեան-Իսրայէլեան «Դարու Գործարք»-ը»

Արաբական լիկան շաբաթ օր Գահիրէի մէջ իր գումարած արտակարգ ժողովին ընթացքին մերժեց «Ամերիկեան-իսրայէլեան «Դարու գործարք»-ը»: Լիկայի արտաքին գործոց նախարարներու մակարդակով գումարուած ժողովին ընթացքին միաձայնութեամբ որդեգրուած որոշումը մերժեց գործարքը, «որովհետեւ պաղեստինցի ժողովուրդին նուազագոյն իրաւունքները չ՛ապահովեր եւ կը հակասէ խաղաղութեան հոլովոյթի սկզբունքներուն, որոնք հիմնուած են միջազգային օրէնքին եւ ՄԱԿ-ի որոշումներուն վրայ»: Արաբական լիկան զգուշացուց Իսրայէլի կողմէ գործարքի գործադրումը` անտեսելով միջազգային օրինականութեան որոշումները,...

ՄԱԿ-Ի Ապահովութեան Խորհուրդը Կոչ Կ՛ուղղէ`  Անմիջապէս Դադրեցնելու Եմէնի Մէջ  Զինուորական Գործողութիւնները

ՄԱԿ-Ի Ապահովութեան Խորհուրդը Կոչ Կ՛ուղղէ` Անմիջապէս Դադրեցնելու Եմէնի Մէջ Զինուորական Գործողութիւնները

ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդը միաձայնութեամբ որդեգրեց հաղորդագրութիւն մը, որ կոչ ուղղէ անմիջապէս դադրեցնելու զինուորական գործողութիւնները, որոնք կը սպառնան Եմէնի մէջ քաղաքական հոլովոյթին: Ապահովութեան խորհուրդը մտահոգութիւն յայտնեց Նահամի եւ Ժաուֆի մէջ բռնարարքներու աճին ու քաղաքայիններուն վրայ անոնց ազդեցութեան նկատմամբ: Այդ շրջաններու քաղաքացիներէն հազարաւորներ վերջին քանի մը օրերուն տեղահանուած են: Խորհուրդը նաեւ շեշտեց դեկտեմբեր 2018-ին Շուէտի մէջ ստանձնուած յանձնառութիւններուն հիմամբ Հտէյտայի մէջ զինադադարի...

Առնուազն Հինգ Երկիր Միացած Է  Թուրքիոյ Դէմ Պատժամիջոցներուն Որդեգրման  Եւրոպական Միութեան Գործիքակազմին

Առնուազն Հինգ Երկիր Միացած Է Թուրքիոյ Դէմ Պատժամիջոցներուն Որդեգրման Եւրոպական Միութեան Գործիքակազմին

Առնուազն հինգ երկիր միացած է Թուրքիոյ դէմ պատժամիջոցներու որդեգրման համար Եւրոպական Միութեան գործիքակազմին` Կիպրոսի ծովափին մօտ Կիպրոսի Հանրապետութեան բացառիկ տնտեսական գօտիին մէջ այդ երկրի անօրինական երկրաբանական հետախուզական աշխատանքներուն պատճառով: ԹԱՍՍ լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ այս մասին նշուած է 31 յունուարին Եւրոպական խորհուրդին հրապարակած մամլոյ տեղեկագիրին մէջ: «Եւրոպական Միութեան անդամակցելու թեկնածու երկիրները` Հիւսիսային Մակեդոնիան, Մոնթենեկրոն, Սերպիան եւ Ալպանիան, ինչպէս նաեւ...

«Միացեալ Նահանգներ Չինաստանի Հետ Լիարժէք  Առեւտրական Գործարքի Կնքումէն Ետք  Իրենց Ուշադրութիւնը Պիտի Ուղղեն Եւրոպային»  Կ՛ըսէ Թրամփ

«Միացեալ Նահանգներ Չինաստանի Հետ Լիարժէք Առեւտրական Գործարքի Կնքումէն Ետք Իրենց Ուշադրութիւնը Պիտի Ուղղեն Եւրոպային» Կ՛ըսէ Թրամփ

Միացեալ Նահանգներ Չինաստանի հետ լիարժէք առեւտրական համաձայնագիր կնքելէ ետք, պիտի սկսին աւելի աշխուժօրէն առեւտրական բանակցութիւններ վարել Եւրոպայի հետ: Ռուսական ԹԱՍՍ լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ այս մասին Այոուայի մէջ իր համակիրներուն առջեւ արտասանած խօսքին մէջ յայտարարած է Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփ: Անոր խօսքը սփռած են Միացեալ Նահանգներու պատկերասփիւռի կայանները: «Եւրոպան յաջորդն է: Ես կ՛ուզեմ Չինաստանի հետ գործարքը աւարտել, նախքան...

Թուրքիան Մտադիր Է Լիպիոյ Մէջ Ռազմակայան Կառուցել

Թուրքիան Մտադիր Է Լիպիոյ Մէջ Ռազմակայան Կառուցել

Թուրքիան աշխուժ բանակցութիւններ կը վարէ Լիպիոյ Ազգային համաձայնութեան կառավարութեան հետ` մայրաքաղաք Թրիփոլիի մօտ ռազմակայան կառուցելու ուղղութեամբ: Այս մասին կը հաղորդէ «Արապիա» պատկերասփիւռի կայանը: Ըստ լրատուամիջոցին, ռազմակայանին մէջ կը նախատեսուի տեղակայել թրքական մասնայատուկ ուժերու անդամներ եւ Թուրքիոյ ծովուժը, ստեղծել թռիչքի ուղի եւ կապի հանգոյց: Բացի ատկէ, տեղեկութիւններ կը շրջանառուին, որ Լիպիոյ Ազգային համաձայնութեան կառավարութիւնը Անգարայի հետ կը քննարկէ նաեւ թրքական օդանաւերու...

«Իտլիպի Շարունակուող Ռմբակոծումը Դիտողի Կարգավիճակին Մէջ Պիտի Չմնանք»   Կ՛ըսէ Էրտողան

«Իտլիպի Շարունակուող Ռմբակոծումը Դիտողի Կարգավիճակին Մէջ Պիտի Չմնանք» Կ՛ըսէ Էրտողան

Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան շեշտեց. «Երուսաղէմը մեզի համար կարմիր գիծ է, եւ Աքսայի մզկիթին երկարող որեւէ ձեռք պիտի կոտրենք»: «Պիտի չընդունինք Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփի ծրագիրը պաղեստինցիներուն պարտադրելը, որովհետեւ Երուսաղէմը կարմիր գիծ է, եւ Աքսայի մզկիթին երկարող որեւէ ձեռք պիտի կտրենք», յայտնեց Էրտողան` աւելցնելով. «Չենք ճանչնար եւ չենք ընդունիր այս ծրագիրը, որ ամբողջովին կը քանդէ Պաղեստինը եւ կը...

Այն Ասատի Դէմ Իրանեան Յարձակումէն Վիրաւորուած Ամերիկացի Զինուորներուն Թիւը Կը Շարունակէ Բարձրանալ

Այն Ասատի Դէմ Իրանեան Յարձակումէն Վիրաւորուած Ամերիկացի Զինուորներուն Թիւը Կը Շարունակէ Բարձրանալ

Միացեալ Նահանգներու պաշտպանութեան նախարարութիւնը, Փենթակոնը հաղորդեց, որ Իրաքի մէջ ամերիկեան ռազմակայանին դէմ Իրանի` հրթիռներով կատարած յարձակումէն վիրաւորուած ամերիկացի զինուորներուն թիւը կը բարձրանայ: Փենթակոն նշեց, որ հրթիռակոծումին պատճառով ուղեղային ցնցում ունեցած ամերիկացի զինուորներուն թիւը մինչեւ օրս 64 է եւ չորեքշաբթի օրուընէ ի վեր բարձրացած է 14-ով: Միացեալ Նահանգներու պաշտպանութեան նախարարութեան բանբեր դերգնդապետ Թամըս Քամպըլ չորեքշաբթի օր Իրաքի արեւմուտքը գտնուող Այն Ասատ...

Ֆրանսա Յունաստանին Աջակցելու Համար Զօրք Կ՛ուղարկէ Միջերկրական Ծով

Ֆրանսա Յունաստանին Աջակցելու Համար Զօրք Կ՛ուղարկէ Միջերկրական Ծով

Ֆրանսայի նախագահ Էմանուէլ Մաքրոն մարտանաւեր կ՛ուղարկէ Միջերկրական ծով, որպէսզի աջակցի Յունաստանին` ծովու արեւելեան ջուրերուն մէջ շրջանի ուժանիւթային հարստութիւններուն տիրանալու համար Թուրքիոյ ծաւալապաշտական նկրտումները կասեցնելու նպատակով: Այս մասին կը հաղորդէ բրիտանական «Տը Կարտիըն» օրաթերթը: Մաքրոնի խոստումը Յունաստանի համար դարձած էր խթան, եւ դեկտեմբեր ամիսին յոյները սկսած էին Թուրքիոյ ապօրինի գործողութիւններուն դէմ դնելու համար դիւանագիտական աշխատանքներ իրականացնել`  ստանալով այլոց աջակցութիւնը: Յունաստան կը...

«Ասիկա Ոչ Թէ Աւարտն Է, Այլ Սկիզբը. Բրիտանիոյ Համար Նոր Դարաշրջան Կը Սկսի»   Կ՛ըսէ Ճոնսըն

«Ասիկա Ոչ Թէ Աւարտն Է, Այլ Սկիզբը. Բրիտանիոյ Համար Նոր Դարաշրջան Կը Սկսի» Կ՛ըսէ Ճոնսըն

Բրիտանիոյ վարչապետ Պորիս Ճոնսըն Բրիտանիոյ` Եւրոպական Միութենէն երէկ դուրս գալը նկատեց բրիտանացիներուն համար նոր դարաշրջանի սկիզբ: Ռուսական ԹԱՍՍ լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ Բրիտանիոյ վարչապետը այդ առնչութեամբ յայտարարութիւն հրապարակած է: «Ամէնէն կարեւոր բանը, որ այսօր կ՛ուզեմ ըսել, այն է, թէ ասիկա ոչ թէ աւարտն է, այլ սկիզբը: Ասիկա նոր դարաշրջանի սկիզբն է, ասիկա այն պահն է, երբ բոլորս կը համախմբուինք`...

Աւստրալիոյ Մայրաքաղաքի Շրջանին Մէջ Արտակարգ Դրութիւն Հաստատուած Է Անտառային Հրդեհներու Պատճառով

Աւստրալիոյ Մայրաքաղաքի Շրջանին Մէջ Արտակարգ Դրութիւն Հաստատուած Է Անտառային Հրդեհներու Պատճառով

Աւստրալիոյ մայրաքաղաք Քամպերայի շրջանին մէջ անտառային հրդեհներու պատճառով յայտարարուած է արտակարգ դրութիւն: «ՌԻԱ Նովոսթի» լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ այս մասին յայտարարած է արտակարգ ծառայութիւններու շրջանային գործակալութիւնը: «Աւստրալիոյ մայրաքաղաքի շրջանը այժմ կանգնած է անտառային հրդեհի դէմ յանդիման, որ կրնայ վատթարագոյնը դառնալ 2003 թուականի աւերիչ աղէտէն ետք», յայտարարած է մայրաքաղաքի շրջանի նախարար Էնտրիւ Պարր, որուն խօսքը մէջբերած է «9Նիուզ» կայքը: Անոր...

Յունաստանի Խորհրդարանը Վաւերացուց Միացեալ Նահանգներու Նոր Ռազմակայաններուն Մասին Համաձայնագիրը

Յունաստանի Խորհրդարանը Վաւերացուց Միացեալ Նահանգներու Նոր Ռազմակայաններուն Մասին Համաձայնագիրը

Յունաստանի խորհրդարանը վաւերացուցած է Միացեալ Նահանգներու հետ պաշտպանական համագործակցութեան մասին համաձայնագիրը, որուն ծիրին մէջ ամերիկացիները պիտի կարենան օգտագործել Յունաստանի գրեթէ բոլոր զինուորական կեդրոնները, ինչպէս նաեւ նոր ռազմակայաններ պիտի ստանան: Այս մասին կը հաղորդէ «Էթնոս»-ը: Համաձայնագիրը որդեգրուած է 175 թեր, 33 դէմ եւ 80 ձեռնպահ քուէներով: Համաձայնագիրը կը նախատեսէ Կրետէ կղզիին վրայ ամերիկեան Սուտա Պէյ ռազմակայանի ընդլայնում, ինչպէս նաեւ ամերիկացի զինուորներուն...

Պունտըսթակը Անձեռնմխելիութենէ Զրկած Է Ազրպէյճանէն Կաշառք Ստանալու Յանցանքով Մեղադրուող Երեսփոխանը

Պունտըսթակը Անձեռնմխելիութենէ Զրկած Է Ազրպէյճանէն Կաշառք Ստանալու Յանցանքով Մեղադրուող Երեսփոխանը

Գերմանիոյ խորհրդարանը` Պունտըսթակը երեսփոխանական անձեռնմխելիութենէ զրկած է երեսփոխան Քարին Շթրենցը: Շթրենց կը մեղադրուի Ազրպէյճանէն կաշառք ստանալու եւ այդ երկրի շահերու լոպիինկով զբաղելու յանցանքով: Նոյն գործով կը մեղադրուի նաեւ Գերմանիոյ Քրիստոնեայ-ընկերային միութիւն կուսակցութենէն երեսփոխան Էտուարտ Լինթնըր: «Արմէնփրես»-ի հաղորդումով` Գերմանիոյ Պունտըսթակը անցեալ տարի Քարին Շթրենցը տուգանած էր 20 հազար եւրոյով Ազրպէյճանէն ստացած լրացուցիչ վարձատրութեան մասին Պունտըսթակը ժամանակին չտեղեկացնելուն համար: Քարին Շթրենցի նկատմամբ...

Ռուսիա Կը Մերժէ Էրտողանի Յայտարարութիւնը

Ռուսիա Կը Մերժէ Էրտողանի Յայտարարութիւնը

Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Մարիա Զախարովա յայտնեց, որ Մոսկուա կը յարգէ Սուրիոյ տագնապի լուծման հիմամբ Ասթանայի հոլովոյթին նկատմամբ իր յանձնառութիւնը: Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան նախապէս յայտնած էր, որ Ռուսիան ներկայիս չի յարգեր Իտլիպի հարցին շուրջ Ասթանայի եւ Սոչիի մէջ գոյացած համաձայնութիւններուն հիմամբ իր ստանձնած յանձնառութիւնները: «Մենք յանձնառու ենք մեր պարտաւորութիւններուն», ըսաւ Զախարովա` աւելցնելով, որ իրենք կը մերժեն Էրտողանի...

«Պաղեստինցիները Իրենց Պետութիւնը Պիտի Չստանան, Նոյնիսկ Եթէ «Դարու Գործարք»-ին Համաձայն Գտնուին»   Կ՛ըսէ Ֆրիտման

«Պաղեստինցիները Իրենց Պետութիւնը Պիտի Չստանան, Նոյնիսկ Եթէ «Դարու Գործարք»-ին Համաձայն Գտնուին» Կ՛ըսէ Ֆրիտման

Իսրայէլի մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպան Տէյվիտ Ֆրիտմընի` աւելի քան 20 ամերիկացի եւ աւետարանական ղեկավարներու հետ դռնփակ հանդիպումի մը ներկայ գտնուած աղբիւր մը «Թայմզ աֆ Իզրայէլ» օրաթերթին յայտնած է, թէ դեսպանը ըսած է. «Պաղեստինեան պետութեան ստեղծումը տեսանելի ապագային ամէն պարագայի պիտի չիրականանայ, հակառակ ատոր որ այդ ծրագիրը կը պնդէ, թէ երկու պետութիւններու սկզբունքին վրայ հիմնուած է»: Ֆրիտմըն շեշտած է, որ պաղեստինցիները...

Փոմփէօ. «Չինական Համայնավար Կուսակցութիւնը Մեր Դարու Գլխաւոր Սպառնալիքն Է»

Փոմփէօ. «Չինական Համայնավար Կուսակցութիւնը Մեր Դարու Գլխաւոր Սպառնալիքն Է»

Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Մայք Փոմփէօ երէկ Լոնտոնի մէջ իր բրիտանացի պաշտօնակից Տոմինիք Ռափի հետ միացեալ մամլոյ ասուլիսի ընթացքին յայտարարեց. «Իրանը գումարներէն ու հարստութիւններէն զրկելը զայն դժուար որոշումներ որդեգրելու մղելու ճիշդ ուղին է»: Փոմփէօ Չինաստանի Համայնավար կուսակցութիւնը նկատեց «Մեր դարու գլխաւոր սպառնալիքը»` աւելցնելով, որ Չինաստան «հսկայ տնտեսութիւն ունի, որ սերտօրէն առնչուած է ամերիկեան տնտեսութեան: Ասիկա մեծ առիթ մըն է...

Թուրք Զինուորներ Եւ Հրասայլեր Հասած Են Լիպիոյ Մայրաքաղաք

Թուրք Զինուորներ Եւ Հրասայլեր Հասած Են Լիպիոյ Մայրաքաղաք

Թուրքիոյ ծովուժը իր հրասայլերն ու զինուորները հասցուցած է Լիպիոյ մայրաքաղաք Թրիփոլի: Այս մասին կը հաղորդէ ռուսական «ՌԻԱ Նովոսթի» լրատու գործակալութիւնը` յղում կատարելով լիպիական «218» պատկերասփիւռի կայանին: Թուրքերը 28 եւ 29 յունուարին երկու մարտանաւերով հասած են եւ ափ իջած: Այլ փոխադրանաւ մը բերած է սպառազինութիւնը: «Ահմար Լիպիա» կայքը, յղում կատարելով անյայտ աղբիւրներու, տեղեկացուցած է, որ բերուած զինամթերքն ու սպառազինութիւնը ուղարկուած է...

Նեթանիահու Եւ Փութին Քննարկած Են Ամերիկեան «Դարու Գործարք»-ն Ու Սուրիոյ Հարցը

Նեթանիահու Եւ Փութին Քննարկած Են Ամերիկեան «Դարու Գործարք»-ն Ու Սուրիոյ Հարցը

Իսրայէլի վարչապետ Պենիամին Նեթանիահու երէկ Քրեմլինի մէջ Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութինի հետ հանդիպումի ընթացքին քննարկած է պաղեստինեւիսրայէլեան տագնապի լուծման ամերիկեան «Դարու գործարք» ծրագիրը եւ ատոր ազդեցութիւնը շրջանին վրայ, ինչպէս նաեւ Սուրիոյ իրադարձութիւնները: Այս մասին ԹԱՍՍ լրատու գործակալութեան յայտնած է իսրայէլեան պատուիրակութենէն աղբիւր մը: «Կայացաւ երկարատեւ, խոր եւ հիմնաւորուած զրոյց «Դարու գործարք»-ի մանրամասնութիւններուն եւ շրջանին վրայ անոր ազդեցութեան շուրջ: Բացի ատկէ,...

Եւրոպական Խորհրդարանի Յոյն Երեսփոխանը Պատռած Է Թուրքիոյ Թուղթէ Դրօշը

Եւրոպական Խորհրդարանի Յոյն Երեսփոխանը Պատռած Է Թուրքիոյ Թուղթէ Դրօշը

Պրիւքսելի մէջ կայացած Եւրոպական խորհրդարանի նիստի ընթացքին յոյն երեսփոխան Իոնիս Լակոս իբրեւ բողոքի նշան պատռած է Թուրքիոյ թուղթէ դրօշը: Այս մասին կը հաղորդէ թրքական «Հապերլեր» կայքը: Յոյն երեսփոխանը նիստի ժամանակ անդրադարձած է յունական կղզիներու մէջ ապաստանած գաղթականներու վիճակին եւ նշած է, որ այնտեղ Թուրքիան կրնայ ընել այն, ինչ որ կ՛ուզէ: «Չլսեցինք, որ այստեղ մէկը խօսի յոյն քաղաքացիներու վիճակին մասին: Բոլորը...

ԵԽԽՎ-ի Բիւրոն Կոչ Ուղղած Է Ազրպէյճանը  Դուրս Դնելու Մարդու Իրաւունքներու  Եւրոպական Դատարանի Կազմէն

ԵԽԽՎ-ն Պատուիրակութիւն Պիտի Ուղարկէ Ազրպէյճան` Արտակարգ Խորհրդարանական Ընտրութիւններուն Հետեւելու Համար

Եւրոպական խորհուրդի խորհրդարանական վեհաժողովի (ԵԽԽՎ) 25 հոգինոց պատուիրակութիւնը` Ֆրենք Շվապէի (Գերմանիա) գլխաւորութեամբ, փետրուարի 7-10-ին պիտի մեկնի Ազրպէյճան` ԵԱՀԿ-ի խորհրդարանական վեհաժողովի եւ ԵԱՀԿ-ի ժողովրդավարական հաստատութիւններու եւ մարդու իրաւունքներու գրասենեակի հսկիչներուն հետ միասին հետեւելու արտակարգ խորհրդարանական ընտրութիւններուն: Այս մասին կը հաղորդէ ԵԽԽՎ-ի կայքը: Նախքան 9 փետրուարին տեղի ունենալիք քուէարկութիւնը, պատուիրակութիւնը, մասնաւորաբար, հանդիպումներ պիտի ունենայ թեկնածուներու եւ քաղաքական կուսակցութիւններու ներկայացուցիչներու, ինչպէս նաեւ Ընտրական...

Page 485 of 884 1 … 484 485 486 … 884

Արխիւներ