Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Մայք Փոմփէօ շեշտեց. «Ռուսիոյ, իրանեան վարչակազմին, Հըզպալլային ու Սուրիոյ նախագահ Պաշշար Ասատի վարչակարգին գործած վայրագ արարքները ուղղակիօրէն արգելք կը հանդիսանան հիւսիսային Սուրիոյ մէջ զինադադարի հաստատման»:
Ան ընկերային ցանցի վրայ գրառումի մը ճամբով յայտնեց. «Մենք կը դատապարտենք բարբարոս յարձակումները եւ կոչ կ՛ուղղենք անմիջապէս զինադադար հաստատելու»:
Նշենք, որ Մարդկային իրաւանց սուրիական դիտարանը երկուշաբթի օր հաղորդած էր, որ թրքական զինուորական շարասիւն մը, որուն մէջ կային 12 զրահապատ մեքենաներ, եւ գումակային սարքերու զինուորներ կը փոխադրէր, Քաֆարլուսին անցքին ճամբով մուտք գործած է Սուրիա եւ ուղղուած դէպի Իտլիպի հարաւը: