Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Թուրքիան Սկսած Է Հրաժարիլ Ռուսական Կազէն

Փետրուար 19, 2020
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Ռուսական «Կազփրոմ» ընկերութեան մատակարարումները Թուրքիա 2019-ին` 2018 թուականին հետ բաղդատելով, կրճատած են 40 առ հարիւրով` ներածուող հեղուկ բնական կազի եւ Ազրպէյճանէն ներածուող կազի հաշուոյն:

Ըստ Թուրքիոյ ուժանիւթի շուկան կարգաւորող խորհուրդի տուեալներուն, 2019 թուականին Ռուսիայէն թրքական շուկայ մուտք գործած է 14,4-14,8 միլիառ խորանարդ մեթր կազ:

Թուրքիան վերջին 13 տարուան ընթացքին առաջին անգամ լքած է «Կազփրոմ»-ի մեծագոյն գնորդներու եռեակը, որուն մէջ ներկայիս կան Գերմանիան, Իտալիան եւ Աւստրիան, հակառակ անոր որ վերջինին տնտեսութիւնը երկու անգամ փոքր է թրքականէն:

Բացումը անդրանատոլական կազի խողովակաշարին, որ Կասպից ծովու «Շահ-Տենիզ» հանքավայրէն կազը կը տեղափոխէ Եւրոպա, կարելիութիւն տուած է Թուրքիոյ` 29 առ հարիւրով աւելցնելու կազի ներածումը Ազրպէյճանէն:

Ըստ փորձագէտներու տուեալներու, Թուրքիոյ կողմէ հեղուկ կազի գնումը աճած է 7 առ հարիւրով: Ատոր մատակարարման գրեթէ կէսը բաժին ինկած է Ալճերիոյ, որուն կը յաջորդեն Նիկերիան եւ Քաթարը: Միացեալ Նահանգներ Թուրքիա ուղարկած է գրեթէ մէկ միլիառ խորանարդ մեթր կազ:

Միեւնոյն ժամանակ, Ռուսիայէն եկող «Երկնագոյն հոսք» կազի խողովակաշարը թերբեռնուած եղած է մէկ երրորդով: Ատոր հզօրութիւնը կը կազմէ տարեկան 16 միլիառ խորանարդ մեթր, սակայն կազ մատակարարած է միայն 10 միլիառ չափով: «Կազփրոմ»-ը մնացեալ ծաւալները մատակարարած է «Թրանսպալքանեան միջանցք»-ի միջոցով:

Այս ընթացքին պատճառներէն մէկը կրնայ ըլլալ գինին շուրջ վէճը, որ սկսած էր չորս տարի առաջ: Ատոր պատճառը այն զեղչն էր, զոր «Կազփրոմ» տրամադրած էր թրքական ընկերութիւններուն, սակայն ետքը ուզած էր ջնջել: Կողմերը բազմիցս դիմած են դատարան, տարակարծութիւնները նոյնիսկ հասած էին նախագահներու մակարդակին:

Անցեալ տարուան ապրիլին Ռուսիոյ եւ Թուրքիոյ նախագահներ Վլատիմիր Փութին եւ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան չկարողացան լուծել տարակարծութիւնները:

Նախորդը

Գառնիի Մէջ Նշուեցաւ Փետրուարեան Ապստամբութեան Տարեդարձը

Յաջորդը

Չինաստանի Մէջ «Քորոնա» Ժահրի Տարածումը Կանխարգիլելու Համար Սկսած Են Թղթադրամներ Ոչնչացնել

RelatedPosts

Թրամփ-Փութին Հեռաձայնային Հաղորդակցութեան Ընթացքին «Մեծ Յառաջընթաց»
Միջազգային

Թրամփ-Փութին Հեռաձայնային Հաղորդակցութեան Ընթացքին «Մեծ Յառաջընթաց»

Հոկտեմբեր 18, 2025
Ուիթքոֆ. «Համաս Կազայի Մէջ Ապագայ Չունի Եւ Պէտք Է Կտրուկ Կերպով Զինաթափուի»
Միջազգային

Ուիթքոֆ. «Համաս Կազայի Մէջ Ապագայ Չունի Եւ Պէտք Է Կտրուկ Կերպով Զինաթափուի»

Հոկտեմբեր 18, 2025
Վենս. «Ո՛չ Ռուսիան, Ո՛չ Ալ Ուքրանիան Տակաւին Պատրաստ Են Խաղաղութեան Համաձայնագիր Կնքելուն»
Միջազգային

Վենս. «Ո՛չ Ռուսիան, Ո՛չ Ալ Ուքրանիան Տակաւին Պատրաստ Են Խաղաղութեան Համաձայնագիր Կնքելուն»

Հոկտեմբեր 18, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?